Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Լիբանանցի Գործարար Նիքոլա Ժորժ Ապու Ֆայսալը Եւ Հայաստանի Արդարադատութեան Նախարարը

10 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, 9 յուլիսին, ընդունած է լիբանանցի գործարար, «Կարտենիա Կրէյն Տ՛օր» ընկերութեան հիմնադիր Նիքոլա Ժորժ Ապու Ֆայսալը: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Քննարկուած են Արցախի մէջ շարք մը ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր:

Նախագահը նշած է, որ Արցախի մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն Լիբանանի հետ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման` ընդգծելով, որ համագործակցութեան համար առկայ են բաւարար պայմաններ:

Նախագահ Բակօ Սահակեան 9 յուլիսին ընդունած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանը:

Քննարկուած են արդարադատութեան մարզին մէջ հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

aztagdaily.com/archives/400357

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail