Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. Թուրքիոյ Կողմէ Սուրիոյ Ուղղութեամբ Ռմբակոծումները Կը Շարունակուին

14 ՄԱՐՏ 2016

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը, հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական հաշտեցման կեդրոնը Հալէպի բնակիչներէն տեղեկութիւն ստացած է, թէ քրտական ինքնապաշտպանական խումբերու դիրքերուն դէմ` Տաքնայի շրջանին մէջ ռմբակոծումները կը շարունակուին:
turkish-army1
«Ահրար Շամ» խմբաւորումը Հալէպի մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու դիրքերուն ուղղութեամբ կրակած է հրթիռային կայաններէ եւ ականանետերէ:

«Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ ուղղութեամբ ռմբակոծումները եւս կը շարունակուին», կ՛ըսուի ռուսական հաշտեցման կեդրոնին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail