11 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԱՐՑԱԽ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Մեկուսարանէն ազատ արձակուելէն շուրջ մէկ ամիս անց՝ ԼՂՀ ՊԲ նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեան այս օրերուն կը գտնուի Արցախ:
Ըստ «Ապառաժ»-ի՝ Յուլիս 9-ին Սամուէլ Բաբայեան հանդիպում ունեցած է նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Հանդիպման մասնրամասնութիւնները Բաբայեան ներկայացուցած է Յուլիս 10-ին, Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրին մէջ զինք դիմաւորելու եկած քաղաքացիներուն առջեւ:
«Ես չեմ եկած յեղափոխութիւն ընելու: Եկած եմ Արցախ նախ եւ առաջ գիծ քաշելու այն ամէնուն, ինչ կատարուած է իմ եւ շրջապատիս դէմ,- յայտարարած է Ս.Բաբայեան եւ շարունակած,- Արցախի մէջ անհրաժեշտ են փոփոխութիւններ, սակայն պէտք չէ մոռնանք, որ մենք հայութեան արեւելեան դարպասներու պաշտպանն ենք եւ որ մեզի կը հետեւի թշնամին: Արցախի մէջ փոփոխութիւնները պէտք է տարբերին հայաստանեան փոփոխութիւններէն, բայց տարբերութիւն ո՛չ թէ բովանդակութեամբ, այլ՝ ձեւով: Արցախի մէջ փոփոխութիւնները պէտք է ըլլան առանց ցնցումներու»:
Ս. Բաբայեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ նախագահ Բակօ Սահակեանին ներկայացուցած է բարեփոխումներու իր տեսլականները՝ սահմանադրական, պաշտպանական, քաղաքական, ընտրական օրէնսգիրքի եւ ՏԻՄ համակարգի հարցերուն շուրջ:
«Նախագահը հասկցած է իմ մօտեցումները եւ խոստացած է իրականացնել բարեփոխումներ»,- նշած է Ս. Բաբայեան եւ ժողովուրդին կոչ ըրած՝ աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալու օրէնսդրական դաշտի բարեփոխումներուն: