Նոր Փաստաթուղթ Մը Կը Յստակացնէ, Թէ Ինչո՛ւ Տինքին Անցագիր Չէ Տրուած

14 ՄԱՐՏ 2016
hrantdinkdocument_agos
«Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի նոր դատավարութեան թղթածրար մուտք գործած փաստաթուղթերը գործուած ոճիրին կողքին կը պարզեն Թուրքիոյ պետութեան եւ մանաւանդ ոստիկանութեան ու ազգային տեղեկահաւաքի կազմակերպութեան մերձեցումները բացայայտելու առումով ուշագրաւ փաստեր:

Այդ տեսակի վաւերագրական փաստաթուղթ մը, օրինակի համար, կը բացայայտէ, թէ ինչո՛ւ Հրանդ Տինքին երկար տարիներով անցագիր չէ տրուած:

«Ակօս»-ի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքին անցագիր ստանալու դիմումները մերժուած էին մօտաւորապէս 25 տարի շարունակ: 1997-էն մնացած եւ «գաղտնի» նշանակուած փաստաթուղթի մը մէջ, բացի Հրանդ Տինքէն, մեկնաբանութիւններ կան նաեւ այդ օրերու Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի հասցէին:

«Ֆրադ (Հրանդ) Տինք անունով անձը մեր կողմէ կը հետապնդուի իր հայանպաստ գործունէութեան պատճառով: Հայերու կողմէ հրատարակուած «Ակօս» թերթի խմբագիրն է ան եւ սերտ յարաբերութիւններ ունի հայկական ազգայնական հակումներով ծանօթ` պատրիարքարանի փոխանորդ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի հետ», գրուած է Թուրքիոյ ազգային տեղեկահաւաքի կազմակերպութեան պատկանող փաստաթուղթին մէջ, որ դրուած է «Ազգային անջատողական գործունէութիւններ» թղթածրարին մէջ:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail