
13 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ֆրանսան կ՛ողջունէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կարելիութիւն պիտի տայ, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բանակցային հոլովոյթը յառաջխաղացք արձանագրէ: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, Ֆրանսան ի՞նչ դիրքորոշում ունի հայկական կողմի` Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու մօտեցումին վերաբերեալ:
«Սակայն խօսքը կը վերաբերի բանակցային հոլովոյթին, որուն կը մասնակցին բազմաթիւ կողմեր: Պէտք է մասնակցող բոլոր կողմերը բանակցային ձեւաչափին առնչութեամբ հասարակ յայտարարի գան», ըսաւ ան:
Դեսպանը յիշեցուց, որ յունիսին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստանի մէջ էին` ծանօթանալու հայաստանեան նոր իշխանութիւններուն որդեգրած մօտեցումներուն: «Ատիկա բան մըն էր, որ կարելիութիւն ստեղծեց արդէն երէկ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Հայաստան-Ազրպէյճան հանդիպում կատարելու: Կարեւոր է, որ բանակցային հոլովոյթը շարունակական ըլլայ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած այն տեղեկութեան, թէ Ֆրանսան վերցուցած է Ազրպէյճանին զէնք վաճառելու սահմանափակումները, դեսպան Լաքոթ ըսաւ, որ Ֆրանսան մանրակրկիտօրէն կը կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնք կը բխին միջազգային օրէնքներէն` զերծ մնալ եւ ընդհանրապէս ո՛չ զէնք, ո՛չ զինամթերք մատակարարել, որոնք կ՛ենթադրուի, որ կրնան օգտագործուիլ Արցախի մէջ:
Ան նշեց, որ տագնապը չի կրնար ուժի կիրարկումով լուծում ունենալ: «Միայն խաղաղ լուծման միջոցով լուծում կրնայ առաջարկուիլ Լեռնային Ղարաբաղի ազգաբնակչութեան: Այս միտքը յայտնեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ Մաքրոնը Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին», ըսաւ դեսպանը` նշելով, որ կը պատկերացնէ եւ կը գիտակցի, թէ որքա՛ն ծանր կը կշռէ այս տագնապը հայ հասարակութեան համար:
Ֆրանսայի դեսպանը պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսան ե՞րբ կը պատրաստուի վաւերացնել Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրը, յայտնեց. «Կառավարութեան կողմէ համաձայնագիրի վաւերացման փուլը արդէն աւարտած է, հիմա մենք արդէն պէտք է թեւակոխենք խորհրդարանին կողմէ համաձայնագիրի վաւերացման փուլը»:
aztagdaily.com/archives/400836





