Խմբագրական. Զարգացնել Եւ Ամրակայել Համակարգերը. Ընելի՛ք Ունի Լիբանանահայութիւնը

15 ՄԱՐՏ 2016
free-artsakh-welcomes-you_yerakouyn
Այսօր լիբանանահայութիւնը կը տօնակատարէ արցախեան ազատամարտի 28-ամեակը: Եւ պատահական չէ, որ յատուկ տարողութիւն կը ստանայ սփիւռքեան այս միջավայրին մէջ այս տարուան նշումը:

Նախ այն պատճառով, որ տարին յոբելենական է համայն հայութեան համար թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութեանց հիմնադրութեան 25-ամեակին առումով:

Ուրեմն ազատամարտի հերթական նշումը այս տարի անպայմանօրէն կը կապուի Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակին հետ, որ իր հերթին, օրին յատուկ ընդգծումներով կը նշուի անպայման:

Միջավայրի իւրայատկութիւնը եւ սփիւռքի տարբեր շրջաններէն առանձնացուող այս նշումը յոբելենական տարիէն անկախ անշրջանցելի հիմնաւորումներ ունի, որոնց նկատառումով նաեւ կը բացատրուի Արցախի Հանրապետութեան վարչապետին մասնակցութիւնը այս կարեւոր նշումին:

Երբ հնչեց Արցախի ազատամարտի կազմակերպման պահը, սփիւռքէն դարձեալ այ՛ս միջավայրն էր առաջին արձագանգողը. փութացողը արցախցի ժողովուրդին հետ կանգնելու, միեւնոյն խրամատներուն մէջ կողք – կողքի ըլլալու, Շուշիի ազատագրութեան ճիշդ նախօրեակին Լիսագորի մէջ, թէ Մարտունիի ռազմադաշտերուն վրայ նահատակուելու փաստացի օրինակներ տալու:

Այս բոլորը պատումներ չեն. անմիջականօրէն մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ պահերուն, գուցէ նաեւ պատմութեան ընթացքի հուն փոխած կարեւորագոյն հանգրուաններուն կայացումներն են, որոնց գործընթացներուն մասնակից էր լիբանանահայութիւնը:

Ազատամարտը ազատագրում էր. ազատագրումը` անվտանգութեան երաշխաւորում. անվտանգութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման երաշխիք. ու տակաւին` երկու հայկական հանրապետութիւններու ամրակայում: Արցախի ազատագրումն էր այս բոլոր գործընթացներուն հիմքը, մեկնակէտը, հուն ճշդող ելակէտը:

Այնուհետեւ, Արցախի զարգացման համար կազմակերպուած համահայկական նուիրահաւաքներու այս գաղութին նկատելի մասնակցութիւնը, ուսանողական, երիտասարդական թէ պատանեկան խումբերու տասնամեակներու վրայ երկարող գործուղումները, արցախցի ժողովուրդին հետ նոյնանալով դպրոցներու, մշակութային տուներու կառուցման աշխատանքներուն ուղղակի շինարարական աշխատանքներով մասնակցութիւնը, զօրանոցներու մէջ կազմակերպուող բանակումներու մեծաթիւ ներկայութիւնը, հասնելու համար մինչեւ քաղաքական թէ բնակեցման աշխատանքներ` լիբանանահայութիւնը գործնական մասնակցութեան առաջին հորիզոնականները գրաւեց:

Ու տակաւին քաղաքական այն լուռ ու հետեւողական աշխատանքը, որ այս երկրին մէջ չէզոքացուց արցախեան հակամարտութեան էութիւնը աղաւաղելու Պաքուի միջնորդաւորուած քարոզչաքաղաքական գործողութիւնները, երբ այս կամ այն առիթով Խոջալուն կը փորձուէր ներկայացուիլ իբրեւ «ցեղասպանութիւն», երբ ստուեր կը ձգուէր սումկայիթեան եղեռնագործութեան վրայ, եւ մանաւանդ, երբ կրօնական գունաւորում կը տրուէր հակամարտութեան` հայ եւ տեղւոյն իսլամ ազգաբնակչութիւնները հակադրելու նկրտումներով:

Աւելի՛ն. այն չյայտարարուած աշխատանքը, որ իսլամական վեհաժողովներուն այս երկրին ներկայացուցիչը կը մղէր կա՛մ չմասնակցելու, կա՛մ առաւելագոյն պարագային ձեռնպահ մնալու Պաքուի առաջադրած հակահայ բանաձեւերու քուէարկութեան ընթացքին: Եւ պարզ էր. ինչպէս ամէն տեղ, այստեղ եւս, խնդիրը ոչ թէ լիբանանահայութիւն – Պաքու քարոզչաքաղաքական պատերազմին մասին էր, այլ լիբանանահայութիւն ընդդէմ Պաքու – Անգարա միացեալ քարոզչամեքենային:

Լիբանանահայ տեղեկատուամեքենան սակայն, ոչ միայն հակազդեց իւրաքանչիւր յերիւրանքի, իւրաքանչիւր սպրդումի լիբանանեան մամուլին մէջ, այլ յաճախ նախաձեռնողականութիւն ցոյց տուաւ` հարցերը ճիշդ բնութագրելու եւ ճիշդ լուսաբանելու առումով: Հետեւողական ադ աշխատանքներուն մէջ էր, որ համաարաբական արբանեակային հեռարձակում ունեցող հաղորդումը ոչ միայն արցախեան պայքարին ճիշդ շեշտադրումները լուսարձակի տակ բերաւ, այլ նաեւ արծարծեց Ազրպէյճանին արուեստական, շինծու պետութիւն ու երկիր ըլլալու իրողութիւնը:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի լիբանանի համագաղութային մարմնի հետեւողական եւ տենդագին աշխատանքներով նկատառելի ներդրում կատարուեցաւ հիւսիս_հարաւ մայրուղիի կառուցման մեծ գործին, նորոգուեցան կրթական օճախներ, հաստատուեցան ենթակառուցուածքային ամբողջ համակարգեր. այս բոլոր աշխատանքներուն յատկանիշը եղաւ այն, որ լիբանանահյութիւնը համակարգուած, միասնական կառոյցով Հայաստանի հիմնադրամի հիմնադրութեան առաջին օրերէն սկսեալ հետեւողականօրէն կը շարունակէ իր ներդրումը ունենալ հայրենաշինական աշխատանքներուն։

Տակաւի՛ն. «Արցախ ֆոնտ»-ն ու ԱՌԻ-ն կը շարունակեն համաարցախեան առումով նկատուիլ վերաբնակեցման ծրագիրներուն սփիւռքեան մասնակցութեան ամէնէն նկատելի աշխատանքները` ընդգծելով պատերազմէն ետք խաղաղութիւնը ամրակայելու առաջնային ուղղութեան գործնականացման կարեւորագոյն փաստերը` արցախցիին կենսակերպի բարօրութեան ձգտող միջոցներ ապահովելով եւ ոչ միայն բնակարաններ, այլ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախին կապող ռազմավարական տարածքներու վրայ ամբողջ աւան կառուցելով: Համահայկական ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող նախաձեռնութիւնները կը համալրուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աջակցութեամբ կառուցուած Նոր Կիլիկիայով` արցախեան հողին վրայ:

Այսօր Պաքուն ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ, ռազմական պիւտճէի ուռճացման միտումներով որդեգրած է շփման գիծերն ու պետական սահմանները անհանգիստ պահելու մարտավարութիւն: Որդեգրած է բանակցային գործընթացի ձեւաչափը փոխելու դիւանագիտութիւն: Որդեգրած է ապատեղեկատուական գործողութիւններու շղթայազերծման մօտեցում:

Երեք ուղղութիւններն ալ  դատապարտուած են բացարձակ տապալումի: Իրավիճակի գնահատման նորագոյն բանաձեւերը ամփոփուած են բարեփոխուած սահմանադրութեան կենսագործման ուղիները ցոյց տուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ելոյթին եւ անոր հետեւած ՀՀԿ-ՀՅԴ համագործակցութեան համաձայնագիրին մէջ:

«Մենք պէտք է համակերպուենք այն մտքին, որ Մարտակերտից եւ Մարտունուց դէպի արեւելք եւ Գիւմրուցու Արմաւիրից արեւմուտք մենք որեւէ իսկական գործընկեր չունենք: Մինչեւ հիմա ապրել ենք առանց նրանց` ապահովելով զարգացման աւելի կամ պակաս կշռոյթ: Համարենք, որ այնտեղ անյատակ ու անանցանելի ճահիճ է»: Կ՛ընդգծէր նախագահ Սարգսեան:

Իսկ Համագործակցութեան համաձայնագիրը Արցախի մասով կը յայտնէր.
«Զարգացնել եւ ամրապնդել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութեան համակարգերը»:

Պաշտօնական Պաքուն իր ռազմական թէ քաղաքական հաստատութիւններով պիտի շարունակէ ճահիճի մէջ պահել իր երկիրը: Հայկական կողմը պիտի շարունակէ զարգացնել եւ ամրապնդել Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն անվտանգութեան համակարգերը: Որուն համար սփիւռքը եւս ընելիք ունի. Որուն համար ընելիք ունեցած է եւ պիտի շարունակէ ունենալ լիբանանահայութիւնը:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail