Ցեղասպանութեան Ճանաչման Առնչութեամբ Թրքական Շանթաժը Չի Վախցներ Պուլկարական Քաղաքներու Իշխանութիւնները

16 ՄԱՐՏ 2016

Պուլկարական Պուրկաս, Խոսքովօ եւ Սվիլենկրատ քաղաքներու քաղաքապետարանները պիտի չստանան Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումը, որ կը կատարուի Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ անդրսահմանային համագործակցութեան ծիրին մէջ: Պատճառը թրքական կողմի` նշեալ քաղաքներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ դիրքորոշումն է: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին կը տեղեկացնէ «Պի.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը: Բայց եւ այնպէս, այդ քաղաքներուն իշխանութիւնները համոզուած են իրենց գործողութիւններու իրաւացիութեան` թոյլ չտալով ոեւէ մէկուն միջամտել իրենց ներքին գործերուն:
boulgaragan-turkey
Ֆինանսաւորման արգելքը կու գայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ կ՛արգիլէ աշխատիլ այն քաղաքներուն հետ, որոնք կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նկատի ունենալով, որ պուլկարական քաղաքները չեն կրցած գտնել թրքական գործընկեր` Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումով իրականացնելու միացեալ ծրագիրներ, անոնք պիտի կորսնցնեն քանի մը միլիոն եւրօ: Առաւել կարեւոր նախաձեռնութիւնները կ՛առնչուին կենսոլորտին` ուղղուած բնական աղէտներու կանխարգիլման:

Խասքովոյի հետ նախապէս համագործակցած թրքական Էտիրնէ քաղաքի քաղաքապետ Ռեճեփ Կիւրքան նշած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումը վերջնական է: «Խասքովոյի հետ մենք շատ լաւ աշխատած ենք, սակայն այժմ կայ արտաքին գործոց նախարարութեան արգելքը: Պատճառը նախորդ տարի Խասքովոյի քաղաքային խորհուրդի որոշումն էր, որով ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան քաղաքին մէջ այգի անուանակոչուեցաւ», ըսած է Կիւրքան:

Պուրկասի եւ Սվիլենկրատի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վատթարացան, երբ պուլկարական քաղաքները որդեգրեցին հռչակագիրներ, որոնցմով կը դատապարտուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Պի.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Կիւրքան խորհուրդ տուած է ետդարձ կատարել որոշումներէն` յանուն Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան:

«Ոչ ոք կրնայ միջամտել, թէ ինչպէ՛ս մենք կ՛անուանենք փողոցը կամ այգին», կատարուածին առնչութեամբ ըսած է Խասքովոյի քաղաքապետ Տոպրի Պելիվանով:

Հաշուի առնելով, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ քաղաքներու ֆինանսաւորումը կը կատարուի դրացի երկրի մէջ գործընկեր քաղաքի գոյութեան պարագային միայն, հաւանական կը դառնայ, որ պուլկարական քաղաքները իսկապէս պիտի կորսնցնեն Եւրոպական Միութեան կողմէ տրամադրուող գումարները:

Վերջին շրջանին թուրք-պուլկարական յարաբերութիւնները վատթարացած են: Պուլկարիան Պուրկասի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ աշխատող թուրք դիւանագէտը յայտարարած է «անցանկալի անձ»: Կառավարութեան ներկայացուցիչը ըսած է, որ թուրք դիւանագէտը երկրին մէջ կը ծաւալէ գործունէութիւն, որ կը խախտէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի համաձայնագիրը: Աւելի՛ն. Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարար Տանիէլ Միթով վերջերս ըսած է, որ Անգարան պէտք է որոշէ, թէ արդեօք կ՛ուզէ՞ իր տեղը պահել Սոֆիայի մէջ իր դեսպանը:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail