3 մարտ 1986: Հակադաշնակցական պայքարի ծիրին մէջ ոճրագործ ու դարանակալ ձեռքերը հասան նաեւ Այնճար

11 ՄԱՐՏ 2016
Zaven-khochian
Զաւէն Թաշճեան

30 Տարի Ետք
Վ. ԽՕՇԵԱՆ
3 մարտ 1986:
Առաւօտեան ժամը 7:15:
Հակադաշնակցական պայքարի ծիրին մէջ ոճրագործ ու դարանակալ ձեռքերը հասան նաեւ Այնճար ու իր վաճառատան մէջ թիրախ ընտրեցին գիւղի եւ անոր դաշնակցական կառոյցի հեղինակաւոր ու հաւատաւոր անդամներէն ընկ. Զաւէն Թաշճեանը:
Դէպքին լուրը` իր գանկը մխրճուած գնդակէն շատ աւելի ուժգին եւ շանթային արագութեամբ տարածուեցաւ ու ցնցեց ամբողջ գիւղն ու անոր կառոյցները:

Ընկ. Զաւէնը նահատակուեցաւ, որովհետեւ ան կը մարմնաւորէր դաշնակցականի տիպարը, գերագոյն զոհողութիւն ստանձնելու պատրաստակամութեան խթանն ու գաղափարական հաւատքի եւ գործիչի կուռ վճռականութիւնը:

Ան իր կեանքով ու գործով դարձաւ հայրենասիրութեան, նուիրաբերումի, արդար գործի ու արդար վաստակի կենդանի վկայութիւնը:

Անընդմէջ ջամբեց հայրենիքի փառքը, հայ զուլալ լեզուի կարկաչը եւ Սունդուկեանի ու Լեւոն Շանթի թատերական շնորհալի ներկայացումները:

Բեմին վրայ իր կիրարկած դերասանական արուեստն ու իր մարմնաւորած տիպարները հարազատութեամբ ներկայացնելով հանդերձ, ան միա՛յն բեմին վրայ դերասան եղաւ ու իր իսկական կեանքին մէջ մերժեց սուտն ու կեղծիքը:

Լաւ հայր էր նաեւ:

Տիպար ծնողքի բոլոր յատկանիշներով օժտուած` լաւ հայր: Դաստիարակ, հոգատար ու զաւակներուն համար լայն հորիզոններ որոնող լաւ հայր:

Մէկ խօսքով, ան ուզեց համակարգել ու նուիրագործել ազգային գաղափարական ուղին, հայ մշակոյթի ջահավառումն ու տոհմիկ օճախի հասկացողութեամբ ընտանիք պահելու ըմբռնումը: Եւ յաջողեցաւ:

Բայց աւա՜ղ շուտ հեռացաւ…

Չորեքշաբթի, 5 մարտ 1986:

Այնճարի պատմութեան մէջ մեծագոյն թաղման արարողութիւնը:

Ժողովրդային խուռներամ մասնակցութեամբ Այնճարն ու լիբանանահայ գաղութը հողին յանձնեցին հայանուն, բայց նենգ գնդակի զոհ գացած նահատակ ընկերոջ մարմինը:

Հո՛ն, իր սուրբ գերեզմանին շուրջը, համախմբուած հազարաւոր հայորդիներու իւրաքանչիւրին սրտին մէջ կար կսկիծի, ընդվզումի եւ վրէժխնդրութեան զսպանակուած բազուկ մը, որ ընթերցուած դամբանականներու ոգիի ինքնահոս արտայայտութիւնը կը բնորոշէր:

Հո՛ն, այդ խորհրդաւոր պահուն, բոլորը ուխտեցին քալել նահատակ ընկերոջ ուղիով
ու շարունակել հայապահպանման եւ կազմակերպական անոր չաւարտած գործը:

Հիմա, որ 30 տարիներ անցած են արդէն, կու գանք հաշուետուութիւն կատարելու:

Մենք պիտի հաշուակցինք մենք մեզի հետ:
Մենք ինքներս ի՞նչ կրցանք իրագործել:
Մենք ո՞ւր ենք այսօր:

Ընկ. Զաւէնի կտակը եւ իր նահատակութեան առիթով մեր կատարած խոստումը որքանո՞վ արդարացուցինք:
Այսօր մենք բոլոր ժամանակներէ աւելի լրջօրէն կը դիմագրաւենք Այնճար հայաւանի ուրոյն եւ ինքնատիպ դիմագիծի պահպանման ահաւոր մարտահրաւէրը:

Այս գիւղին հողային ամբողջականութիւնն ու անոր ֆիզիքական գոյութիւնը վտանգաւոր սպառնալիքներու դէմ յանդիման կը գտնուին:

Ինչպէս ըրաւ ինք` ընկ. Զաւէնը, պատասխանատուներու յատուկ գիտակցութեամբ եւ ոճով, մենք պարտաւոր ենք կրկնելու իր օրինակը` մեր հաւատքով, կամքով ու խիղճով դիմադրելու եւ յաղթահարելու ամէն խոչընդոտ, որ արգելք է այս հայաբոյր օճախի ուռճացման եւ զարգացման:

Պիտի մերժենք ու դատապարտենք բոլոր այն երեւոյթները, որոնք, նիւթապաշտ մոլուցքի մղուած, մեր գիւղին ճակատագիրն ու հայկականութիւնը կ՛աղաւաղեն:

Ի վերջոյ հող կը նշանակէ գոյութեան կռուան, կը նշանակէ կայք հաստատելու անսասան ամրոց: Հող կը նշանակէ հայրենիք:
Ընկ. Զաւէններու անխոնջ ճիգով ու նուիրումով պահպանուած այս սքանչելի հայրենիքը չի՛ կրնար վաճառքի առարկայ հանդիսանալ:

Կը սխալին բոլոր անոնք, մանաւանդ այն հայանուն միջնորդներն ու անարիւն ոճրագործները, որոնք հողավաճառքի խիստ դատապարտելի գործառնութիւններով իրենց ժամանակաւոր դիմակներու ետին թաքնուելով արիւնոտ լումայով կ՛ուզեն փառքեր հիւսել:

Այս դժոխային երեւոյթին դէմ ամբողջ ժողովուրդը` իր միահամուռ ու հաւաքական կամքով, ձայն պիտի բարձրացնէ ու բախտորոշ կեցուածք որդեգրէ` պատրաստելով վերականգնումի եւ վերասրբագրումի յեղափոխութիւն…
Ընկ. Զաւէնի նահատակութենէն ետք պիտի չարտօնենք, որ իր քնքուշ ոճով արտասանուած «Նայիրեան դալար բարտի»-ն այլեւս գունատի, աշնանանայ ու տերեւազրկուի: Այդ բարտիին նոր ոստերը պիտի ծլարձակուին նոր սերունդներու նորանոր զոհողութիւններով…

Իր զօրեղ ձայնով Պարոյր Սեւակի «Դարակէսի հիմնը» դարձեալ ու միշտ պիտի հնչէ ու բազուկ ճօճէ` իրաւունքի ձեռքբերման ի խնդիր:

Իր կտակին եւ իր նահատակութեան ընթացքին մեր վերցուցած ուխտին յանձնառու մնալով, նաեւ պիտի աչալուրջ ձեւով հսկենք ու պահպանենք մեր երիտասարդները, զանոնք հեռու պահելով մերօրեայ սին ու խաբուսիկ մոլութիւններէն: Վերջապէս թմրամոլութիւնն ու թմրեցուցիչի գործածութիւնը աւելի քան վտանգաւոր ու ոճրային երեւոյթներ են, որոնց մագիլները դժբախտաբար թափանցած են հայկական շրջապատին մէջ:

Հո՛ս ալ ընկ. Զաւէնը` Պ. Սեւակի խօսքերով պիտի ըսէր.

«Ինչքան էլ ծանր է մանուկ թաղելը,
Մանուկ պահելը ծանր է աւելի…»:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail