11 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիոյ, Յորդանանի, Եմէնի Եւ Պաղեստինի 100 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ Չինական Մարդասիրական Օժանդակութիւն
Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփին երէկ Փեքինի մէջ Չին-արաբական համագործակցութեան 8-րդ խորհրդաժողովի բացումին ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր է Սուրիոյ, Յորդանանի, Եմէնի եւ Պաղեստինի 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրել:
Չինաստանի նախագահը իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Չինաստանը սուրիացի, յորդանանցի եւ եմէնցի ժողովուրդներուն պիտի տրամադրէ մարդասիրական օժանդակութիւններ 600 միլիոն եուանի արժողութեամբ, ինչ որ համարժէք է 90,6 միլիոն տոլարի»:
Ան յայտնեց, որ Չինաստան մտադիր է պաղեստինցիներուն տրամադրել շուրջ 100 միլիոն եուան (15 միլիոն տոլար)` աջակցելու համար տնտեսական աճին նպաստելու Պաղեստինեան իշխանութեան ջանքերուն:
Չինաստանի նախագահը նաեւ յայտարարեց, որ աշխատանք պիտի տանի ՄԱԿ-ի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին օգնելու, «որպէսզի կարենայ իր դիւանագիտական շահերը ամրապնդել»:
«Չինաստան Միջին Արեւելքի մէջ կը վարէ խաղաղութեան պահպանման քաղաքականութիւն, որ հաշուի կ՛առնէ այդ շրջանի ժողովուրդներու շահերը, ներառեալ զարգացման անոնց ձգտումը», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք մտադիր ենք հետեւիլ ազգային գերիշխանութեան պաշտպանութեան եւ անջատողականութեան դրսեւորումներու դէմ սկզբունքին (…) Չինական կողմը հանդէս կու գայ ահաբեկչութեան դէմ այն բոլոր հաւանական միջոցներու կիրարկման օգտին, որոնք կ՛արտօնեն ապահովել (արաբական երկիրներու) բնակչութեան կեանքի բարելաւումը»:
Չին-արաբական համագործակցութեան 8-րդ խորհրդաժողովին կը մասնակցին 21 արաբական պետութիւններու դիւանագիտական եւ կառավարական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ: Ժողովի մասնակիցներուն շարքին էր Լիբանանի տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռայետ Խուրին:
Խորհրդաժողովի կեդրոնական խնդիրներէն մէկը միջշրջանային առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան ծաւալներու աշխուժացումն ու մեծացումն է Չինաստանի «Մէկ գօտի, մէկ ուղի» կառավարական նախաձեռնութեան ծիրին մէջ:
aztagdaily.com/archives/400469