ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովին Ընթացքին. «Սադրանքներու Դէպքերը Լուրջ Կասկածի Տակ Կը Դնեն Պաքուի Յանձնառութիւնը Խաղաղութեան Գործընթացին» Յայտարարեց Վարչապետ Փաշինեան
13 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտաքին յարաբերութիւններու գծով խորհրդական Արսէն Խառատեան իր ֆէյսպուքեան էջով կը տեղեկացնէ, որ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին` օրուան երկրորդ կիսուն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հանդէս եկած է ելոյթով: «Ելոյթէն առաջ եւ ետք Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցաւ ՕԹԱՆ-ի գլխաւոր քարտուղար Եանս Սթոլթենպերկի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի, Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի եւ Լիթուանիոյ նախագահ Տալիաս Կրիպաուսքայթէի հետ», գրած է ան:
Ստորեւ կու տանք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը ՕԹԱՆ-ի` Աֆղանիստանի մէջ վճռական աջակցութեան առաքելութեան նպաստող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպումին ընթացքին.
«Յարգարժա՛ն վարչապետ Միշել,
Յարգարժա՛ն նախագահ Կանի,
Յարգարժա՛ն ընդհանուր քարտուղար,
Յարգելի՛ գործընկերներ,
Նախ, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել վարչապետ Միշելին ջերմ հիւրընկալութեան համար: Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան միջազգային ջանքերուն նուիրուած այս հաւաքին մասնակցիլը ինծի համար պատուաբեր է:
Խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը կենսական նշանակութիւն ունին կայուն զարգացման համար. այդպիսին են նաեւ ժողովրդավարութիւնն ու ազատ շուկայական տնտեսութիւնը: Ինչպէս գիտէք, Հայաստանը վերջերս ձեռնամուխ եղած է կտրուկ փոփոխութիւններու` իր ժողովրդավարական ապագան կերտելու նպատակով:
Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակը Հայաստանի հասարակութեան հասունութեան յստակ դրսեւորումն էր, մարդու իրաւունքներուն եւ հիմնարար ազատութիւններուն անոր յանձնառութեան գրաւականը:
Տիկնայք եւ պարոնայք,
Այսօրուան հաւաքը վերստին կարեւոր կը նկատէ միջազգային անվտանգութեան խնդիրները եւ այդ հարցով առկայ հաւաքական մօտեցումը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Բոլորս կը համախմբէ ամուր հաւատքն ու պատրաստակամութիւնը` խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ կայունութիւն բերելու Աֆղանիստանի բարեկամ ժողովուրդին:
Մենք բարձր կը գնահատենք Աֆղանիստանի կառավարութեան` պետականաշինութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու ջանքերը: Ատիկա կարելի պիտի չըլլար առանց Աֆղանիստանի ժողովուրդին, բանակին եւ անվտանգութեան ուժերու անմնացորդ նուիրուածութեան եւ զոհողութեան: Այնուամենայնիւ, տակաւին շատ ընելիքներ կան, որպէսզի յառաջընթացը անշրջելի դառնայ:
Իբրեւ հաւաքական անվտանգութեան ջատագով, Հայաստանը պիտի շարունակէ նպաստել միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման ջանքերուն:
Խաղաղ գործընթացը կը պահանջէ կառուցողական մօտեցում եւ բոլոր կողմերու դիրքորոշումներու քննարկում: Հետեւաբար, մենք պէտք է համախմբենք միջազգային հանրութեան ջանքերը` բացառապէս խաղաղ լուծման հասնելու համար, որ շատ կարեւոր է եւրոպական անվտանգութեան համար ընդհանուր առմամբ:
2010-էն ի վեր Հայաստանը նպաստած է Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի կողմէ իրականացուող խաղաղութեան հաստատման գործողութեան, նախ` Միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժեր գործողութեան (ԻՍԱՖ), այնուհետեւ` «Վճռական աջակցութիւն առաքելութեան» շրջագիծին մէջ: Մենք կը գնահատենք արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ, ինչ որ, իմ կարծիքովս, ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ գործընկեր պետութիւններու միջեւ գործընկերութեան լաւագոյն եւ ամէն վառ օրինակներէն է:
Մենք պատրաստ ենք շարունակելու առաքելութեան մեր ներգրաւուածութիւնը մինչեւ 130 հոգինոց զօրախումբով: Մենք նաեւ յայտնած ենք մեր պատրաստակամութիւնը` մասնակցելու ՕԹԱՆ-ի Կայուն գործընկերութեան առաքելութեան, երբ անիկա գայ փոխարինելու Կայուն աջակցութիւն առաքելութիւնը:
Հայաստանը պիտի շարունակէ աջակցիլ Աֆղանիստանի գլխաւորութեամբ եւ Աֆղանիստանի մասնակցութեամբ իրականացուող ներառական խաղաղութեան գործընթացին: Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս շեշտել, որ մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ բարեկամ Աֆղանիստանի մէջ համակողմանի խաղաղութիւն, բարգաւաճում եւ կայունութիւն հաստատելուն միտուած միջազգային ջանքերուն:
Քանի որ խօսք եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին, ստիպուած եմ անդրադառնալու նաեւ այդ տագնապի լուծման, թէեւ այս հարցը անհամատեղելի է սոյն քննարկումներու ձեւաչափին հետ, քանի որ այս հաւաքը այլ նպատակներ կը հետապնդէ: ՕԹԱՆ միշտ եւ հետեւողականօրէն յայտարարած է, որ այդ տագնապին լուծման գործին մէջ որեւէ դերակատարութիւն չունի:
Այնուամենայնիւ, քանի որ հարցը արդէն բարձրացած է, ես կ՛ուզէի հակիրճ մեկնաբանել եւ ճշդումներ մտցնել կատարուած յայտարարութեան բնագիրին մէջ:
Հայաստանը, ինչպէս որեւէ ժողովրդավարական երկիր, կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափով: Այս տագնապը զինուորական ճամբով լուծելու որեւէ փորձ պէտք է դիտարկել իբրեւ յարձակում ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ խաղաղութեան դէմ:
Վերջերս Հայաստանի հետ սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ հրահրուած զինադադարի խախտման եւ սադրանքներու դէպքերը լուրջ կասկածի տակ կը դնեն Պաքուի յանձնառութիւնը խաղաղութեան հոլովոյթին: Մենք կը վերահաստատենք ձեռք բերուած նախորդ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը, յատկապէս Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներու ժամանակ ձեռք բերուածները, որոնք, ի շարս այլոց, ուղղուած են խաղաղութեան համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծման եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման»:
Վարչապետ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է Տոնալտ Թուսքի Հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքին հետ:
Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր կառավարութեան նպատակն է ամրապնդել ժողովրդավարութեան յաղթանակը, ապահովել երկրին մէջ օրէնքի գերակայութիւնը, դատական համակարգի անկախութիւնը, եւ որ այս ճամբով Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը եւ պատրաստ է վերջինիս հետ սերտ համագործակցութեան:
Տոնալտ Թուսք կարեւոր նկատած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ծաւալներու ընդլայնումը եւ ողջունած Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած համազգային միաւորումը: «Ես միշտ եղած եմ Հայաստանի բարեկամը: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ` իւրայատուկ էր եւ, ըսեմ ձեզի, շատ եւրոպական: Ձեր օրինակը շատ խոստմնալից էր եւ կրնաք ակնկալել Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը բարեփոխումները կեանքի կոչելու ճամբուն վրայ», ըսած է Տոնալտ Թուսք:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղուած տարբեր հարցերու շուրջ: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Հայաստանի վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանը հաւատարիմ է Մինսքի խմբակի համանախագահողներու հովանիին ներքեւ իրականացուող բանակցային հոլովոյթին եւ ընդգծած, որ տագնապը զինուորական տարբերակով լուծելու իւրաքանչիւր փորձ պիտի ըլլայ ոտնձգութիւն շրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն դէմ:
Փաշինեանի Հանդիպումը Ժան-Քլոտ Եունքերի Հետ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 12 յուլիսին հանդիպում ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ ժան-Քլոտ Եունքերի հետ: Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու խորացման, փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր:
Քննարկումի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ «Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրին:
Հայաստանի վարչապետը ողջոյններ փոխանակած է նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ:
Փաշինեանը Յոյսով Է, Որ Միջազգային Հանրութիւնը
Ուժեղ Ազդակ Պիտի Յղէ Պաքուիին
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Պրիւքսելի մէջ յայտարարած էր, թէ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելով կը նկատէ լարուածութեան աճ Լեռնային Ղարաբաղի հետ սահմանին, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքով:
«Ցաւօք սրտի, վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու առաջին իսկ օրերէն ես կը տեսնէի լարուածութեան աճ Լեռնային Ղարաբաղի հետ սահմանին, ինչպէս նաեւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի երկայնքով», յայտարարած է վարչապետ Փաշինեանը Լաթվիոյ նախագահ Ռայմոնտս Վէյոնիսի հետ հանդիպումին ընթացքին:
Հայաստանի վարչապետը նաեւ շեշտած է, որ ազրպէյճանական որեւէ յարձակում ո՛չ միայն յարձակում է Հայաստանի դէմ, այլ նաեւ` ժողովրդավարութեան դէմ:
«Ես կը կարծեմ, որ Ազրպէյճանի նախագահը որոշակի մտահոգութիւններ ունի, որ ժողովրդավարական հոլովոյթները կրնան Հայաստանէն տարածուիլ դէպի Ազրպէյճան, եւ որքան կը հասկնամ` անոնք կը փորձեն աճեցնել լարուածութիւնը, որպէսզի կանխեն ժողովրդավարական ալիքի տեղաշարժը Հայաստանէն Ազրպէյճան», ընդգծած է վարչապետը:
Վարչապետ Փաշինեանը Ոչ Պաշտօնական,
Աշխատանքային Հանդիպումներ Ունեցած Է
Շարք Մը Երկիրներու Ղեկավարներու Հետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի շրջագիծին մէջ 12 յուլիսին ոչ պաշտօնական, աշխատանքային հանդիպումներ ունեցած է շարք մը երկիրներու առաջնորդներու հետ: Վարչապետը հանդիպում ունեցած է Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանիի, Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշելի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի, Իտալիոյ վարչապետ Ճուզեփփէ Քոնթէի, Քանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի, Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէի, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի, Ուքրանիոյ նախագահ Պիոթր Փորոշենքոյի, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ-Փերեզ Քասթեխոնի, Մակեդոնիոյ վարչապետ Զորան Զայեւի, Սլովաքիոյ նախագահ Անտրէյ Քիսկայի եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ:
Վարչապետը նշուած պետութիւններու ղեկավարներուն եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ քննարկած է երկկողմանի եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներն ու երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր հարցեր:
Վարչապետը եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը քննարկած են Հայաստան-ՕԹԱՆ համագործակցութեան ընթացքին առնչուող հարցեր:
Մոկերինի Կոչ Ուղղած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի
Կողմերուն Առանց Նախապայմաններու Բանակցելու
Եւրոպական Միութիւնը ղարաբաղեան տագնապի բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ խնդիրի լուծման ծիրին մէջ առանց նախապայմաններու լիարժէք մասնակցելու բանակցութիւններուն: Այս մասին յայտնած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ծառայութիւնը` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի հանդիպումէն ետք:
Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավարը հանդիպումին ընթացքին հաստատած է աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:
«Այդ ծիրին մէջ չափազանց կարեւոր է, որ կողմերը լիարժէք մասնակցին բանակցութիւններուն` առանց նախապայմաններու` Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Ինչպէս կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, հանդիպումին քննարկուած են վերջին զարգացումները, եւ ընդգծուած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթացը:
Եւրոպական Միութիւնը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Հայաստանի մէջ յաջորդ ընտրութիւններու կազմակերպման եւ անոնց հսկողութեան:
«Կողմերը քննարկած են բարեփոխումներու վերաբերեալ Հայաստանի նոր կառավարութեան յստակ յանձնառութիւնը եւ այդ նպատակով արդէն ձեռնարկուած շօշափելի գործողութիւնները: Մոկերինի հաստատած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է շօշափելի աջակցութիւն տրամադրելու բարեփոխումներուն, ներառեալ` թեքնիք եւ ելեւմտական օժանդակութեան տրամադրման միջոցով, եւ ընդգծած է փտածութեան դէմ պայքարի եւ դատական բարեփոխման կարեւորութիւնը», նշուած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչը նաեւ ընդգծած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը կազմակերպման եւ հսկողութեան հետ կապուած աջակցութիւն տրամադրել յաջորդ ընտրութիւններու ժամանակ, որոնք պէտք է կատարուին ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակի առաջարկներու համաձայն», յայտնած է դիւանագիտական ծառայութիւնը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հանդիպումը
Վարչապետ Փաշինեանի Հետ
Երէկ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ գրասենեակի Եւրոպական Միութեան հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էվինեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Անոնք անգամ մը եւս շնորհաւորեցին վարչապետ Փաշինեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրուելուն համար, ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ ծաւալած ժողովրդային խաղաղ շարժումին լոյսին տակ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք:
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի պատուիրակութիւնը վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը զօրակելու Հայաստանի կառավարութեան` ամրապնդելու յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան, անոր անդամ երկիրներուն եւ Հայաստանի միջեւ, ինչպէս նաեւ պաշտպանելու հայութեան հիմնական իրաւունքները:
aztagdaily.com/archives/400847