Ակնարկ. Միջազգային Ընկալելիութիւն Ունեցող Հայկական Նոր Մօտեցումներ

13 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ:

ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին առիթով կայացած բազմաթիւ հանդիպումներուն ընթացքին փոխանցուած մօտեցումներուն եւ կատարուած յայտարարութիւններուն մէջ կարելի է առանձնացնել հետեւեալ միտքերը, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը յայտնած է Լաթվիոյ նախագահին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին:

Ա.- Հայաստանի ժողովրդավարական փոփոխութիւնները այս երկիրները իրարու աւելիով կը միացնեն եւ աւելի մօտ կը դարձնեն: Հայկական կողմը կ՛ակնկալէ նաեւ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը այս ճամբուն վրայ` աւելի ուժեղ դարձնելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Բ.- Ազրպէյճան կը շարունակէ շփման գիծի իրավիճակը լարելու գործելաոճը, քանի որ այդ երկրի նախագահը մտավախութիւն ունի, որ հայաստանեան ժողովրդավարական գործընթացները կրնան հասնիլ նաեւ Ազրպէյճան:

Գ.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ իրականացուող բանակցային գործընթացին. հիմնախնդիրի լուծման որեւէ ռազմական փորձ պէտք է դիտարկել իբրեւ ոտնձգութիւն ժողովրդավարութեան դէմ:

Դ.- Անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան կարծր արձագանգը Ազրպէյճանի կողմէ շփման գիծին մէջ իրավիճակը սրելու փորձերուն:

Ե.- Կառավարութեան քայլերը ուղղուած են ժողովրդավարութեան ամրապնդման. Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները յառաջիկային մտադիր են կազմակերպել եւ կայացնել ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ:

Այս հանդիպումին արծարծուած առանցքային մօտեցումները կը թուի, որ կ՛ամփոփեն մեր արտաքին քաղաքականութեան իրականացման ներկայ փուլի կարեւորագոյն շեշտադրումները:

Եւրոպական խորհրդարանի համաժամանակեայ բանաձեւերը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանին վերաբերող երկկողմանի ուղերձներ կը փոխանցէին. մեր պարագային դրական-քաջալերական, Ազրպէյճանի` բացասական-պայմանադրական:

Դրական-քաջալերականը հիմնովին կը վերաբերէր ժողովրդավարացման եւ այս պարագային եւրոպական կամ ընդհանրապէս արեւմտեան մօտեցումով յետխորհրդային ախտանիշերու վերացման միտումներուն, իսկ բացասական-պայմանադրականը` բռնատիրութեան, միանձնեայ կառավարական համակարգին եւ դարձեալ յետխորհրդային երկիրները յատկանշող ախտանշային առումով չհեռացող ղեկավարներու իրողութեան:

Հայկական կողմը, ի դէմս վարչապետին, լիարժէք կ՛օգտագործէ միջազգային հարթութեան վրայ գոյութիւն ունեցող այս ընկալում-դիրքորոշումի հիման վրայ ստեղծուող պահերը:

Հակադրելով Ազրպէյճանի բռնատիրական կարգերը հայաստանեան քաջալերուող ժողովրդավարացման գործընթացին` վարչապետը նպատակաուղղուած քայլ կ՛առնէ միջազգային հարուած հասցնելու Պաքուին եւ ատով իսկ հայանպաստ դիրքորոշումներ ապահովելու արցախեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին, շրջելու համար հաւասարեցման խաղի կանոնները:

Այս նոր բացատրութիւնը, որ պաշտօնապէս կու տայ Հայաստանի վարչապետը թէ՛ շփման գիծին եւ թէ՛ պետական սահմանին Ազրպէյճանի կատարած գործողութիւններուն, լրիւ կը տեղաւորուի միջազգային ընկալում-դիրքորոշումի այսօրուան իրականութեան ճշդած սահմաններուն մէջ:

Պաքուն յարձակողապաշտութեան նոր դրսեւորումներ կը կազմակերպէ` կանխարգիլելու համար ժողովրդավարական ալիքի Հայաստանէն Ազրպէյճան անցումը: Այստեղ միաժամանակ նուրբ ձեւով կը փոխանցուի նաեւ այն պատգամը, որ Երեւանը Հարաւային Կովկասի մէջ կարելի է դիտարկել իբրեւ ժողովրդավարական կարգեր արտահանող երկիր:

Այս յայտարարութեան քաղաքական փիլիսոփայութեան ամփոփումը այն է, որ ներկայ պահուն Երեւանը Պաքուի յարձակողապաշտութեան դրդապատճառներու պարզաբանման համար միջազգային մակարդակի վրայ ընկալելի նոր հնչեղութիւն կ՛ապահովէ եւ անոր հիման վրայ կարծր արձագանգ կ՛ակնկալէ միջազգային ընտանիքէն` զսպելու համար Պաքուի ախորժակները:

Իսկ այս վարքագիծի հետեւողականութեան համար Երեւանը իր պատրաստ ըլլալը կը յայտարարէ յառաջիկայ ընտրութիւնները ազատ, արդար եւ թափանցիկ կազմակերպելու համար, որոնք անպայման կրնան միջազգային հեղինակութեան նոր նշաձող ապահովել մեր երկրին, իսկ յաւելեալ բացասական պայմանադրական ճնշումներ` Պաքուին, յատկապէս նկատի ունենալով Գանձակի շրջանին մէջ պատահարները եւ Պաքուի իշխանութիւններուն հակազդեցութեան եղանակները:

aztagdaily.com/archives/400749

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail