«Եթէ Բանակցութիւնները Ձախողին, Հարցը Պիտի Յանձնենք Ապահովութեան Խորհուրդին» Ըսաւ Տը Միսթուրա

15 ՄԱՐՏ 2016
De-Mistura_aztag2
Տը Միսթուրա

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Ժընեւի մէջ բանակցութիւններու նոր փուլի նախաձեռնումին նախօրեակին յայտնեց, որ «Խաղաղութիւն հաստատել ջանացողները վճռական են ու կը շարունակեն իրենց աշխատանքը Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակին ճամբով»` նշելով. «Եթէ բանակցելու փափաք չնշմարենք, ապա սուրիական հարցը պիտի յանձնենք Ապահովութեան խորհուրդին»:

«Մեզի համար առաքելութիւնը այն է, որ բանակցութիւնները ըլլան համապարփակ եւ սուրիական բոլոր կողմերը համախմբող», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Նախապայմաններ պիտի չըլլան, այլ մերձեցման առիթներու ստեղծման ջանքեր»:
«Բանակցութիւններուն մասնակից պիտի դառնան բոլոր կողմերը, եւ պէտք է բոլոր սուրիացիներուն առիթ ընծայել իրենց ձայնը լսելի դարձնելու», յայտնեց տը Միսթուրա:

«Կարգ մը խանգարողներ փորձեցին տապալել բանակցութիւնները, սակայն մեր ամբողջ ուժով պիտի նպաստենք անոնց կայացման», ըսաւ միջազգային պատուիրակը` աւելցնելով. «Ժընեւի բանակցութիւններուն յաջողութեան այլընտրանքը պիտի ըլլայ զինեալ տագնապին վերադառնալը»:

Միւս կողմէ, միջսուրիական բանակցութիւններուն քաջածանօթ աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնած է, որ քիւրտերը կրնան Ժընեւի բանակցութիւններուն հրաւիրուիլ մինչեւ երէկ սկսած պաշտօնական փուլի վերջը:

«Ռուսերը եւ ամերիկացիները արդէն համաձայնութիւն գոյացուցած են Ժընեւի բանակցութիւններուն քիւրտերու մասնակցութեան շուրջ: Տը Միսթուրա պաշտօնեայ է եւ պէտք է կատարէ կողմերու ցանկութիւնն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը», յայտնած է աղբիւրը, ըստ որուն, քիւրտերը «պիտի հրաւիրուին մինչեւ այս փուլի վերջը»:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail