Աթաթուրքէն Ետք Էրտողան

12 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ա․ Ա․

Քեմալ Աթաթուրքէն ետք՝ Թուրքիոյ արդի պատմութեան մէջ քաղաքական ամէնէն ուժեղ անձը եղաւ Ռեճէպ Էրտողանը, որ քանի մը օր առաջ տուաւ իր նախագահական երդումը, դառնալով կառավարման նախագահական համակարգի առաջին նախագահը։

Թուրքիոյ սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք՝ նախագահական կանխահաս ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելով՝ Էրտողան քաղաքական իր ասպարէզը ապահովեց գէթ մինչեւ 2023, կառավարման բացառիկ իրաւասութիւններով եւ լծակներով, որոնց գործադրութեան առաջին իսկ ցուցանիշով՝ պետական գանձարկղի եւ ելեւմուտքի նախարար նշանակեց իր փեսան՝ Պերաթ Ալպայրաքը, որ արդէն Էրտողանի ելեւմտական հարցերով խորհրդականն էր եւ որուն անունին շուրջ Փանամայի թղթածրարին մէջ գոյութիւն ունի ելեւմտական բաւական լայնածաւալ գայթակղութիւն մը։

Էրտողան Թուրքիոյ առաջին նախագահն է, որ իր ունի բացառիկ լիազօրութիւններ՝ ուղղակիօրէն ղեկավարելու համար տնտեսական- ելեւմտական մարզերը, նշանակելու փոխ նախագահները, կազմելու կառավարութիւնը, նշանակելու նաեւ՝ սահմանադրական դատարանին անդամ դատաւորներուն կէսը։ Նախագահական համակարգի կառավարման անցնելով՝ Էրտողանի ՝՝Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում՝՝ կուսակցութեան վերնախաւը կը յոխորտայ, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը պիտի վերածէ առաջատար եւ զարգացած մարզի մը՝ լուծելու համար եօթանասուն միլիոնէ աւելի բնակչութիւն ունեցող երկրին ելեւմտատնտեսական հարցերը։

Սակայն ամէն ոք այս համոզումը չունի։

Առաջին հերթին ընդդիմութիւնը եւ միջազգային ընտանիքը ունին փաստարկուած իրողութիւններու վրայ հիմնուած լուրջ մտավախութիւններ, թէ Էրտողան կը ձգտի եւ կ՛ուղղուի դէպի ամբողջատիրութիւն եւ ամբողջատիրական կարգեր, ուր խօսքի ազատութիւնը եւ մարդու իրաւունքները կոպտօրէն կ՛ոտնակոխուին՝ տարբեր պատճառաբանութիւններով։ Էրտողանի ընդդիմադիրները լաւապէս կը գիտակցին, որ ան կը շահագործէ յատկապէս աշխատաւոր դասակարգը, որ երկար տարիներ աշխարհիկ կարգերու պաշտպան իրարայաջորդ վարչակարգերու կողմէ մեկուսացուած եւ առաւել ճնշուած էր։ Թէեւ այս դասակարգին շնորհուեցաւ համեմատաբար առաւել բարեկեցիկ կեանք մը, սակայն որուն դիմաց գինը, որ կը վճարուի՝ Էրտողանի ամբողջատիրական ախորժակներուն յագուրդ տալու մուրհակն է, որ այնքան ալ հանգստութիւն չի պատճառեր միջազգային հանրութեան։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ շրջանային եւ միջազգային քաղաքական ուղեգիծին մէջ որոշ թեքումներ Միջազգային ընտանիքը եւ յատկապէս ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներն ու Միացեալ նահանգները կը մղեն չափազանց զգուշ ըլլալու Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ, որովհետեւ ակնյայտ է Էրտողանի ձգտումները՝ վերադառնալու շրջանային եւ միջազգային բեմ, իբրեւ այնպիսի ուժ մը, որուն հետ անպայման պէտք է հաշուի նստիլ, նկատի ունենալ անոր դերակատարութիւնը եւ նոյնիսկ տարբեր պարագաներու ալ ընդունիլ, որ խաղին մէջ միակ ազդեցիկ կողմն է։ Անշուշտ Էրտողան այս քաղաքականութեան մէջ բնաւ մտահան չ՛ըներ, այլ օրէ օր աւելի կը շեշտէ Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի սահմաններուն մէջ ինկող աշխարհագրական տարածքներուն վրայ Թուրքիոյ ազդեցութեան տարածման անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ հովանաւոր եւ միջնորդ։

Այս ծիրին մէջ ալ Էրտողանի համար Ռուսաստան յատուկ նշանակութիւն ունի։ Անգարա- Մոսկուա մերձեցումը իրականացաւ բաւական սուր լարուածութեան հանգրուանէ մը ետք, ուր պահ մը ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, թէ Ռուսաստան զինուորական հարուած մը պիտի տայ Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ օդային սահմաններէն ներս ռուսական հալածիչի մը խորտակման դէպքէն ետք։ Սակայն հարցերը կամաց – կամաց լուծուեցան, կիրքերը հանդարտեցան եւ Փութին – Էրտողան իրարայաջորդ հանդիպումներու ընթացքին կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ Ռուսիա- Թուրքիա գործակցութեան ամրապնդումը՝ Սուրիոյ տագնապին լուծման ճիգերուն մէջ։Նաեւ՝ Թուրքիոյ կորիզային մարզի զարգացման ծրագիրներուն եւ յատկապէս՝ զինման մարզին մէջ,ուր ռուսական վարկով գնուած «Էս-400» տիպի գերարդիական հրթիռներու համակարգը նոր գլխացաւ մը պատճառեց Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի։

Շրջանային մակարդակի վրայ՝ էրտողան իր ձեռքերուն մէջ ունի երկու խաղաքարտեր։ Սուրիոյ տագնապը եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, որուն ուղղութեամբ յղուած պատգամը առաւել քան յստակ եղաւ։ Էրտողան՝ իր սովորութեան համաձայն, նախագահ վերընտրուելէն ետք՝ պաշտօնական առաջին այցելութիւնը տուաւ Ատրպէյճան, ուր նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ վերահաստատեց Թուրքիա- Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն «եղբայրական» բնոյթը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պարագային՝ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան անվերապահ զօրակցութիւնը։

Էրտողան քաղաքական եւ տնտեսական յստակ նպատակներ եւ ծրագրեր ունի՝ ամբողջապէս լիազօրուած նախագահի հանգամանքով Թուրքիան ղեկավարելու շրջանին մէջ։ Միայն ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ան իսկապէս պիտի յաջողի՞ իր առաջադրանքներուն մէջ, թէ՞ արդէն իսկ բռնատէրի նախանշանները ցոյց տուած՝ պիտի վերածուի ամբողջատիրական իշխանութեան մը մէկ սովորական իշխանաւորին։

yerakouyn.com/?p=157507

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail