15 Մարտ 1921. Թալէաթի ահաբեկումը. Մինչեւ որ խոնարհի հայասպան թուրք պետութիւնը

Արեւմտահայերէն Լրատուական Կայք «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Երեքշաբթի, 15 Մարտ 2016 —Յուշատետր
soghomon-AZADOR
­Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան

Մարտ 15ը կը խորհր­դան­շէ Ար­դա­րա­հա­տուց­ման Օ­րը հա­յոց ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ։

95 տա­րի ա­ռաջ, ­Մարտ 15ին, ­Պեր­լի­նի ­Չար­լո­թըն­պըրկ թա­ղին մէջ, օր-ցե­րե­կով, ­Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեան ա­նու­նով 25ա­մեայ հայ ե­րի­տա­սարդ մը ա­հա­բե­կեց ­Մեհ­մեթ ­Թա­լէաթ փա­շան՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան եր­բեմ­նի վար­չա­պե­տը՝ գոր­ծադ­րե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կե­լու ար­դար դա­տավ­ճի­ռը։

Եւ ա­մէն ­Մարտ 15ին, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, հա­յոց սե­րունդ­նե­րու շրթնե­րէն, հպար­տու­թեան եւ ո­գե­ւո­րու­թեան ան­սանձ զե­ղու­մով, բարձ­րա­ձայն կը հնչէ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան մե­ծա­գոյն ո­ճի­րին թիւ 1 պա­տաս­խա­նա­տո­ւին՝ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման նո­ւի­րո­ւած ժո­ղովր­դա­յին սրտա­բուխ «­Գի­նի լից» եր­գը.

Աշ­խարհ պա­տեց հա­յի ա­հը, 
Գե­տին ըն­կաւ թուր­քի գա­հը,
Քեզ պատ­մեմ ­Թա­լէա­թին մա­հը,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:
Դաշ­նակ­ցու­թիւն ժո­ղով ա­րեց,
Շուն ­Թա­լէա­թին մահ ո­րո­շեց,
Թեհ­լի­րեա­նի բախ­տը բա­ցո­ւեց,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:
Թա­լէաթ փա­շան փա­խաւ ­Պեր­լին,
Թեհ­լի­րեա­նը հա­սաւ ե­տին
Զար­կաւ ճակ­տին, փռեց գե­տին,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից, 
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:
Շուն ­Թա­լէա­թին գցին հո­րը,
Լուր ղրկե­ցին պոռ­նիկ մօ­րը,
Կեց­ցէ հա­յոց կա­մա­ւո­րը,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:
Յի­շա­տակդ միշտ փա­ռա­ւոր,
Շի­րի­միդ լոյս Ք­րիս­տա­փոր,
Մա­յիս 28 շնոր­հա­ւոր,
Գի­նի լից, ըն­կեր ջան, գի­նի լից,
Խ­մո­ղաց ա­նուշ:

Այս­պէ՛ս, 15 ­Մարտ 1921ին ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ «­Ցե­ղաս­պան ­Թուր­քը» խորհր­դան­շող Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան Իթ­թի­հա­տա­կան վար­չա­պետ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մը, որ խորհր­դան­շեց ար­դա­րա­դատ մա­հա­պա­տի­ժը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ծրագ­րած եւ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րած Ոճ­րա­գործ­նե­րուն։

Ար­դա­րա­հա­տուց­ման այս պատ­մա­կան քայ­լը միա­ժա­մա­նակ խորհր­դան­շեց մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

Ինչ­պէս Իթ­թի­հա­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րը, նոյն­պէս եւ ­Թա­լէաթ ­Պոլի­սէն փա­խուստ տո­ւած էր՝ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին՝ չա­րա­չար պար­տու­թիւն կրած թրքա­կան պե­տու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար անձ­նա­պէս հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան կան­չո­ւե­լու եւ դա­տո­ւե­լու ան­խու­սա­փե­լի պար­տա­ւո­րու­թե­նէն… խու­սա­փե­լու փոր­ձով։

Թա­լէաթ հաս­տա­տո­ւած էր ­Պեր­լի­նի ­Չար­լո­թըն­պըրկ թա­ղը, ծպտո­ւած էր ու ինք­նա­թուղթ փո­խած, որ­պէս­զի ոչ ոք գտնէր իր թագս­տո­ցը եւ ինք կա­րե­նար այդ­պէ՛ս, օ­րէն­քէ եւ ար­դա­րա­դա­տու­թե­նէ խոյս տո­ւած, «վա­յե­լել» իր յան­ցա­գործ կեան­քին մե­ղա­ւոր պտուղ­նե­րը։
Մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ ­Թա­լէաթ թե­րեւս կա­րե­նար խու­սա­փիլ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու եւ մին­չեւ իսկ իր կոր­ծա­նա­րար իշ­խա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով ծանր կո­րուստ կրած թուր­քե­րու հե­տապն­դում­նե­րէն կամ «ար­դա­րա­դա­տու­թե­նէն»։

­Բայց ­Թա­լէա­թի ձեռ­քե­րուն վրայ մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­րիւն կար եւ դեռ չէր չոր­ցած բիւ­րա­ւոր հայ նա­հա­տակ­նե­րու՝ հայ մայ­րե­րու եւ ե­րե­խա­նե­րու, հայ կոյ­սե­րու եւ ա­լե­հեր­նե­րու ա­րիւ­նը։

Եւ յա­նուն հայ ժո­ղո­վուր­դին ու մէ­կու­կէս մի­լիոն մեր նա­հա­տակ­նե­րուն՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ո­րո­շեց մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կել ­Մեծ Ե­ղեռ­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։ ­Հե­տապն­դեց ու գտաւ պեր­լի­նեան թագս­տո­ցը ­Թա­լէա­թին։ Եւ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նը ու­ղար­կեց ­Պեր­լին, որ­պէս­զի հրէ­շի թագս­տոց-բնա­կա­րա­նին առ­ջեւ գե­տին փռէ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան թիւ 1 յան­ցա­գոր­ծը։

Ար­մէն ­Գա­րո­յի եւ ­Շա­հան ­Նա­թա­լիի գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մո­ւե­ցաւ յա­տուկ ­Պա­տաս­խա­նա­տու ­Մար­մին՝ ծրագ­րե­լու, կազ­մա­կեր­պե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու հա­մար ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մը։ ­Կեանք ա­ռաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ա­հա­բե­կե­լու «­Նե­մե­սիս» (յու­նա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան Վ­րէ­ժի չաս­տո­ւա­ծին ա­նո­ւան հե­տե­ւո­ղու­թեամբ) գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։ Իսկ ­Թա­լէաթ փա­շան մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կե­լու ար­դար դա­տավ­ճի­ռին ի­րա­գոր­ծու­մը յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ մինչ այդ ան­ծա­նօթ ե­րի­տա­սարդ դաշ­նակ­ցա­կա­նի մը՝ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի։

Ար­մէն ­Գա­րո­յի յանձ­նա­րա­րա­կա­նով՝ ­Թեհ­լի­րեան 1920ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին ու­ղե­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Ժը­նեւ, ուր­կէ ան­ցաւ ­Պեր­լին (­Գեր­մա­նիա), ի գործ դնե­լու հա­մար ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման ծրա­գի­րը։

Ջար­դա­րար պա­րագ­լու­խը՝ Ա­լի ­Սա­լէհ ­Պէյ ան­ցագ­րով ու ծպտո­ւած՝ կ­’ապ­րէր ­Պեր­լի­նի ­Հայ­տէն­պէրկ փո­ղո­ցի վրայ։ ­Թեհ­լի­րեան, իբ­րեւ ու­սա­նող, սե­նեակ մը կը վար­ձէ ­Թա­լէա­թի տան ճիշդ դի­մա­ցը, ուր­կէ տե­ւա­կան հսկո­ղու­թեան տակ կ­’առ­նէ ցե­ղաս­պան ճի­ւա­ղին շար­ժում­ներն ու կեն­ցա­ղը՝ ի­րենց յե­տին ման­րա­մաս­նու­թեամբ։

Եւ 15 ­Մարտ 1921ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին, երբ ­Թա­լէաթ իր բնա­կա­րա­նէն դուրս գա­լով կը յա­ռա­ջա­նայ մայ­թէն, ­Թեհ­լի­րեան հան­դի­պա­կաց մայ­թէն փո­ղո­ցը կը կտրէ, դէմ առ դէմ կը մօ­տե­նայ ջար­դա­րա­րին եւ ատր­ճա­նա­կի մէկ գնդա­կով գե­տին կը փռէ զայն։ Ան­ցորդ­նե­րը կը յար­ձա­կին ­Թեհ­լի­րեա­նի վրայ, կը խոշ­տան­գեն զայն՝ ա­ռանց գիտ­նա­լու, թէ ին­չո՛ւ օր-ցե­րե­կով բա­րե­համ­բոյր տես­քով այդ ե­րի­տա­սար­դը ա­հա­բե­կած եւ ան­շունչ գե­տին փռո­ւած էր ան­ծա­նօթ ան­ցոր­դը…

Ա­հա թէ ինչ­պէ՛ս կը նկա­րագ­րէ, ­Թեհ­լի­րեան ինք, հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ յա­ւեր­ժա­ցած ­Պա­հը ­Թա­լէա­թի Ա­հա­բեկ­ման.

«Ա­ռա­ւօ­տը սո­վո­րա­կա­նից շուտ ե­լայ. ա­րե­ւի շա­ղե­րը ար­դէն հա­սել էին դի­մա­ցի շէն­քի պա­տու­հա­նին: ­Հա­զիւ էի ա­ւար­տել թէյս եւ ու­զում էի բազ­կա­թո­ռը մօ­տեց­նել պա­տու­հա­նի եզ­րին, երբ յան­կարծ դի­մա­ցի շէն­քի պատշ­գա­մում տե­սայ ­Թա­լէա­թին: ­Քա­րա­ցայ. նա՞ էր ար­դեօք: Ա­յո՛… ­Նա մէկ-եր­կու քայլ ա­ռաջ ան­ցաւ, ու­շա­դիր զննեց մայ­թը, նախ՝ վեր, ա­պա՝ վար, ու կար­ծես ի՜նչ մտքե­րի ծան­րու­թեան տակ՝ գլու­խը կա­խեց: Ըստ ե­րե­ւոյ­թին թե­թեւ չէր կեան­քը, գոր­ծած ան­պա­տում ոճ­րից յե­տոյ:

Յա­մե­նայն դէպս, թէեւ ան­ցել էր հինգ-վեց տա­րի, բայց վա­խը ան­բա­ժան էր մնա­ցել նրա­նից։

Իր լայն ու­սե­րին կրում էր եր­կու հրա­պա­րա­կա­յին մա­հավ­ճիռ­ներ. ­Պոլ­սոյ Պա­տե­րազ­մա­կան Ա­տեա­նի եւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան: Ա­ռա­ջի­նը, նրա հա­մար, հա­ւա­նա­բար ու­նէր բա­րո­յա­կան նշա­նա­կու­թիւն. փո­խա­նակ վեր հա­նե­լու իր «ազ­գա­նո­ւէր, մեծ գոր­ծը, հա­րա­զատ երկ­րի մէջ հա­րա­զատ­նե­րը դա­տա­պար­տում էին նրան մա­հո­ւան, իբ­րեւ սո­վո­րա­կան ոճ­րա­գոր­ծի:

Բայց ժա­մա­նա­կը կա­րող էր այդ «թիւ­րի­մա­ցու­թիւ­նը» պար­զել. ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը կը հաս­կա­նա­յին կա­տա­րած գոր­ծի ար­ժէ­քը, ե­թէ… ե­թէ չլի­նէր Հ. Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դա­տավ­ճի­ռը: Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, չկա­րո­ղա­ցաւ այդ կու­սակ­ցու­թեան բո­լոր ղե­կա­վար­նե­րին բնաջն­ջել: ­Բայց ո՞վ մնաց իր ճա­նա­չած­նե­րից: ­Փաս­տօ­րէն մէկ հո­գի՝ ­Գա­րե­գին ­Փաստր­մա­ճեա­նը: ­Չէ՞ր յի­շում ար­դեօք իր վեր­ջին զրոյ­ցը նրա հետ… Լ­ծա­կի պէս հաստ դաս­տա­կը վեր տա­րաւ, ձեռ­քով ճա­կա­տը շփեց, ներս մտաւ: ­Նա­յե­ցի ժա­մա­ցոյ­ցին. տաս էր, Ուհ­լանտ գնա­լու իր սո­վո­րա­կան ժա­մը:

Զէն­քը ա­ռի վրաս, պատ­րաստ դուրս գա­լու: ­Յան­կարծ նա յայտ­նո­ւեց դրան մօտ ու փղի պէս ծան­րօ­րէն սկսեց վար իջ­նել: Երբ դուրս ե­լայ փո­ղոց, դի­մա­ցի մայ­թով ար­դէն բռնել էր Ուհ­լան­տի ու­ղին: ­Սա­ռը դա­տո­ղու­թիւ­նը ինձ ա­սում էր, որ այս ան­գամ ան­կա­րող պի­տի լի­նի ա­զա­տո­ւել ձե­ռիցս. բայց եւ յու­զու­մը բազ­մա­լե­զու ա­ղա­ղակ­նե­րով փո­թոր­կում էր ինձ.- «­Հա­սի՛ր, վա­զի՛ր, ան­ցի՛ր միւս մայ­թը ու, շե­ղա­կի կռնա­կից, մէջ­քի՛ն, գլխի՛ն, շո՛ւտ, ան­ցի՛ր փո­ղո­ցը»…
 
Մայ­թից ի­ջայ փո­ղոց՝ յե­տե­ւը անց­նե­լու հա­մար, բայց յան­կարծ մի բան յետ մղեց ինձ. հա­զար ան­գամ պար­զո­ւած բա­ցո­րոշ բա­նը այդ պա­հին մէ­կէն ի մէկ կաս­կա­ծե­լի թո­ւաց. նա՞ է ար­դեօք… «Ան­ցի՛ր դի­մա­ցը, դի­մա՛­ցը, դի­մա՛­ցը, ուղ­ղա­կի ճա­կա­տի՛ն, շո՛ւտ, շո՛ւտ, շո՛ւտ, վա­զի՜ր»… ­Դի­մա­ցի մայ­թով հա­ւա­սա­րո­ւե­ցի նրան, ա­րագ քայ­լե­րով բա­ւա­կան յա­ռա­ջա­ցայ. ան­ցայ նոյն մայ­թը, ուս­կից գնում էր նա:

Յետ դար­ձայ: «­Մօ­տե­նում էինք ի­րար: ­Նա գա­լիս էր ճե­մե­լու ձե­ւով՝ ձեռ­նա­փայ­տը ան­փոյթ ճօ­ճե­լով: ­Մի կարճ տա­րա­ծու­թիւն մնա­ցած՝ զար­մա­նա­լի ան­դոր­րու­թիւն հա­մա­կեց էու­թիւնս: ­Հա­ւա­սա­րո­ւե­լու վրայ, ­Թա­լէա­թը շեշ­տա­կի նա­յեց ինձ. աչ­քե­րի մէջ առ­կայ­ծեց մա­հո­ւան սար­սու­ռը: ­Վեր­ջին քայ­լը բե­կո­ւեց. մի քիչ թե­քո­ւեց, որ խու­սա­փի, բայց զէն­քը դուրս քա­շելս ու գլխին պար­պելս մէկ ե­ղաւ… ­

Թա­լէա­թը հա­րո­ւա­ծից կար­ծես ցցո­ւեց ու մի ակն­թարթ հզօր մար­մի­նը պրկո­ւեց ձիգ, բայց ե­րե­րուն. ա­պա՝ սղո­ցո­ւած կաղ­նու բու­նի պէս ե­րե­սի վրայ տա­պա­լո­ւեց թնդիւ­նով… Բ­նաւ չէի կա­րող ե­րե­ւա­կա­յել, որ այդ­պի­սի դիւ­րու­թեամբ գե­տին պի­տի փռո­ւի գա­զա­նը: ­Մի վայր­կեան մղում ու­նե­ցայ բո­լոր գնդակ­նե­րը պար­պե­լու մէջ­քին, բայց փո­խա­նակ կրա­կե­լու, ատր­ճա­նակս նե­տե­ցի:

Սեւ, թանձր ա­րիւ­նը վայր­կեա­նա­պէս լճա­ցաւ ­Թա­լէա­թի գլխի շուրջ. կար­ծես ջար­դո­ւած ա­նօ­թից մա­զութ էր դուրս թափ­ւում… ­Բայց լճա­ցող ա­րիւ­նը կար­ծես դիւ­թել էր ինձ: …­Մայ­թի վրայ նոյն դիր­քում ըն­կած էր հրէ­շը: …­Հա­մա­կո­ւած էի հո­գե­կան այն­պի­սի մի ներ­քին գո­հու­նա­կու­թեամբ, ո­րի նմա­նը չէի ապ­րել եր­բեք:

Ար­ճի­ճի պէս վրաս ծան­րա­ցած տե­ւա­կան մղձա­ւան­ջը չքա­ցել էր յան­կարծ: Ա­մէն բան փո­խո­ւել էր կար­ծես. կաշ­կան­դո­ւած հո­գիս ա­զատ ու լայ­նար­ձակ թռչում էր. կար­ծես էու­թեամբ ձեր­բա­զա­տո­ւած՝ մտքերս շրջան էին ա­նում աշ­խար­հի բո­լոր ծա­նօթ ան­կիւն­նե­րում…» (­Մի­նա­խո­րեան ­Վա­հան, «­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան. ­Վեր­յի­շում­ներ», «­Յու­սա­բեր», ­Գա­հի­րէ, 1956)։

Շա­հան ­Նա­թա­լի կը վկա­յէ, որ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նին յանձ­նա­րա­րած էր ա­հա­բե­կու­մէն ետք փա­խուստ չտալ եւ յանձ­նո­ւիլ գեր­մա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց, որ­պէս­զի աշ­խար­հով մէկ դա­տո­ւէր եւ իր հետ դա­տա­վա­րու­թեան են­թար­կէր ­Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րը։
Թեհ­լի­րեան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ աղմ­կա­լից դա­տա­վա­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ։ ­

Գեր­մա­նա­կան դա­տա­րա­նը հաս­տա­տեց, որ ա­հա­բե­կու­մի են­թար­կո­ւած «զո­հը»՝ ­Թա­լէաթ իս­կու­թեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դա­հիճ էր ու, ա­ւե­լի՛ն, դահ­ճա­պետ էր, ո­րուն ու­սե­րուն կը ծան­րա­նար ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած ըլ­լա­լու պե­տա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։

Հա­յաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րի դա­տա­կան մի­ջազ­գա­յին ար­ծարծ­ման առն­չու­թեամբ կ­’ար­ժէ նաեւ նշել, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը իր ժա­մա­նա­կա­կից ի­մաս­տով գոր­ծա­ծու­թեան յանձ­նած ­Ռա­ֆա­յէլ ­Լեմ­քի­նը ներշն­չո­ւե­ցաւ նոյ­նինքն ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թե­նէն։ ­Լեմ­քին այդ օ­րե­րուն իբ­րեւ կրտսեր ի­րա­ւա­պաշտ­պան կը մաս­նակ­ցէր ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեան։

Այդ ժա­մա­նակ էր, որ յայտ­նա­գոր­ծեց ի­րա­ւա­գի­տա­կան «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը՝ իբ­րեւ պա­տաս­խան անձ­նա­պէս իր եւ ընդ­հան­րա­պէս մարդ­կու­թեան խիղ­ճը տան­ջող այն մեծ հար­ցա­կա­նին, թէ ին­չո՞ւ մէկ մար­դու ա­հա­բեկ­ման հա­մար կը դա­տո­ւէր ­Թեհ­լի­րեան ա­նուն հայ ե­րի­տա­սար­դը, մինչ ան­դին դատ ու դա­տաս­տա­նի են­թար­կո­ւած չէր մէ­կու­կէս մի­լիոն ան­մեղ հա­յե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու ­Թա­լէա­թը…

Մարտ 15ը այս ա­ռու­մով յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի ­Պահ է հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ։ ­Նաեւ՝ ­Հայ­կա­կան ­Պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը մին­չեւ ար­դար դա­տաս­տան յա­ռաջ մղե­լու ուխ­տի վե­րա­նո­րոգ­ման Օրն է, մին­չեւ որ խո­նար­հի հա­յաս­պան թուրք պե­տու­թիւ­նը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը ամ­բող­ջա­պէս վե­րա­տի­րա­նայ իր ոտ­նա­կո­խո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րուն։

ԱԶԱՏՕՐ
http://www.azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail