18 ՄԱՐՏ 2016
Սուրիոյ քիւրտերը երէկ յայտարարեցին, որ Հասաքէի մէջ Ռամիլանի ընդհանուր ժողովին բոլոր մասնակիցները համաձայն գտնուած են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ դաշնակցային դրութեան հաստատման:
Քրտական աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «քիւրտերը անջատողական ձգտումներ չունին»` աւելցնելով. «Մենք սուրիական աշխարհագրութեան անբաժանելի մէկ մասն ենք»:
Քրտական աղբիւրը յայտնեց, որ քիւրտերը մաս պիտի կազմեն որեւէ կառավարութեան, որուն շուրջ սուրիացիները համաձայնութիւն կը գոյացնեն: «Դաշնակցային դրութիւնը դաշնակցային Սուրիոյ մէջ ապակեդրոնացեալ, բազմակարծական ժողովրդավարական կառավարման տիպ մըն է», ըսաւ ան` նշելով. «Համաձայնութիւն գոյացաւ շրջանը կոչել Հիւսիսային Սուրիոյ Ռոժաւա (Արեւմտեան Քիւրտիստան) դաշնակցային մարզ, որ պիտի ըլլայ հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց որեւէ կողմ, որ կը մտածէ Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդը հարուածել: Նախարարութիւնը նշեց, որ Միութեան կամ դաշնակցային դրութեան հարցը կը հակասէ սահմանադրութեան, ազգային արժեչափերուն եւ միջազգային օրէնքներուն:
Ռիատի մէջ սուրիական ընդդիմութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ կը մերժէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն կողմէ յայտարարուած դաշնակցային դրութիւնը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մէջ որեւէ ինքնավար մարզ պիտի չճանչնայ:
ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com