13 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակի օդային պաշտպանութեան համակարգերը չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերը դէմ դրած են Քնէյթրայի Քըրս Նաֆըլ շրջանին մէջ իսրայէլեան յարձակումներուն:
Զինուորական աղբիւր մը գործակալութեան յայտնեց, որ իսրայէլեան ռմբաձիգներ շարք մը հրթիռներ արձակած են սուրիական բանակի` Քնէյթրայի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Հատըրի եւ Թալ Քրում Ժապայի մերձակայքը գտնուող դիրքերուն դէմ:
Իսրայէլեան բանակը հաստատեց, որ սուրիական զինուորական երեք դիրքերու դէմ յարձակում գործած է: Բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը չորեքշաբթի գիշեր Սուրիոյ մէջ երեք զինուորական դիրքերու դէմ յարձակում գործած է` աւելցնելով. «Յարձակումը տեղի ունեցաւ իբրեւ հակադարձութիւն սուրիական օդանաւի մը կողմէ իսրայէլեան օդային տարածքը ոտնահարելուն»:
Յայտնենք, որ մէկ օր առաջ իսրայէլեան բանակը «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռ մը արձակելով վար առած էր Սուրիայէն բռնագրաւուած Կոլանի ուղղութեամբ թռիչք կատարած անօդաչու թռչող սարք մը:
Իսրայէլեան բանակը իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ պիտի շարունակէ խիստ եւ վճռական կերպով հակադարձել Իսրայէլի գերիշխանութեան ոտնահարման որեւէ փորձի, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի քաղաքացիները թիրախ դարձնելու բոլոր փորձերուն:
«Իսրայէլեան բանակը սուրիական վարչակարգը պատասխանատու կը նկատէ իր հողերուն վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ զայն կը զգուշացնէ մեր ուժերուն դէմ գործելէ», նշեց Ատրահի:
aztagdaily.com/archives/400811