Բռնագրաւումի «Օրինականութեան» Մասին

16 ՄԱՐՏ 2016

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի 12 յունուարին «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսած «Նոր-օսմանական հնարք մը» խորագիրով յօդուածիս անդրադարձող «Չխախտել պատմագրութեան կանոնները» խորագիրով արձագանգը, որուն հեղինակը յստակ է, որ հարցերը կը դիտէ` մեկնած ակադեմական որոշ տեսանկիւնէ: Յօդուածս քաղաքական մեկնաբանութիւն մըն էր եւ ոչ թէ` պատմագրութիւն, զոր կատարելու որեւէ մտադրութիւն չունենալով` ինքզինքս ազատ կը նկատեմ նաեւ անոր կանոններէն, սակայն ոչինչն կ՛արգիլէ, որ անդրադառնամ արձագանգին մէջ նշուած կարգ մը կէտերու, որոնք կը նկատեմ վիճելի:
prnakravoumi-aztag
Արձագանգը կը նշէ. «Կարելի չէ 19-րդ դարու ձեւաւորուած եւ ներկայ դարուս աւելի ամրագրուած արժէքներով (…) գնահատել եւ արժեւորել 15-րդ եւ 16-րդ դարերէն սկսած Օսմանեան կայսրութիւնը», եւ ճիշդ պիտի չըլլայ օսմանեան «պետութենէն» անկախութեան հոլովոյթը տանիլ մինչեւ վերոնշեալ դարերը եւ «անուանել այս ամբողջ իրողութիւնը իբրեւ բռնագրաւման շարան մը»:

Այս պնդումը կը յառաջացնէ այն հարցումը, թէ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութիւնը սկիզբը ազատագրութիւն էր եւ հետագային, 19-րդ դարէ՞ն սկսեալ միայն վերածուեցաւ բռնագրաւումի: Ուրեմն օսմանցիներուն կողմէ Պոլսոյ գրաւումը, թալանումը եւ անոր բնակչութեան կոտորումը եթէ ոչ բռնագրաւում ապա ի՞նչ էր, ազատագրո՞ւմ:

Ան կ՛աւելցնէ. «Բռնագրաւման գաղափարը ինքնին արդիական պատմաքաղաքական եզր մըն է, որ կարելի չէ կիրարկել վաղժամանակակից շրջանի պատմութեան քննարկման համար»: Անձնապէս ծանօթ չեմ պատմագրութեան սկզբունքներուն, սակայն այստեղ յստակ է, որ այդպիսի սկզբունք մը եթէ նոյնիսկ կայ, ապա գրուած է բռնագրաւող ուժերուն կողմէ, որովհետեւ չկայ ու չէ եղած ժողովուրդ մը, որ օտար ուժի մը տիրապետութիւնը ընդունի իբրեւ բնական եւ օրինական երեւոյթ: Ամէն ժողովուրդ կը ձգտի կերտելու իր անկախ պետութիւնը:

Եթէ առողջ ու իր ինքնութեան գիտակից ու տէր է, ապա ժամանակը որեւէ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ այդ ձգտումին վրայ, իսկ առարկայական պայմանները կրնան միայն ժամանակաւոր արգելքներ ըլլալ:

Պահ մը երթանք15-րդ եւ 16-րդ դարերէն շատ աւելի վաղ ժամանակաշրջան եւ այդտեղ տեսնենք օրինակը հրեայ ժողովուրդի ՔԵ 66-73 թուականներու ըմբոստութեան, որ աւարտեցաւ Մասատայի (հայերէն` Բերդ) մէջ ամրացած 960 հրեաներու հաւաքական անձնասպանութեամբ:

Հռոմէացիներուն համար անոնց ըմբոստութիւնը թերեւս յանցագործութիւն եւ դաւաճանութիւն էր, սակայն հրեայ ժողովուրդին համար` ապօրինի բռնագրաւումէն ձերբազատման համար արդար պայքար:

Բռնագրաւումը արդիական գաղափար նկատելու «կանոնը» կը ծառայէ այդ իրողութեան ժխտական ընկալումը շինծու եւ երեւոյթը բնական եւ ընդունելի նկատելու միայն: Իրողութեան մէջ «Բռնագրաւումը ընդունելի՞ է» հարցումին պատասխանը կախեալ է անոր հասցէատէրէն: Բռնագրաւումը օրինական է միայն բռնագրաւող կայսրութեան համար, եւ ոչ թէ` անկախութիւնը կորսնցուցած ժողովուրդներուն:

Կայսրութեան մը կատարած բռնագրաւումը օրինական չէր նկատուեր նոյնիսկ մէկ այլ կայսրութեան մը կողմէ, ահա թէ ինչո՛ւ կայսրութիւններ շարունակ իրարմէ կը խլէին տարածքներ, եւ եթէ որոշ հանգրուաններու սթաթիւս քո՞ եղած է, ապա` զինադուլի համազօր ժամանակաւոր համաձայնութիւններու կամ առարկայական պայմաններու բերմամբ:

Դարեր շարունակ կայսրութիւններ իրարմէ հող խլելու համար իրարու դէմ պատերազմած են. եգիպտացիները ասորեստանցիներուն դէմ, հռոմէացիները` պարսիկներուն, բիւզանդացիները` արաբներուն եւ այլն:

Ժողովուրդներու անկախութիւնը միշտ ալ եղած է դրական արժէք մը եւ անօտարելի իրաւունք մը, որուն տիրանալու համար պայքարած են բռնագրաւումի ենթակայ ժողովուրդները, իսկ ատոր պահպանման համար պայքարած անկախ պետութիւնները, ինչպէս ՆՔ 499-էն մինչեւ 449 կատարեցին յոյները «բարբարոս» պարսիկներուն դէմ:

Անկախութեան պահպանման համար էր, որ ՆՔ 480 թուականին 300 սպարտացիներ մինչեւ վերջին մարդը կռուեցանիրենց երկիրը բռնագրաւելու համար արշաւող պարսկական բիւրաւոր բանակին դէմ: Հայկական առասպելին համաձայն, Հայկը եւս նոյնը ըրաւ. ազատութեան սիրոյն հեռացաւ Միջագետքէն եւ անկախութեան սիրոյն պատերազմեցաւ Բէլին դէմ:

Կը վերահաստատեմ այն պնդումս, թէ հողային կալուածներու շուրջ միջպետական կամ անհատական վէճերու լուծման համար օսմանեան փաստաթուղթերու օգտագործումը բռնագրաւումը օրինականացնելու կը ծառայէ, որովհետեւ եթէ անոնք առնչակից կողմերուն կողմէ կը նկատուին օրինական, ուրեմն օրինական է նաեւ զայն տուող իշխանութիւնը` Օսմանեան կայսրութիւնը:

Անտեղի է այն մտահոգութիւնը, թէ այդ պնդումը կը վտանգէ Հայ դատի աշխատանքները եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմագրութեան փորձերը: Առաջին հերթին` ցեղասպանութեան պատմագրութիւնը միայն թրքական փաստաթուղթերէ կախեալ չէ, որովհետեւ ասոր վերաբերեալ փաստաթուղթերու աղբիւրները շատ են (գերմանական, աւստրիական, բրիտանական եւն):

Երկրորդ` թրքական աղբիւրները կը ծառայեն միայն պատմական փաստի մասին վկայութիւնները հարստացնելու եւ ոչ թէ` անհեթեթ կերպով փաստուածը փաստելու:

Այդ պնդումը որեւէ ձեւով չի վտանգեր Հայ դատի աշխատանքները, որովհետեւ դերակատարները տարբեր են: Օսմանեան կալուածագրերը կրնան ապօրինի ըլլալ երրորդ կողմերու համար, սակայն` ոչ զայն տուողին կամ անոր իրաւայաջորդին համար: Հայ դատի առնչակից կողմերէն մէկը այդ փաստաթուղթերուն հեղինակն է:

Մենք Թուրքիոյ կը ներկայացնենք իր իսկ կողմէ տրուած փաստաթուղթերը. մենք զանոնք կ՛օգտագործենք անոնց հեղինակին հետ մեր ունեցած հարցը լուծելու համար: Երրորդ երկիրներ այդ փաստաթուղթերը կ՛օգտագործեն զանոնք օրինական նկատելու համաձայնութեան մը հիմամբ` գործնական նկատառումներով` խնդիրներու լուծման բանակցութիւնները դիւրացնելու համար:

Սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ այդ փաստաթուղթերը եւ զայն տուող իշխանութիւնը իսկապէս օրինական են:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail