11 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց. «Ամերիկեան քաղաքականութեան նպատակը շրջանի երկիրներուն դէմ իրանեան սպառնալիքները չէզոքացնելն է: Ուաշինկթըն յանձնառու է (Արաբական) ծոցին մէջ նաւարկման ուղիներու պահպանման, որպէսզի քարիւղ հոսի դէպի աշխարհի բոլոր կողմերը»:
«Եմէնէն արձակուող հրթիռները կը սպառնան Ծոցի շրջանի անվտանգութեան, եւ Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը կը նպատակադրէ չէզոքացնել այդ վտանգը», նշեց ան:
«Մենք շրջանին մէջ մեր գործընկերներուն հետ աշխատանք կը տանինք դէմ դնելու Իրանի չարամիտ գործունէութեան` ըլլայ այդ Եմէնի մէջ Անսարուլլահի կամ Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայի աջակցութեան», ըսաւ Փոմփէօ:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Այն գլխաւոր հարցը, որուն վրայ կեդրոնացած ենք, Իրանին իր չարամիտ գործունէութիւնը շարունակելու բաւարար եկամուտ ապահովելուն արգելք հանդիսանալն է: Պատժամիջոցները իրանցի ժողովուրդը թիրախ չեն դարձներ, այլ իրանեան վարչակարգը համոզել, որ իր վարմունքը վատ է»: Ան աւելցուց, որ այդ վարմունքը իրանեան վարչակարգին շատ սուղ պիտի արժէ, եւ «Իրանն ու անոր միլիսները պէտք է հեռանան Սուրիայէն, որովհետեւ անոնց այդտեղ ներկայութեան համար արդարացուցիչ որեւէ պատճառ չկայ»:
«Այն ինչ որ այսօր հարաւային Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ շատ դժուար կացութիւն է, եւ պէտք է հասնիլ քաղաքական լուծումի մը, որ կ՛արտացոլէ սուրիական ընկերութեան բազմազանութիւնը: Ուաշինկթընի նպատակը քաղաքական լուծումի հասնելու պայմաններու պատրաստումն է», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարեց. «Իրանեան քարիւղ ստանալու արգելքը պիտի սկսի գործադրուիլ 4 նոյեմբերին, եւ 4 նոյեմբերէն ետք իրանեան քարիւղ ստանալը ամերիկեան պատժամիջոցներու խախտում մը պիտի նկատուի»:
Փոմփէօ նաեւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ «բանակցութիւններու գլխաւոր նիւթը պիտի դառնայ Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ իրավիճակը»:
Փոմփէօ նշեց, թէ իր երկիրը կ՛ուզէ, որ «ռուսերը սուրիացիներուն եւ իրանցիներուն ստիպեն պահպանել քաղաքական համաձայնութիւնները»:
aztagdaily.com/archives/400470