11 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Խօսելով «Գնումներու մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծին մասին` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ թէ՛ գնումներուն եւ թէ՛ տեղական արտադրողին աջակցելու ոլորտին մէջ շատ ընելիքներ կան:
Նախագիծին համաձայն, պետական գնումներ կատարելու ատեն նախապատուութիւնը պէտք է տրուի տեղական արտադրողին: Ըստ անոր, այս մարզին մէջ պէտք է հիմնարար լուծումներու մասին մտածել, յատկապէս պէտք է ստեղծել մեքանիզմներ, որոնք պիտի խրախուսեն տեղական արտադրողները:
Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ փոքր եւ միջին գործարարութեան առնչութեամբ վարչապետին բարձրացուցած հարցը քննարկման առարկայ եղած է: «Մենք կ՛ապահովենք ներառականութիւնը, ինչպէս նշեցիք, որպէսզի կարենանք գտնել այնպիսի լուծումներ, որոնք կը համապատասխանեն միջազգային փորձին, մեր առանձնայատկութիւններն ալ նկատի կ՛առնուին, եւ այսպիսով օգտակար պիտի ըլլայ փոքր հանրախանութները աշխուժ կերպով ներգրաւել տնտեսական գործունէութեան մէջ: Յառաջիկային լուծման տարբերակները կը ներկայացնենք աւելի մանրամասն», դիտել տուած է նախարարը:
Որոշումը ընդունուած է միաձայնութեամբ:
aztagdaily.com/archives/400507