Անգարայի Մէջ Մեծ Պայթում Մը Կը Պատճառէ 34 Սպաննուած Եւ 125 Վիրաւոր

14 ՄԱՐՏ 2016

Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ մեծ պայթում մը ցնցած է Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնը:

Ըստ ԱՖՓ-ի, ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով արձանագրուած է 34 սպաննուածներ եւ 125 վիրաւորներ:

Պայթումը տեղի ունեցաւ Քիզիլայ թաղամասին մէջ` փապուղիի մը ելքին առջեւ, երբ վայրը խճողուած էր: Պայթումին պատճառով նաեւ բազմաթիւ ինքնաշարժներ հրկիզուած են:
Ankara_baytoum-aztag
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Անգարայի դատարանը վճիռ արձակած է Թուրքիոյ մէջ արգիլելու «Ֆէյսպուք» եւ «Թուիթըր» ընկերային ցանցերը` պայթումին լուսանկարներուն տարածման պատճառով:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail