18 ՄԱՐՏ 2016
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին գովաբանեց ռուսական բանակի օդուժը, որ մասնակցեցաւ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան:
Փութին Սուրիոյ մէջ օդուժի գործողութիւններուն մասնակցած զինուորականներու մեծարման հանդիսութեան ընթացքին յայտնեց, որ «Ռուսիա յաջողեցաւ ամրապնդել սուրիական բանակը»` աւելցնելով. «Այս ուժերը Սուրիոյ մէջ իրենց առաքելութիւնը կատարեալ ձեւով գործադրեցին»:
Ան ընդգծեց, որ Ռուսիան կրնայ անհրաժեշտութեան պարագային քանի մը ժամէն իր ուժերը տեղակայել Սուրիոյ մէջ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նախապէս տեղեակ էր ռուսական ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու որոշումէն եւ զօրակցութիւն յայտնած այդ որոշումին:
Փութին ըսաւ, որ իր երկրին մարտավարական ու ռազմավարական օդուժը ստանձնեց Սուրիոյ մէջ ամէնէն կարեւոր եւ վտանգաւոր առաքելութիւնները` նշելով, որ այդ ուժերուն առաքելութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլն էր, որպէսզի ահաբեկիչները չհասնին Ռուսիոյ տարածք:
Փութին ըսաւ, որ ռուսական օդուժին նպատակը սկիզբէն սուրիական բանակի ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ յարձակումներուն աջակցութիւնն էր:
«Մոսկուա մտադիր չէ սուրիական ներքին տագնապին մասնակից դառնալ», նշեց ան` աւելցնելով, որ իր երկիրը զինադուլը խախտող զինեալ խմբաւորումները մեքենայաբար դուրս պիտի նկատէ Ուաշինկթընի կողմէ ներկայացուած չափաւորական ընդդիմութեան ցանկէն:
ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com