Թալէաթ Փաշայի Գնդակահարման 95-Ամեակ. ՀՅԴ Անդամներու Երթը` Դէպի Սողոմոն Թեհլիրեանի Կիսանդրին

16 ՄԱՐՏ 2016

15 մարտին Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի գնդակահարութեան 95-ամեակն է: Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները արդէն աւանդական դարձած երթ-նախաձեռնութիւն կազմակերպած էին Շինարարներու փողոցին վրայ գտնուող Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին մօտ:
soghomon-kini-lits_
Երթին մասնակիցները, որոնց կարգին` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Հայաստանի ազգային սկաուտութեան կազմակերպութեան անդամները, երթով ուղղուած են Սողոմոն Թեհլիրեանի արձանին մօտ, ուր պատմական ակնարկով ներկայացուած է օրուան խորհուրդը:

Հայ հերոսի կիսանդրիին մօտ ծաղիկներ զետեղելէ ետք, ներկաները խմած են օրուան խորհրդանիշը դարձած գինին եւ ազգային պարեր պարած:

Թալէաթէն Եւ Միւս Ոճրագործներէն Վրէժ Լուծելով`
Ժողովուրդը Ապրեցնելու Կենսատու Երակը
Կարելի Եղաւ Գտնել

15 մարտին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը եւ եզակի լուսանկարներու ցուցադրութիւն` նուիրուած Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի գնդակահարման 95-ամեակին:

«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, փրոֆ. Էդիկ Մինասեան նշած է, որ կարեւորագոյնը այն է, որ այսօր, երբ սերունդ կը դաստիարակեն, նախ եւ առաջ անոնք պէտք է հասկնան, որ այդ տարիներուն Ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդին արժանապատուութեան խնդիրը լուծելու խիստ անհրաժեշտութիւն կար:

Օրուան կարեւոր խորհուրդներէն մէկը, ըստ Մինասեանի, այն է, որ հայրենասէր եւ նուիրուած հայորդիներուն յաջորդները գիտնան անոնց հետապնդած նպատակին մասին, ճանչնան այն հերոսները, որոնք հայ ժողովուրդին վրէժը լուծեցին եւ ժողովուրդը ապրեցնելու կենսատու երակը գտան:

Մինասեան նշած է նաեւ, որ այսօրուան ուսանողութիւնը, անշուշտ, պէտք է զգայ գործողութեան կարեւորութիւնը եւ դաս քաղէ այս բոլորէն:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Գէորգ Ղուկասեան դիտել տուած է, որ թէեւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը սկսած է 1919-ին, սակայն 15 մարտ 1921-էն ետք այդ օրը մեր պատմութեան մէջ յատուկ խորհուրդ ստացաւ եւ յաճախ միացաւ «Նեմեսիս» գործողութեան հետ:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail