Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին 2 Փետրուար 2016-ի Ծրագրային Համապարփակ Ելոյթը` Սահմանադրական Բարեփոխումներու Ուղեցոյց

15 ՄԱՐՏ 2016—-ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ԶՐՈՅՑՆԵՐ
serj1-yerakouyn
Յարութ Չէքիճեան կը գրէ.
Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու իրավիճակը քննարկող, ախտաճանաչում կատարող եւ բարեփոխումներու բազմաբնոյթ աշխատանքի ուղղութիւնն ու պետութեան բարոյական պարտաւորութիւնները սահմանող գրեթէ ամբողջական հոլովոյթի մը հաստատ եւ սպասուած նախաձեռնութեան մեկնակէտ-հիմնաքարը կարելի է նկատել նախագահին այս ելոյթը (http://www.president.am/hy/statements-and-messages/item/2016/02/12/President-Serzh-Sargsyan-meeting-Constitution-speech/):
serj1-yerakouyn1
Նախագահ Սարգսեան ներկայ իրավիճակը կը բնորոշէ` «Անհաւասարութիւն, անարդարութիւն, անպատժելիութիւն, հիասթափուած ժողովուրդ, աղքատութիւն, արտագաղթ` սրանք ցանկացած պետութեան, այդ թւում Հայաստանի Հանրապետութեան համար մարտահրաւէրներ են»:

Դժուար է յօդուածով մը անդրադառնալ մասնագիտութիւն պահանջող այս ծաւալուն եւ բովանդակալից «Բարեփոխումներու ուղեցոյց»-ին, սակայն պիտի փորձեմ կարգ մը նիւթերու մասին առաջարկներ ներկայացնել, յատկապէս` աշխատանքի եւ պաշտօնէութեան վերաբերող բաժինին վերաբերեալ:

1. «Մեզնից իւրաքանչիւրի ամէնօրեայ աշխատանքից ու պահուածքից է կախուած հաւատը դէպի սեփական պետութիւնը»: «…Մեզ պէտք է ցանկացած հանրային նշանակութեան հարց սեփական բարօրութիւնից հարիւր անգամ բարձր գնահատող հանրային ծառայող»: «… Մեր երկրին պէտք են ոչ թէ այս կամ այն ծրագրի չկայանալը հիմնաւորող պաշտօնեաներ, այլ` ամէն գնով այդ ծրագրերն իրականացնողչինովնիկներ (պետական պաշտօնեաներ)»: «… Անել այն, ինչ կարողանում ենք, անել այնքան, որքան կարողանում ենք` սա ոեւէ հանրային ծառայողի համար չի կարող արդարացում լինել: Հանրային ծառայութիւնում պէտք է ընդգրկուեն մարդիկ, ովքեր ունակ են անելու այն, ինչն անհրաժեշտ է»: (Այս եւ յաջորդող ընդգծումները` իմս Յ. Չ.):

«Մեր խնդիրների լուծումը մեզնից դուրս պէտք չէ փնտռել: Այո՛, մենք ենք տէրը մեր երկրի, մենք ենք տէրը մեր խնդիրների, եւ մենք ենք լուծողը այդ խնդիրների»: «… Մեզնից իւրաքանչիւրը, ինչպիսին որ ուզում է տեսնել իր շրջապատը, իր ընտանիքը, իր ընկերներին, իր հասարակութիւնն ու պետութիւնը, առաջին հերթին ինքն է պարտաւոր այդպիսին լինել»: «… Թերահաւատութեամբ տոգորուած մարդիկ տեղ չունեն իշխանութեան մէջ»: «… Իրենց ուժերի նկատմամբ վստահութիւն չունեցող մարդիկ տեղ չունեն իշխանութեան մէջ»: «…Գործը թողած եւ ուրիշների մասին անընդհատ պատերի տակ խօսացող մարդիկ տեղ չունեն մեր իշխանութեան մէջ»: «…Մեզնից իւրաքանչիւրի ամէնօրեայ աշխատանքից ու պահուածքից է կախուած հաւատը դէպի սեփական պետութիւնը»:

