Խմբագրական «Գանձասար»-ի . Մարտ Ա.- Քաղաքացիական Պարտաւորութիւն Եւ Իրաւունք

15 ՄԱՐՏ 2016
LOUSAVOR AVEDIS 3
Անկախ սուրիական տագնապի զարգացումներէն, անցնող հինգ տարիներուն երկրի պետական կառոյցներու գոյատեւումը Սուրիոյ պահպանման հիմնական պատուանդանը հանդիսացաւ:

Ու թէեւ տուժեց երկրի տնտեսութիւնը, կանգ առաւ յառաջդիմութեան անիւը ընդհանրապէս ու համարեա՛ աւերակ դարձան Սուրիոյ շարք մը քաղաքներ, այնուամենայնիւ պետական կառավարման մեքենան կայուն մնաց:

Սուրիական բանակն ու պետութիւնը զուգահեռաբար պայքարեցան ու կը շարունակեն պայքարիլ` կանգուն պահելու Սուրիան:
Ներքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման կողքին, Սուրիոյ պետութիւնը տագնապի լուծման առնչուող արտաքին, յարաբերական աշխատանքները շարունակեց միեւնոյն վճռակամութեամբ: Զինադադարի յաջողութեան մէջ փաստօրէն մեծ դեր ունեցան արտաքին, յարաբերական աշխատանքներն ու սուրիական կողմին տագնապին սկիզբէն իսկ վարած կայուն, հեռանկարային քաղաքականութիւնը:

13 ապրիլ 2016-ին տեղի պիտի ունենան Սուրիոյ խորհրդարանական օրէնսդրական երկրորդ նստաշրջանի ընտրութիւնները:

Պետական ներկայացուցիչներու հաստատումով, ընտրութիւնները կ՛արտացոլացնեն Սուրիոյ սահմանադրութեան տրամադրութիւնները եւ ուղղակիօրէն չեն առնչուիր սուրիական տագնապի լուծման ուղղուած միջազգային ջանքերուն: Իսկ Սուրիոյ պետութիւնը բնականաբար պիտի չարտօնէր տագնապին պատճառով որեւէ բացթողում արձանագրել պետական համակարգի գոյատեւումը երաշխաւորող կառոյցներու գործունէութեան մէջ:

Այս պարագային,  խորհրդարանի ընտրութեան յաջողութիւնը էական է պետական կառոյցի պահպանման գործընթացին մէջ, նկատի ունենալով, որ խորհրդարանը պետութեան ամենակարեւոր բաղադրամասերէն մէկն է:

Բնականաբար, սակայն, խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջողութիւնը պիտի ամրագրէ սուրիական պետութեան դիրքը նաեւ յառաջիկայ բանակցութիւններու ընթացքին: Փաստօրէն Սուրիոյ ժողովուրդի նկատառելի համեմատութեան մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն անգամ մը եւս պիտի վկայէ, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը վստահութեան իր քուէն կու տայ իր ձայնին թարգմանը հանդիսացող Սուրիոյ խորհրդարանին ու ինք կ՛որոշէ երկրին ճակատագիրը:

Սա արտաքին միջամտութիւնները հրահրել փորձող բոլոր երկիրներուն ուղղուած անուղղակի պատգամ մըն է` հաստատելու, որ սուրիական տագնապը միջսուրիական ջանքերով լուծելու տարբերակը այլընտրանք չունի, եւ Սուրիոյ ժողովուրդը հաստատակամ է իր ապագան ի՛ր ճիգերով կերտելու որոշումին մէջ:

Խորհրդարանական ընտրութիւններու մասնակցութիւնը քաղաքացիական պարտաւորութիւն եւ իրաւունք է ինչպէս Սուրիոյ ողջ ժողովուրդին, այնպէս ալ հայ համայնքին համար:

Այս իմաստով հայ համայնքը ընտրութիւններուն մասնակցութեամբ անգամ մը եւս պիտի հաստատէ, որ անբաժան մասնիկն է սուրիական ընկերութեան ու յաղթահարելով իր դիմագրաւած դժուարութիւնները` ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր պարտաւորութիւնները կատարելու, միաժամանակ իր իրաւունքները պաշտպանուած տեսնելու վերակառուցուող Սուրիոյ մէջ:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail