Մայիսեան Փառապանծ Թուական – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

28 ՄԱՅԻՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մայիս ամիսը կը համապատասխանէ տարուան այն եղանակին, երբ բնութիւնը անգամ մը եւս կ՛արթննայ, կը նորոգուի եւ կը ծաղկի երկար ձմեռէ մը ետք:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մայիս ամիսը նաեւ մարմնացումն է ծաղկման, յոյսի, վերածնունդի, որովհետեւ այն ամիսն է, երբ աւելի քան 600 երկար տարիներու ստրկութենէ, զուլումէ, ջարդէ ետք, 1918 թուականին հայ ժողովուրդը, միասնակամ եւ միասնական պայքարէ ետք շղթաներէն կը ձերբազատուի եւ անգամ մը եւս անկախ հայրենիքի դրօշը կը ծածանի Արարատեան դաշտին վրայ` երկարացնելով իղձը, երազը միլիոնաւոր նահատակներու: Որեւէ կասկածէ վեր է, որ այս փառապանծ թուականը ամէնէն կարեւոր թուականն է արդի հայոց պատմութեան մէջ:

Մայիսի 28-ով մենք ճանչցուեցանք իբրեւ ազգ, վերագտանք մեր տժգունած ինքնութիւնը ու վերակերտեցինք մեր հոգեկան դիմագիծը: Ձեռք ձեռքի, սիրտ սրտի տալով` հայը գիտցաւ ո՛չ ըսել իր անագորոյն թշնամիին, ո՛չ ըսել թուրքի լուծին եւ ազատութիւն, անկախութիւն գոռալով` իրագործեց ամենապանծալի յաղթանակը` ծնունդ տալով Հայաստանի առաջին հանրապետութեան:

Այսօր, երբ պատմութեան ալեկոծ էջերուն մէջէն պահ մը ետ կը նայինք ու կը փորձենք վերապրիլ այդ օրերու դաժան պայմանները, կ՛անդրադառնանք, որ հարցը «լինել թէ չլինել»-ն էր եւ մեր նշանաբանը` «Մահ կամ ազատութիւն»: Հարիւր տարի ետք, երբ մեր հայրենի հրաշալի ժողովուրդին պողպատեայ կամքով ու անսակարկ նուիրումով ունեցանք 2-րդ անկախ հանրապետութիւնը, կը հաւատամ, որ հարցը տակաւին «լինել թէ չլինել»-ն է, եւ մեր կարգախօսը պէտք է մնայ «Մահ կամ ազատութիւն»:

Մեր հայրենիքը տակաւին պաշարուած է մեր դարաւոր թշնամիներով, տակաւին թուրքին հայաջինջ դամոկլեան սուրը կախուած է մեր գլխուն վերեւ, եւ մեր թշնամիին ցեղակից դրացի պետութիւնները ներշնչուած կը մնան Թալէաթի, Ապտիւլ Համիտի, Քեմալի ոգիով:

Թուրքի համաթուրանական երազները աւելի քան երբեք այժմէական են: Դարը փոխուած է, բայց թուրքին հայաջինջ երազը` ոչ: Սումկայիթի, Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ջարդերը վառ կը պահեն մեր մտքերուն մէջ թուրքերու հայաջնջումի նախընտրած ոճը, որ երբեք չի տարբերիր նախորդ տարիներու իրենց ոճէն:

Այս տուեալները կ՛ապացուցեն մեզի, որ տակաւին օրուան հարցը «լինել թէ չլինել»-ն է, եւ մեր հայրենիքի անկախութիւնը դեռ ամրապնդուած չէ: Ան փխրուն է եւ աւելի քան երբեք պէտք ունի մեր օժանդակութեան: Այժմ պէտք է բանանք մեր սիրտերը, վերապրեցնենք մեր մէջ մայիսեան աննման հերոսները` Արամն ու Նժդեհը, Քեռին ու Դրոն, Առիւծ Գեւոն ու Ռուբէնը, ու մենք դառնանք հերոսներ, գաղափարի հերոսներ` նուիրուած մեր սուրբ Դատին:

Մայիս 28-ի 100-ամեակի այս պանծալի առիթը մեզի կը պարտադրէ նոր հրամայականներ` հզօրացնել արդարութեան վրայ հիմնուած ներկայ անկախ հայրենիքը, զօրավիգ կանգնիլ անոր վսեմ ժողովուրդի կեանքի բարգաւաճման ու բարելաւման, ստեղծել ընկերային պայմանագիր մը, որ ծերունիին, անգործին ու վիրաւոր հայ զինուորին ապագան ապահովուած ըլլայ պետութեան կողմէ: Հայրենիք մը, որ ոչ միայն կը գնահատէ սփիւռքահայութիւնը, այլ նաեւ աջալուրջ կերպով պաշտպան կը կենայ եւ կը գուրգուրայ անոր յարատեւ հզօրացման:

100-ամեակի վեհ պատգամը, սուրբ նահատակներու արեան կոչը, սփիւռքահայ անհամար զոհուած հերոսներու երազը, արցախեան նահատակներու տենչն ու իղձը մեզ կը մղեն, որ անյապաղ եւ անտարակոյս եւ մեծ խոյանքով շարունակենք մեր նուիրումը, մինչեւ որ իրականացնենք երազներու երազը, որն է` միացեալ, ազատ, անկախ հայրենիքի կերտումը:

aztagdaily.com/archives/394731

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail