12 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
ՕԹԱՆ-ի` Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի հռչակագիրին մէջ Հայաստանին եւ շրջանի երկիրներուն մասին մէկ պարբերութիւն կայ, որուն մէջ ըսուած է.
«Մենք կը շարունակենք աջակցիլ մեր բոլոր գործընկերներու իրաւունքին` անկախ եւ ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցով` ազատ մնալով արտաքին ճնշումներէ եւ հարկադրանքէ:
Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Մոլտովայի տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան: Այս ծիրին մէջ, մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հարաւային Կովկասի, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի Հանրապետութեան մէջ տագնապներու խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերուն` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ փաստաթուղթին համապատասխան»:
aztagdaily.com/archives/400661