«Մեր ժողովրդին բնորոշ են ռազմական խիզախութիւնը, հաւատարմութիւնը, հիւրընկալութիւնն ու բարութիւնը: Իսկ կաշառակերութիւնը, գողութիւնը, մտաւոր եւ հոգեւոր ծուլութիւնը ժամանակի ընթացքում ներմուծած արատներ են, որոնցից հետեւողականօրէն պէտք է ազատուել: Ասել եմ եւ էլի եմ ասում` բարեկեցութեան աղբիւրը աշխատանքն է»:

Վերեւ յիշուած ախտաճանաչումները ընդհանրապէս բարոյականութեան, արժանիքներու համակարգի եւ ազգային-կրօնական դաստիարակութեան ու քաղաքացիական կրթութեան հարցեր են, որոնք կ՛առնչուին անհատին գործի ասպարէզին նկատմամբ հաւատարմութեան, պատիւին, կոչումին, հմտութեան, կորովին, կատարեալին ձգտելու բծախնդրութեան, մասնագիտութեան հանդէպ նախանձախնդրութեան, արժանապատուութեան, խիղճին, բաւարարութեան զգացումին, բարելաւումի ձգտումին եւ արդար աշխատանք կատարած ըլլալու գոհունակութեան ու հպարտութեան զգացումներուն` անկախ նիւթական վարձատրութեան գումարէն եւ անոր արժէքէն:

Առաջին առաջարկս. վերեւ յիշուած արժանիքները անհատին մէջ լաւագոյնս կը զարգանան` սկսելով փոքր հասակէն հանրային ծառայութիւն կատարելով կամաւոր աշխատանքի միջոցով, իրերօգնութեան ոգին զարգացնելով, առանց նիւթական կամ այլ տեսակի ակնկալութեան, որ կը հանդիսանայ սփիւռքի կազմակերպութիւններուն յաջողութեան հիմքը:

Զանազան մարզերու մէջ անվճար ծառայութեան միջոցով հանրային հաւաքական աշխատանք իրականացնելու գործը, կատարումը, գոհացումը, փորձառութիւնը կ՛ազնուացնեն հոգին, որ հետագային իբրեւ վճարովի հանրային ծառայող անձը կը մղէ աւելի գիտակից եւ աշխուժ վարքագիծի` նպատակ ունենալով քաղաքացիին օգտակար հանդիսանալ: ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումը իր դաւանանքով լաւագոյն օրինակներէն կարելի է նկատել այս մշակոյթին:

Կամաւոր աշխատանքը ընդհանրացած չէ հայրենիքին մէջ, նոյնիսկ ոմանք կը զարմանան սփիւռքի մէջ կամաւոր աշխատանքի տարողութեան, մինչ ընդհանրապէս անհատին մօտ անհոգութեան մթնոլորտ կը տիրէ` յանձնառութեան պակաս,  հանրային քաղաքացիական հարցերու պարագային` «Ինչուս պէտք», «Ուրիշը թող ընէ», «Ե՞ս պիտի շտկեմ երկիրը», «…Իմ շահս ի՞նչ է», եւ այլն պատճառաբանութեամբ:

Դպրոցական եւ համալսարանական ծրագիրներուն մէջ հանրային ծառայութիւնը պէտք է ներառել իբրեւ պարտադիր աշխատանք` վարժեցնելով անհատը հայրենիքին անվճար ծառայութեան ու անկէ բխող հոգեկան գոհունակութեան: Շրջապատի մաքրութիւն եւ ծառատնկում դասական հանրային ծառայութիւններ են, սակայն հոն, ուր մարդուժի պակաս կայ, պէտք է ծրագրել մարդասիրական եւ կարելի բոլոր բնագաւառները ընդգրկող հայրենիքի ծառայութիւն, հաւաքական աշխատանքով ծրագիրներ ամբողջացնել, մանաւանդ` մայրաքաղաքէն դուրս: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2016 տարին յայտարարեց «Ծառայութեան տարի»:
9-11-2004-ին ընդունուած, եւ ապա քանի մը անգամ բարեփոխուած 266 յօդուածներով «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՕՐԷՆՍԳԻՐՔ»-ի (http://www.parliament.am/legislation.php?sel=show&ID=2131#3.17) հինգերորդ գլուխի 37-րդ յօդուածը` «Աշխատանքային իրաւունքների իրականացումը եւ պարտականութիւնների կատարումը» բաժինով կ՛ըսէ.
1. «Գործատուները, աշխատողները եւ նրանց ներկայացուցիչներն իրենց իրաւունքներն իրականացնելիս եւ պարտականութիւնները կատարելիս պարտաւոր են պահպանել օրէնքը, գործել բարեխիղճ եւ ողջամիտ: Աշխատանքային իրաւունքների չարաշահումն արգելւում է:

2. Աշխատանքային իրաւունքների իրականացմամբ եւ պարտականութիւնների կատարմամբ պէտք չէ խախտուեն այլ անձանց` օրէնքներով պաշտպանուող իրաւունքներն ու շահերը»:

Խորհրդային շրջանի «չինովնիկ» բառին երկրորդ իմաստը կ՛ըսէ. «2. (փոխաբերական, արհամարհական) Ձեւական բծախնդրութեամբ` առանց իր գործի էութեան մէջ թափանցելու աշխատող պաշտօնեայ, բիւրոկրատ (դիւանակալ) (Էդուարդ Բագրատի Աղայեանի «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան 1976»):

Վերանկախացումէն ետք, խորհրդային շրջանի երկրորդ իմաստի այս յայտնի յոռի վարքագիծը, «մշակոյթը» սրբագրելու եւ վերացնելու համար ի՞նչ աշխատանք կատարուած է կամ կը կատարուի: Հանրային ծառայողները նախապէս կը հետեւի՞ն յատուկ դաստիարակչական ծրագիրներու եւ ապա` կրկնուող վերաորակաւորման համապարփակ աշխատանոցներու:
serj1yerakouyn2
Երկրորդ առաջարկս պիտի ըլլայ «պետական պաշտօնեայ» եզրը փոխարինել արդէն օգտագործուող «հանրային ծառայող» եզրով, որ ինքնին «չինովնիկի յոռի մշակոյթ»-ի ոչնչացման առաջին քայլը կը հանդիսանայ: Իր առաքելութիւնը հանրութեան ծառայել է եւ ոչ թէ հեղինակութիւն օգտագործելով` քմահաճօրէն իշխանութիւն խաղալ:

Երրորդ առաջարկս գիտական է, որ կ՛ենթադրէ աշխարհագրական տուեալի մը սրբագրութիւնը, Հայաստանի ժամը, Կրինիչին համեմատած, պէտք է ըլլայ +3 եւ ոչ թէ +4 ինչպէս որ է ներկայիս: Երեւանը կը գտնուի զերօ ուղղահայեացէն 44 աստիճան եւ 30՛ դէպի արեւելք, իսկ իւրաքանչիւր 15 աստիճան կը համապատասխանէ մէկ ժամի, ուրեմն Երեւանը Կրինիչէն միայն 3 ժամ առաջ պէտք է ըլլայ:

Չորրորդ առաջարկս. Հայաստանի մէջ աշխատանքային պաշտօնական ժամը պէտք է ըլլայ 8:00-17:00, ինչպէս որ է ընդհանրապէս ճարտարարուեստական զարգացած երկիրներուն մէջ, որ ճշդուած է արեւածագի եւ մարդկային մարմնի ներքին` կենսաբանական «ժամացոյց»-ին հետ, նկատի առնելով արդիւնաբերութեան լաւագոյն ժամանակամիջոցը:

Կարգ մը երկիրներ «Ամառնային ժամանակացոյց» կը կիրարկեն` քանի մը ամիս ժամացոյցը մէկ ժամ առաջ տանելով, Հայաստանը ներկայիս մնայուն կերպով «Ամառնային ժամանակացոյց»-ի մէջ կը գտնուի:

Շարունակելով նախագահին խօսքը` կը մէջբերեմ. «Գաղտնիք չէ, որ այսօր ունենք մի միջավայր, երբ համայնքի ղեկավարից սկսած մինչեւ բարձրաստիճան պաշտօնեայ չկատարած աշխատանքի համար մեղքը բարդում են վերադասի վրայ: Իշխանութեան բոլոր ճիւղերում էլ շատ մեծ տարածում ունեն «արդէն համաձայնեցուած է», «արդէն որոշուած է» արտայայտութիւնները: Ակնյայտ է, որ ակնարկն ուղղւում է մինչեւ իշխանութեան ամենաբարձր օղակ:

Սրանով, իրենց կարծիքով, երկու կարեւոր խնդիր է լուծւում.

1. Հարցի լայն քննարկման սահմանափակում, այլընտրանքային գաղափարների մերժում եւ, յաճախ, անձնապէս ձեռնտու տարբերակների անցկացում` սեփական անպարկեշտութիւնը ուրիշներին վերագրելով,

2. Պատասխանատուութեան փոխանցում դէպի «վերին օղակ»` զերծ մնալով հնարաւոր սխալների դէպքում քննադատութեան թիրախ դառնալուց:

Երկու յստակ դիտարկում ունեմ այս առիթով, որ ուզում եմ բոլորը լաւ յիշեն.

1. Նախ` «վերեւում» պատասխանատուութիւնից խուսափող եւ քննադատութիւնից վախեցող չկայ:

2. Հրապարակային քննադատութեան առարկայ չհանդիսացող պաշտօնեան բոլոր առումներով իր տեղում չէ ու այդպիսին էլ դիտարկուելու է: Ի վերջոյ ո՞ւմ է պէտք այն պաշտօնեան, որն իր գործունէութեան մասին իւրաքանչիւր հրապարակումից իրեն կորցնում է եւ ամբողջ օրը զբաղուած է այս կամ այն կայքից ու թերթից իրեն ապահովագրելով` այդ ճանապարհին օգտագործելով ցանկացած միջոց»:

«Մեզնից իւրաքանչիւրի ամէնօրեայ պարտքն է անել ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստանը կայանայ որպէս երկիր ու հասարակութիւն, որտեղ.

– Իշխանութիւնը թափանցիկ է եւ ամբողջովին վստահելի, որի նպատակը երկրի քաղաքացիների ու արտերկրում գտնուող հայորդիների ներկայ եւ ապագայ բարեկեցութիւնն է, որի անդամները հաւասարապէս հաշուետու են օրէնքի առջեւ այնպէս, ինչպէս ցանկացած քաղաքացի, եւ որի անդամները չեն ղեկավարւում անձնական շահերով,

– Արդարադատութեան համակարգը զերծ է ազդեցութիւններից, արդար է եւ անկաշառ: Օրէնսդիրը բանիմաց է եւ յարգուած: Պետական ծառայութիւնն ամենայարգի աշխատանքային ձեւն է, որովհետեւ այն հնարաւորութիւն է ընձեռում հայրենիքին ու ժողովրդին ծառայելու եւ պահանջում է բարձրագոյն մասնագիտական որակ:

«Թափանցիկութեան» կապակցութեամբ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը արդէն վերջերս աշխատանք կը տանի. ան յայտարարեց, որ համացանցի միջոցով նոյնիսկ դատական հարցերու մասին տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին:

Բարեբախտութիւն է, որ պետական կարգ մը ծառայութիւններ համակարգչային դրութեամբ կը կատարուին արդէն, մինչ հնարաւորութեան կարգով պէտք է աւելցնել մեքենականացուած ծառայութիւնները, որոնք կը նուազեցնեն հանրութեան ժամավաճառութիւնը գրասենեակներու մէջ` միեւնոյն ժամանակ արգելք հանդիսանալով կաշառակերութեան եւ փտածութեան` մեքենաներու միջոցով ելեկտրոնային վճարումներ կատարելով:

Ունինք նաեւ յառաջատար նուաճումներ` կարգ մը բնագաւառներու մէջ. օրինակ` քանի մը ամիս առաջ Հայաստան այցելող անգլիական տնտեսական պատուիրակութիւն մը հիացմունքով արտայայտուեցաւ «Աւելցուած արժէքի հարկ»-ի Հայաստանի մէջ կիրարկուող դրութեան մասին, որով արտադրութեան վերաբերող յատուկ պիտակի մը միջոցով` մեքենականացուած ձեւով վճարում կը կատարուի հարկային տեսչութեան, եւ փափաք յայտնեցին, որ նոյն դրութիւնը կիրարկեն նաեւ Անգլիոյ մէջ:

Աւարտին, խստապահանջ,  յարատեւող եւ հաստատամիտ քաղաքացին է, որ պիտի բարելաւէ հայրենիքը, ան իշխանութեան մէջ ըլլայ թէ ոչ, ամրապնդուած` հայու վայել բարոյական բարձր արժանիքներով: Բարի՛ երթ:

ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail