15 ՄԱՐՏ 2016
Սողոմոն Թեհլիրեան
Այսօր կը լրանայ հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի սպանութեան 95-ամեակը:
1921 թուականի Մարտ 15-ին Թեհլիրեան կը մասնակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Նեմեսիս» գործողութեան` Պեռլինի Շառլոթենպուրկ թաղամասի Հարտենպերկ փողոցին մէջ գնդակահարելով երիտթուրքերու ներքին գործոց նախարար եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան:
Երկուսուկէս ամիս անց դատարանին մէջ գերմանացի փաստաբան դոկտոր Տիմայըրը իր պաշտպանական ճառին մէջ կ՛ըսէր. «Սողոմոն Թելերեան ինքը չէր, որ փողոց կ’իջնէր Թալէաթ փաշան սպաննելու, իր մէջ կ’իջնէին դարերը, միլիոնաւոր սպանուածները: Ան, կարելի է ըսել, կը տանէր իր առջեւ դրօշակը խոշտանգուածներուն, դրօշակը իր լլկուած ընտանիքին»:
Դատավարութեան ժամանակ Թեհլիրեան կ՛ըսէ. «Այո՛, ես մարդ սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ»:
Թեհլիրեանի դատավարութեան արդիւնքներուն սրտատրոփ հետեւած է համաշխարհային հանրութիւնը: Գերմանական դատարանը Թեհլիրեանը անմեղ ճանչցած է` «Արդեօք Թեհլիրեանը մարդ սպաննա՞ծ է» հարցումն տալով «Ոչ»՛ պատասխանը:
ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com