10 ՄԱՐՏ 2016
Մարտ 9-ին Պրիւքսէլի ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ, տեղի ունեցած է 28+1 ձեւաչափով Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանն ու պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եանս Սթոլթենպըրկը, Հիւսիսատլանտեան դաշինքի անդամ 28 երկիրներու դեսպանները, ՆԱԹՕ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ ռազմական կառոյցի ղեկավարներ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի նախագահութեամբ կայացած նիստին՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքական եւ պաշտպանական գերատեսչութիւններու ղեկավարները հանդէս եկած են ելոյթներով:
Իր խօսքին մէջ նախարար Նալպանտեան անդրադարձած է Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան տարբեր ոլորտներուն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, խաղաղապահ գործողութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան, Իրանի միջուկային ծրագիրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութեան իրագործման, սուրիական ճգնաժամին եւ անոր հետեւանքով ի յայտ եկած հարցերուն, միջազգային յարաբերութիւններու հրատապ խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումներուն:
Անդրադառնալով Հայաստան –ՆԱԹՕ յարաբերութիւններուն` Էդուարդ Նալպանտեան դրական գնահատած է Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի ծիրին մէջ հաստատուած արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը:
Նախարար Նալպանտեան նշած է, որ Հայաստան – ՆԱԹՕ ԱԳԳԾ-ի թիւով չորրորդ` 2014-2016թթ. ծրագիրը յաջողութեամբ կ՝իրականացուի, եւ շեշտած, որ շուտով պիտի մեկնարկէ 2017-2018թթ. ԱԳԳԾ մշակման միջգերատեսչական գործընթացը:
Էդուարդ Նալպանտեան Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի անդամներուն ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ կայացած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին արդիւնքները եւ անկէ բխող բարեփոխումներուն գործընթացը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է պաշտպանական համակարգին մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին, ռազմական կրթութեան բնագաւառին մէջ կարողութիւններու ընդլայնման եւ այդ ծիրին մէջ կարեւոր համարած Հայաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ համագործակցութիւնը:
Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստին ելոյթ ունեցած ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը, անդամ շուրջ մէկ տասնեակ երկիրներու ներկայացուցիչներ դրական գնահատած են Հայաստանի եւ դաշինքի միջեւ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը եւ արձանագրուած արդիւնքները:
Ելոյթ ունեցողները գոհունակութիւն յայտնած են Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի իրականացման արդիւնքներուն, Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքի, Քոսովոյի, Աֆղանիստանի, Լիբանանի մէջ խաղաղապահ գործողութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան առնչութեամբ, կարեւոր համարած են Հայաստանի մէջ իրականացուող հետեւողական բարեփոխումները:
Այնուհետեւ նախարարներ Նալպանտեան եւ Օհանեան պատասխանած են ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններու բազմաթիւ հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային զարգացումներուն, ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէն գործադրուող ջանքերուն, պաշտպանական եւ անվտանգութեան ոլորտներուն գծով Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն:
Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստէն առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանն ու Սէյրան Օհանեանը հանդիպած են ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եանս Սթոլթենպըրկի հետ:
Հանդիպման ընթացքին անոնք անդրադարձած են տարբեր ծրագիրներու ծիրին մէջ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան, մտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com