ՍԴՀԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը Լքեց «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդը

11 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդէն դուրս գալու որոշում կայացուցած է։ Ըստ «Ամերիկայի ձայն»-ին՝ Կուսակցութեան ներկայացուցիչները անվստահութիւն յայտնած են հիմնադրամի Ամերիկայի մէջ գործող գրասենեակի գործունէութեան նկատմամբ։

ՍԴՀԿ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.

«Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը կը յայտարարէ, որ դուրս կու գայ «Հայաստան» Հիմնադրամի Ամերիկայի Հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմէն՝ իր անվստահութիւնը յայտնելով Լոս Անճելըսի մէջ գործող Հիմնադրամի գրասենեակի գործունէութեան նկատմամբ: Վերջին տասնամեակին Խորհուրդին մաս կազմող եկեղեցական, կուսակցական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ամբողջութեամբ անտեսուած են ու բոլոր որոշումները եւ նիւթական գործառնութիւնները կեդրոնացած են Հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեանի կողմէ նշանակուած եւ իր կողմէ ղեկավարուող՝ Լոս Անճելըսի գրասենեակի անձնակազմին մօտ: Խորհուրդի կազմէն խլուած է վերահսկողութիւն հաստատելու իրաւունքը եւ այդ մարմինին գոյութիւնը դարձած է ձեւական:

Անցեալին, մեր բոլոր բողոքները մնացած էին անհետեւանք եւ յոյս ունէինք, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն օրով, Լոս Անճելըսի գրասենեակը պիտի փոխէ իր գործելաոճը ու պիտի հետեւի Ամերիկեան օրէնքներով հաստատուած կանոնադրութեան պահանջներուն: Սակայն, անցեալ շաբաթ Արա Վարդանեանի աղմկահարոյց ձերբակալութենէն ետք, ի յայտ եկաւ, որ նոյնիսկ բանտի պատերու ետեւէն ան կը շարունակէ ղեկավարել Լոս Անճելըսի գրասենեակը:

Յուլիս 6-ին նախատեսուած էր Խորհուրդի նիստ՝ հանդէս գալու համար Արա Վարդանեանի չարաշահումները դատապարտող յայտարարութեամբ: Սակայն, նիստէն ժամեր առաջ, Հիմնադրամի Լոս Անճելըսի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն՝ ուղղուած ամերիկահայութեան՝ մեղմացնելով Վարդանեանի արարքները ու փորձելով համոզել հանրութիւնը, որ իրենց նուիրաբերած գումարներու կորուստ արձանագրուած չէ, այդպիսով կանխելով տակաւին ընթացքի մէջ գտնուող դատական գործին եզրակացութիւնը:

Գրաւի դիմաց բանտէն ազատ արձակուելէն անմիջապէս ետք՝ Արա Վարդանեանի վերադարձը իր պաշտօնին ո՛չ միայն անբարոյականութեան դրսեւորում էր, այլ նաեւ անարգանք ամբողջ հայութեան: Այս կացութեան դիմաց՝ Հնչակեան կուսակցութիւնը կ՝առկախէ իր մասնակցութիւնը Ամերիկայի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի կազմին ու այսուհետեւ ո՛չ մէկ պատասխանատւութիւն կը կրէ անոր յետագայ գործունէութեան համար:

Մենք կը հաւատանք «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի նպատակներուն եւ առաքելութեան, մեծապէս կը գնահատենք անկեղծ ու հայրենասէր՝ մեծ ու փոքր բարերարներու նուիրատւութիւններուն շնորհիւ կատարուած աշխատանքները Արցախի ու Հայաստանի մէջ, եւ յոյս ունինք, որ մեր այս քայլով, որոշ չափով պիտի նպաստենք «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի առողջացման, նիւթական միջոցներու արդիւնաւէտ օգտագործման, մսխումներու վերացման ու ժողովուրդի վստահութիւնը վերականգնելու գործընթացքին»:

yerakouyn.com/?p=157446

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail