11 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ :
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Կանճայի (Գանձակ) մէջ տեղի ունեցած սադրիչ գործողութիւնները կը վկայեն, որ միջազգային ասպարէզի մէջ Ատրպէյճանի զարգացումն ու յաջողութիւնը լրջօրէն կը մտահոգէ որոշ օտար ուժեր, ներառեալ՝ Հայաստանը», Յուլիս 11ին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւ՝ մեկնաբանելով իր երկրին երկրորդ գլխաւոր քաղաքին մէջ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները:
Արդարեւ, Յուլիս 10ի երեկոյեան, ընկերային ցանցերու միջոցով քաղաքին մէջ կազմակերպուած ցոյցին մասնակցած են քանի մը հարիւր բնակիչներ՝ փորձելով իրենց աջակցութիւնը յայտնել քաղաքապետ Էլմար Վելիեւի դէմ անցեալ շաբաթ կատարուած մահափորձով մեղադրուող եւ այժմ բանտարկուած Եունիս Սաֆարովին:
Ոստիկանութիւնը փորձած է ցրուել հաւաքը. ոստիկաններուն ու ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցած են բախումներ, որոնց ընթացքին սպաննուած են երկու բարձրաստիճան ոստիկաններ։ Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ գործածած է եւ ձերբակալած 40է աւելի ցուցարարներ, մինչ ոստիկաններուն սպանութեան մէջ կասկածելի երկու անձերը կը հետապնդուին։
Ատրպէյճանի ընդդիմութեան ներկայացուցիչները վստահ են, որ աւելի քան 300,000 բնակիչ ունեցող այս քաղաքին մէջ իրավիճակը դուրս եկած է վերահսկողութենէ՝ քաղաքային իշխանութիւններուն եւ մասնաւորաբար ներկայիս Իսրայէլի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ դարմանուող քաղաքապետին զեղծարարութեանց իբրեւ հետեւանք:
Իր կարգին, նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիք Զուլֆուղարովի համոզումով՝ այս ճգնաժամին իրական մեղաւորները՝ Իրանի իշխանութիւններն են:
horizonweekly.ca