12 ՄԱՐՏ 2016
Տը Միսթուրա. «Սուրիոյ Մէջ Նախագահական
Ընտրութիւնները` 18 Ամիսէն»
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրա յայտնած է. «Սուրիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 18 ամիսէն»:
Ան նշած է, որ Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը շատ կարեւոր է եւ նպաստած մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման ու բռնարարքներու դադրեցման:
Տը Միսթուրա յոյս յայտնեց, որ բանակցութիւններու առաջին հանգրուանը յանգեցնէ սուրիական նոր եւ համապարփակ կառավարութեան մը կազմութեան:
Ան յայտարարեց, որ Ժընեւի բանակցութիւններուն ծիրին մէջ առաջին հանդիպումը պիտի ունենայ երկուշաբթի օր` Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութեան հետ: Տը Միսթուրա «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է. «Աւանդաբար առաջին հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ կառավարութեան պատուիրակութեան հետ, ինչ որ տրամաբանական է այն տեսանկիւնէն, որ ՄԱԿ-ը միջազգային կազմակերպութիւն է, եւ Սուրիոյ կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի անդամ է»:
Ան նշած է, որ պատուիրակութիւնները պիտի սկսին Ժընեւ հասնիլ 11 մարտէն սկսեալ: «Բանակցութիւններու նախապատրաստութիւնները, ինչպէս ծրագրուած էր, սկսած են 9 մարտին: Մնացեալ պատուիրակութիւնները Ժընեւ պիտի հասնին 11 մարտին, 12 մարտին, հաւանաբար` 15 մարտին եւ այլն», աւելցուցած է Տը Միսթուրա:
Տը Միսթուրա չբացառեց յառաջիկային քիւրտերը եւս սուրիական բանակցութիւններուն հրաւիրելու հաւանականութիւնը` աւելցնելով, որ այդ հարցին կարեւորութեան կատարելապէս կը գիտակցին, սակայն նշեց, թէ ներկայիս այլ կողմերու բանակցութիւններուն մասնակցութեան նոր հրաւէրներ ուղղելու մասին խօսակցութիւն չկայ:
Միւս կողմէ, Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ սուրիական հողամասերու միութիւնը կարեւոր է Ռուսիոյ համար` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ դաշնակցային դրութեան որդեգրումը սուրիացիներուն վերաբերող հարց է:
ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com