Ինչո՞ւ Փութին Կը Հրահանգէ Ռուսական Օդուժի Գլխաւոր Մասը Դուրս Բերել Սուրիայէն

15 ՄԱՐՏ 2016
poutine_assad
Ինչո՞ւ Փութին կը հրահանգէ ռուսական օդուժի գլխաւոր մասը դուրս բերել Սուրիայէն։ Այս մասին որոշ պարզաբանումներ կը ներկայացնէ արաբական «Ալ Տիար» լրատուական կայքը։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի փոխանցմամբ «Ալ Տիար»-ի վերլուծաբանը կը յայտնէ, որ
Առաջին՝ ի սկզբանէ Փութինը Ռուսական օդուժը Սուրիա մտցուցած էր չորս ամիս ժամկէտով, որ հասաւ իր աւարտին:

Երկրորդ՝ ռուսական օդուժի դուրս բերելը կը համընկնի Ժընեւի մէջ սկսած Սուրիոյ խնդիրներու հետ կապուած բանակցութիւններուն եւ Ռուսիան, որ մեծ աշխատանք տարած էր այս բանակցութիւնները իրականացնելու համար, մտածեց որ ռուսական օդուժին Սուրիա մնալը կրնայ որոշ բացասական ազդեցութիւն ունենալ այդ բանակցութիւններու ընթացքին վրայ։

Երրորդ՝ Ռուսիոյ նախագահը կը համարէ,  որ օդուժի Սուրիա մուտք գործելը ծառայեց Պաշշար Ասատի վարչակարգը չտապալուելու իր նպատակին։

Չորրորդ՝ ռուսական օդուժի Սուրիա մնալը ծախսալից է Ռուսաստանի համար, վերջինս 2009 թուականէն, երբ քարիւղի սակագինը իջնելու պատճառով տնտեսական ճգնաժամի մէջ է։

Հինգերորդ՝ Ռուսական օդուժին Սուրիոյ մէջ մնալը լարուած մթնոլորտը աւելի կը լարէ։

ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail