ՍԹԱՓ ՀԱՅԵԱՑՔՈՎ….

Խմբագրական
yeran k
Սեպտեմբեր 21, 2015….

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօն, որ մերթ կ’ուրախացնէ եւ կը ոգեշնչէ մեզ, մերթ ալ մեզ կը մղէ սթափ հայեացքով վերարժեւորելու անցած ուղին, մեր երկրի ներկայ իրավիճակը՝ հաւաքական ինքնաքննարկումի փորձով եւ ապագայատեսիլ առաջադրանքով….

Ահա շուրջ երկուքուկէս տասնամեակ է որ վերանկախացած է մեր երկիրը, օժտուած է իր օրհներգով կամ պետական հիմնով, սեփական դրօշով, ազգերու միջազգային ընտանիքին իր լիիրաւ անդամակցութեամբ, իր ազգային բանակով, վերանուաճուած Արցախով, Հայաստան-Սփիւռք անկաշկանդ փոխադարձ կապերով….

Վերանկախացումէն շուրջ 25 տարի ետք, սակայն, կրնա՞նք խղճի մտօք ըսել որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր երազած հայրենիքի պատկերն է, ուր կայացած է ազգային մեր պետականութիւնը, որ օժտուած ըլլայ՝ ազգային-պետական մեր իրաւունքներուն, շահերուն եւ ինքնուրոյն արժեհամակարգին վրայ խարսխուած ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեամբ, զայն կենսագործելու ուղղութեամբ մշակուած ռազմավարութեամբ եւ մարտավարութեամբ…:

Պետականութիւն՝ որ երաշխաւորը ըլլայ իր քաղաքացիներուն ազատ, արդար եւ արժանապատիւ կեանքին, պետականութիւն՝ ուր իւրաքանչիւր քաղաքացի, անկախ բոլոր հանգամանքներէն, պաշտպանուած ըլլայ օրէնքով, բոլորին համար հաւասարապէս կիրառուած ու կիրառելի անխտրականութեամբ….

Իրականութիւնը, դժբախտաբար, բոլորովին այլ է մեր երազածէն ու բաղձացածէն: Արդարեւ, վերանկախացումի առաջին իսկ օրերէն, մեր երկիրը յայտնուեցաւ արժէքներու խառնաշփոթի մը մէջ, արժէքներու քաոսի մը մէջ….ազատ շուկայական արժէքներ, արեւմտեան արժէքներ, դեմոկրատիայի եւ ազատականութեան արժէքներ, մարդկային իրաւանց արժէքներ…, որոնք շատ շուտով դարձան վայրի դրամատիրութեան քարոզած, անխնայ կերպով կենսագործած, սպառողական հասարակութեան նիւթապաշտ, շահամոլ, օգտապաշտ, եսամոլ, հոգեզուրկ չարժէքները….: Այս բոլորին մէջ, մենք մեր կողմնացոյցը կարծէք կորսնցուցինք, ազգային հոգեւոր-մշակութային արժէքներու եւ ազգային գաղափարի հիմնարար սկզբունքը: Շուտով կողոպուտի, թալանի, բռնութեանց եւ կամայականութիւններու «մշակոյթ»ը կամ հակամշակոյթը դարձաւ տիրական եւ կեանքի կոչուեցաւ քիչ մը ամէն տեղ, դառնալով օրուան դրութեան տէրն ու տիրականը….

Ապակողմնորոշուած եւ խարխափումներու մէջ տուայտող պետութիւնն ու հասարակութիւնը շատ դիւրաւ կրցան մոլորեցնել օտար ուժերը, աշխարհի կառավարման կէտերը, իրենց տեսակաւոր աղանդներու եւ վարդապետութեանց, ազգակործան գաղափարախօսութեանց ներխուժումով, խորթ բարքերու եւ սուտ ու փուճ արժէքներու շլացուցիչ փայլով, հոգեզրկող եւ ոգեզրկող, յոռի բնազդներ արթնցնող, բռնութիւն խրախուսող եւ մարդկային գիտակցութիւնը նսեմացնող շուկայիկ, էապէս հակա-արուեստի տարրերով, ժապաւէններէն մինչեւ երգ ու պար, գովազդներէն մինչեւ թմրանիւթեր եւ այլք…: Երեսուն խեղճ արծաթի փոխան, վարկերու եւ տեսակ-տեսակ նպաստներու փոխան, անոնք պատանդ վերցուցին մեր ինքնութիւնն ու դիմագիծը, մշակութային-հոգեւոր-բարոյական արժէքներու համակարգը, որուն վրայ էապէս խարսխուած պիտի ըլլար ազգային մեր պետականութիւնը…:

Այս համապատկերին մէջ, հայրենիքէն արտագաղթը նորանոր թափ ստացաւ, «Ո՛ւր հաց, հո՛ն կաց» տխուր մտայնութեան կազմաւորումով, երբ շատերու համար, նոյնիսկ մնացողներէն շատերուն համար, հայրենիքը տակաւ դադրած կը թուի ըլլալ էապէս հոգեւոր կամ ոգեղէն տարածք ըլլալու իր բնէութենէն՝ անսակարկելի եւ անփոխարինելի…: Այս հայաթափումը մեր երկրին կարելի է անվարան նկատել սպիտակ կամ անարիւն ցեղասպանութիւն, սեփական ձեռքերով իրագործուած, այսինքն՝ ինքնասպանութիւն, իրերը կոչելով իրենց անունով:

Բայց ո՞ւր է ազգային մեր ինքնաճանաչումի ոգին, անկէ բխող պայքարի ոգին, ո՞ւր է ազգային մեր արժանապատուութիւնը: Որքա՛ն դիպուկ է բնորոշեր մեր պատմութեան անցած ուղին՝ հանճարեղ Չարենցը. «Պատմութեան քառուղիներում, մենք քայլել ենք երկա՛ր՝ անղե՛կ, ցաքուցրի՛ւ, անգաղափա՛ր», շեշտելով մեր անիշխանականութիւնը, մեր կեդրոնախոյս վիճակը, համազգային գաղափարախօսութեան մը շուրջ համախմբուելու հաւաքական ոգիի եւ կամքի բացակայութիւնը: Նոյն Չարենցը սակայն պատգամեր է նաեւ իր յայտնի պատգամը՝ «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է», որ այժմ, առաւել քան երբե՛ք, էական հրամայական է մեզի, դուրս գալու քաղաքական-տնտեսական, հոգեբարոյական-մշակութային ճգնաժամէն, որ կը սպառնայ մեր հայրենիքի եւ հայեցի լինելութեան, մանաւանդ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայթիւնավտանգ պայմաններու մէջ:

Հլու-հնազանդ պատանդի կարգավիճակէն մենք ազգովին՝ Հայաստան եւ Սփիւռք, կրնանք ազատագրուիլ՝ ազգային խոր ինքնաճանաչումով եւ արժանապատուութեամբ, մեր ազատ բանականութեամբ, մեր արժէքներուն վերադարձով, մեր ներքին ամրութեան կերտումով, համախմբելով, համադրելով ու համակարգելով ազգային մեր ներուժը՝ Հայաստան եւ Սփիւռք, բոլոր ոլորտներէն եւ բնագաւառներէն ներս, ազգի եւ հայրենեաց հողի ամբողջականութիւնը ունենալով որպէս առանցք: Այս ուղղութեամբ ալ, անչափ էական նախապայման է հայ կեանքի վերակազմակերպումը՝ հայրենիքէն ներս եւ սփիւռքի տարածքին:

Ազգային պետականութիւն ունենալը, բոլոր ճոռոմ խօսքերէն գերիվեր, ազգի հարազատ մշակոյթը պահպանելու եւ ծաղկեցնելու յանձնառութիւն է, ազգի երազանքները իրականացնելու պատասխանատուութիւն է….ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ արժանապատուութիւն է….ազգի անվտանգ լինելութիւնն ու զարգացումը ապահովելու նախանձախնդրութիւն է …

Որքան դիպուկ կը հնչեն նահատակ Հրանդ Տինքի խօսքերը, 2005-ին արտասանուած՝ Իսթանպուլի մէջ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին, հալէպահայ մտաւորական Սալբի Գասպարեանի հետ. «….Եթէ յաջողինք Հայաստանը դարձնել ողջ հայութեան համար ապահով եւ յառաջադէմ հայրենիք մը, ապա այն ատեն արդէն մեր վրէժը լուծած կ’ըլլանք այդ հայրենիքը ի սպառ վերացնելու ծրագիրներ մշակող թուրքէն….մենք մեր նահատակներուն պարտական ենք հզօր հայրենիքի մը կառուցումը…», եւ անշուշտ՝ ներկայ եւ գալիք սերունդներուն:

Պատի՛ւ ու փա՛ռք բոլոր անոնց, որոնք քար մը աւելցուցած են մեր հայրենիքի կառոյցներուն վրայ…., որոնք իրենց քրտնաջան աշխատանքն են նուիրեր հայրենակերտումի սուրբ գործին…, որոնք իրենց արիւնով են պաշտպաներ հայրենեաց սրբազան հողը…, որոնք իրենց սիրով, գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ, զոհողութեան բարձր ոգիով կ’ապրին ու կը շնչեն յանուն Հայաստանի ու հայութեան աւելի լաւ ու լուսաւոր գալիքին..

Շնորհաւո՛ր տօնդ, հայրենի երկի՛ր:

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

http://www.azadkhosk.com/khempakragan5001.html

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail