14 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի երէկ Մոսկուայէն յայտնեց, որ Իրան, Սուրիա եւ Հըզպալլա սերտօրէն կը համակարգեն Սուրիոյ մէջ իրենց քայլերը` նշելով, որ իրանցի խորհրդականները պիտի հեռանան Սուրիայէն, եթէ օրինական իշխանութիւնները յայտնեն, որ անոնց պէտք չունին:
«Մենք Ուաշինկթընի պահանջով չեկանք, որ անոր պահանջով ալ հեռանանք», ըսաւ ան` սպառնալով ամերիկացիներուն ստիպել Միջին Արեւելքէն հեռանալ, եթէ ատիկա կամովին չկատարեն:
«Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն Իրաքը բաժնել երեք շրջաններու, իսկ Սուրիան` հինգ բաժիններու», աւելցուց Վիլայեթի:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդականը նաեւ յայտնեց, որ եթէ Իրան չկարենայ իր քարիւղը Հորմուզի նեղուցին ճամբով արտածել, ուրիշներ եւս պիտի չկարենան ատիկա կատարել` ընդգծելով, որ իր երկիրը վճռական է իր քարիւղը արտածելու հարցին մէջ` անկախ ամերիկեան պատժամիջոցներէն:
Վիլայեթի նաեւ ըսաւ, որ ինք Հելսինքիի մէջ Թրամփ-Փութին հանդիպումէն ոչ մէկ սպասում ունի, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չի գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ:
aztagdaily.com/archives/400982