Սթոքհոլմի Մէջ Քիւրտերն Ու Ասորիները Միացած Են ՀՅԴ-ի Ցոյցին` Ընդդէմ Թուրքերուն

14 ՄԱՐՏ 2016

Սթոքհոլմի մէջ Մարտ 11-ին շուէտական խորհրդարանին մօտ հակահայկական ցոյց մը տեղի ունեցած է, որուն նպատակը եղած է ժխտել 2010 թուականին շուէտական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած` Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը:

Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Շուէտի ՀՅԴ անդամ Սարգիս Տեկիրմենճեան յայտնած, որ թրքական ցոյցին հակադարձելու համար նոյն վայրին մէջ ցոյց կազմակերպած են նաեւ Շուէտի ՀՅԴ կառոյցը, ՇԵՄ-ի (Շուէդիայի Երիտասարդական միութեան) կեդրոնական վարչութիւնն ու Շուէտի հայկական ընկերակցական միութեան մարմինը` շուէտական խորհրդարանի ողջունելի որոշումին նեցուկ կանգնելու նպատակով:
sweeden-sweeden
Տեկիրմենճեան նշած է, որ ՀՅԴ-ական եւ ՇԵՄ-ի երիտասարդները իրենց մշտական եւ խանդավառ մասնակցութեամբ պատնէշ դրած են թրքական մոլեռանդ պահուածքին: Անոր խօսքով` ցոյցի ընթացքին հայ երիտասարդներուն կողքին եղած են նաեւ տասնեակ ասորի եւ քիւրտ ցուցարարներ:

Շուէտի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած` Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը Շուէտի իշխանութիւններէն կը պահանջէ գործակցիլ ՄԱԿ-ի, ԵՄ-ի եւ Թուրքիոյ հետ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ:

ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail