Տիգրանակերտի Մէջ Մեկնարկած Պեղումներուն Վերաբերեալ՝ Համլէթ Պետրոսեան կը Ներկայացնէ Նախատեսուող Աշխատանքները

11 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ –:

Տիգրանակերտի մէջ Յուլիս 10-ին մեկնարկած է պեղումներու հերթական փուլը:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեան ըսած է, որ մինչ այս հնաւայրի 70 հեկտար տարածքէն պեղուած է մօտ 1.8-2 հեկտար հատուած:

«Հետազօտութեան աշխատանքները կազմակերպելու համար այս տարի ԱՀ կառավարութիւնը յատկացուցած է 10 միլիոն դրամ: Ատիկա պեղումներ իրականացնելու համար մօտաւորապէս կը բաւարարէ քսան օր՝ երեսուն հոգի կազմող արշաւախումբի մասնակցութեամբ: Ասիկա Տիգրանակերտի հետազօտութեան համար մինչ այժմ եղած ամենաքիչ նիւթական յատկացումն է: Ամէն տարի կը յաջողէի պետական նախկին նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի աջակցութեամբ որոշակի յաւելում կատարել: Եւ եթէ այս տարի որեւէ նոր գումար չաւելցուի՝ պիտի ունենանք Տիգրանակերտի պատմութեան ամենափոքր ծաւալի պեղումները»,- նշած է արշաւախումբին ղեկավարը:

Բացի այս բոլորը, ըստ անոր, հնարաւոր է միայն փոքրիկ ծրագիր մը հաստատել բարերարներու օգնութեամբ, որ հաւանաբար տրամադրուի անտիկ դամբարանադաշտի հետազօտութեան:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ այս տարի հնաւայրի ո՞ր հատուածներուն վրայ պիտի իրականացուին հնագիտական հետազօտման աշխատանքները, Պետրոսեան նշած է, թէ աշխատանքները նախ պիտի շարունակուին ամրացուած թաղամասի հիւսիսային պարսպապատի շարունակութիւնը բանալուն ուղղութեամբ: «Մենք քանի մը շաբաթ առաջ ինֆրակարմիր լուսանկարներ ըրած ենք, եւ կարծես թէ կրնանք ակնկալել, որ ապագային պիտի բանանք նաեւ պարսպապատի մուտքը, հակառակ անոր, որ ատիկա մեծ ծաւալի աշխատանք կը պահանջէ: Բացի այդ, վաղ քրիստոնէական հրապարակին վրայ քանի մը անհարթութիւն կայ, այս տարի պիտի փորձենք նաեւ անոնք հարթել»,- ընդգծած է ան:

Համլէթ Պետրոսեան նշած է, թէ նախապէս իրենք պեղած են մէկ անտիկ թաղամաս, որ անուանած են առաջին անտիկ թաղամաս: «Նմանատիպ առնուազն երեք-չորս անտիկ թաղամասերու հետքեր եւս կան: Մենք այս տարի պէտք է փորձենք պեղումներ իրականացնել նոր անտիկ թաղամասի տարածքին մէջ: Կախուած ժամանակի սղութենէն՝ հնարաւոր է միայն հետախուզական պեղումներ կատարուին»,- նշած է արշաւախումբի ղեկավարը:

Ըստ անոր նաեւ նախատեսուած են պեղումներ իրականացնել անտիկ դամբարանադաշտին մէջ, սակայն անիկա ունի ճարտարագիտական հետազօտութեան կարիք, եւ եթէ իրենք չյաջողին իրականացնելու ատիկա, կամ որեւէ արդիւնք չստանան, հաւանական է, որ փորձեն պեղել Խաչենագէտէն Տիգրանակերտ հասնող ջրանցքը, որ նաեւ փապուղիային հատուածներ ունի: «Ատիկա ժայռափոր ջրանցք է, եւ եզակի իր տեսակով, քանի որ Արարատեան դաշտէն դէպի այս կողմ նման կառոյց գոյութիւն չունի»,- ընդգծած է Համլէթ Պետրոսեան:

Թէ ի՞նչ սպասումներ ունին պեղումներու այս փուլէն՝ հնագէտը նշած է, թէ նոր բացայայտումներ հնարաւոր են, յատկապէս եթէ յաջողին անտիկ դամբարանադաշտի մէջ գոնէ քանի մը թաղում վաւերացնել: «Մեր ունեցած փորձով Տիգրանակերտի իւրաքանչիւր անտիկ թաղման վաւերացում կու տայ հնագիտական կարեւոր գտածոներ՝ խեցեղէն, զարդեր եւ դրամներ»,- նշած է ան:

Լուսանկարները՝ Համլէթ Պետրոսեանի

yerakouyn.com/?p=157398

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail