ԼՂ Խնդրի Խաղաղ Հանգուցալուծման Այլընտրանք Չկայ. Նալպանտեանը` ԵԺԿ Գործընկերներուն

14 ՄԱՐՏ 2016
nalbandian-lernayin karapagh
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման այլընտրանք չկայ։ Այս մասին, Մարտ 13-ին, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասդիան Գուրցի նախաձեռնութեամբ Վիեննայի մէջ կայացած Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանակ իր ելոյթին մէջ նշած է ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանը:

ԱԳՆ տեղեկատուական բաժինի հաղորդած տեղեկութիւններով՝ հանդիպման մասնակցած են տասներկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ, ԵԺԿ նախագահ Ժոզէֆ Տոլը, Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի նախագահ Էլմար Պրոգը, Եւրոպական յանձնաժողովի յանձնակատար Եոհաննէս Հանը, ԵԺԿ բարձրաստիճան այլ ներկայացուցիչներ:

Նախարարական հանդիպման օրակարգին էին ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի, գաղթականութեան հետ կապուած խնդիրները: Քննարկումներ ծաւալած են Արեւմտեան Պալքաններու, Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ հարցերու եւ անոնց լուծման ուղիներու, Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս համագործակցութեան շուրջ:

Մասնակցելով քննարկումներուն` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան անդրադարձած է գաղթականութեան հոսքերուն եւ նշած. «Հայաստանն ապաստան է տուել Սիրիայից ժամանած շուրջ քսան հազար փախստականների` այդպիսով հանդիսանալով բնակչութեան թուի յարաբերակցութեամբ սիրիացի փախստականներ ընդունած երրորդ պետութիւնը Եւրոպայում»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ գաղթականութեան հետ կապուած խնդիրներու լուծումները փնտռելու ընթացքին՝ առաջին հերթին հարկաւոր է անդրադառնալ անոնց պատճառներուն: Այդ առումով նախարար Նալպանտեան կարեւոր համարած է ահաբեկչութեան դէմ միասնական պայքարը, սուրիական ճգնաժամի քաղաքական կարգաւորման գործընթացը:

էդուարդ Նալպանտեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ յարաբերութիւններուն, կարեւոր համարած նոր իրաւական փաստաթուղթի մշակման շուրջ մեկնարկած բանակցութիւնները` ընգծելով, որ նոր համաձայնագիրը պիտի արտացոլէ առկայ համագործակցութեան խորութիւնը եւ արձանագրուած արդիւնքները:

Հայաստանի ԱԳՆ ղեկավարը ԵԺԿ գործընկերներուն ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը` շեշտելով, որ հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման այլընտրանք չկայ:

ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail