Անգարա Պիտի Իւրացնէ Հայերուն Պահած Գանձերուն Կէսը

15 ՄԱՐՏ 2016
ankara1-yerakouyn
Թրքական մամուլը պարբերաբար օրակարգի կը բերէ 1915-էն առաջ հայերու կամ յոյներու կողմէ՝ իրենց բնակարաններուն մէջ կամ անոնց քով թաղուած գանձերու հարց մը։ Տասնամեակներէ ի վեր, այդ գանձերը փնտռելու եւ գանձ գտնելու յոյսով հողը տակնուվրայ ընելու տրամադրութիւնը չէ աւարտած տակաւին։

Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ համացանցի վրայ հրատարակուած նոր լուրի մը համաձայն՝ գանձ փնտռելու աշխատանքը հիմա աւելի դիւրացած է, սակայն գանձ փնտռողները պէտք է արտօնութիւն ստանան իշխանութիւններէն եւ պէտք է իրենց գտած գանձին կէսը պետութեան յանձնեն։

Հաղորդուած նոր լուրին մէջ գրուած է հետեւեալը. «Անցեալին, մեր երկրին մէջ բնակող հայ եւ յոյն հայրենակիցները, պատերազմի ու գաղթի պայմաններու հետեւանքով ստիպուեցան լքելու իրենց տուները»։ Հոս, բնականաբար, խօսք չկայ աքսորին, բռնի տեղահանութեան եւ Ցեղասպանութեան մասին։

Լուրը այսպէս կը շարունակուի. «Այս մարդիկը, գաղթելու ընթացքին, դիւրին փոխադրելու նպատակով՝ իրենց ունեցած արժէքաւոր իրեղէնները ոսկիով փոխանակեցին։ Մտածելով, որ օր մը պիտի վերադառնան իրենց տուները, փոխանակ այդ ոսկիները իրենց հետ տանելու՝ նախընտրեցին զանոնք թաղել իրենց տան հողին տակ։

Հիմա հայ ու յոյն մեր հայրենակիցներուն թաղած այդ գանձերը հողին տակ կը սպասեն անտէր վիճակի մէջ։ Գանձախոյզները, որոնք կը քննեն Հայոց պատրիարքարանին արձանագրութիւնները, կ՛երթան նախկին հայաբնակ վայրերը ու քարտէսներով ճշդուած այդ շրջաններուն մէջ ամէն միջոցի կը դիմեն, որպէսզի գանձ գտնեն հողին տակը»։

ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail