16 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ: ՄԱՐԶԱԿԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ամէն ինչ քաղաքական պրիսմակէ դիտելու կամ տարբեր ոլորտներու իւրաքանչիւր գործընթաց քաղաքականօրէն մեկնաբանելու համատարած երեւոյթը ֆութպոլի համաշխարհային մրցաշարքին առիթով ինքզինք աւելի տիրական դարձուց: Զանգուածային լրատուամիջոցներուն առընթեր ընկերային ցանցերը եւս գերյագեցած էին մեկնաբանութիւններով, ծաղրանկարներով, իւրաքանչիւր մրցումի արդիւնքին հետեւող քաղաքական վերլուծումներով:
Այս բոլորը առատ էին եւ օրինաչափ` այսօրուան համակարգի տրամաբանութիւններն ու զարգացման միտումները նկատի ունենալով: Առընթեր` միջազգային ամենալուրջ ու հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ո՛չ միայն մարզական, այլ նաեւ քաղաքական խմբագիրները հետեւութիւններ կը կատարէին այս բոլորի մասին:
Կային եւ դեռ կան անշուշտ քաղաքականօրէն մեկնաբանելու իրադրութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյնը պէտք է լոյսին բերել` նկատի ունենալով, որ վարագոյրը իջած է արդէն խաղադաշտերուն վրայ, այսուհանդերձ կը թուի, որ քաղաքական վերլուծումները պիտի շարունակեն պահել իրենց հնչեղութիւնը:
Նախ անշուշտ կազմակերպիչ երկրի խնդրայարոյց կարգավիճակը: Տնտեսաքաղաքական մեկուսացման ենթարկուած Ռուսիան նախագահական բարձրագոյն մակարդակի վրայ յատուկ քաղաքականութիւն մշակած էր եւ կիրարկած իր երկրի դիմագիծը ամենափայլուն տեսքով ցոյց տալու աշխարհին: Ռուսիոյ ազգային խումբի յաջողութեան առաջադրանքէն աւելի Ռուսիոյ կարեւորագոյն փորձաքարն էր ներկայ ժամանակներուն մէջ ամենակազմակերպ կատարողականութեամբ հանդէս գալը:
Եւ պէտք է պատկերացնել, թէ ինչ պիւտճէներու մասին է խօսքը` խաղադաշտերու, կեցութեան, փոխադրութեան պայմաններու, տարբեր ազգերէ համակիր զանգուածներ ընդունելու, մարզական միջազգային ֆետերասիոններու ներկայացուցչութիւններէ մինչեւ պետական բարձրագոյն պաշտօններ զբաղեցնող անձնաւորութիւններ հիւրընկալելու եւ ամիս մը ամբողջ այս բոլորի ապահովութիւնը ստանձնելու:
Միայն այն փաստը, որ արտառոց որեւէ միջադէպ չարձանագրուեցաւ կամ ապահովական որեւէ ցնցում տեղի չունեցաւ այս բոլորի ընթացքին, Մոսկուային կու տայ կարեւոր առաւել մը:
Յայտնաբար մեկուսացման միջազգային քաղաքականութիւնը ամբողջական չէր, որովհետեւ տնտեսական պատժամիջոցներուն կրնային ընկերակցիլ նաեւ մարզական մրցաշարքը խափանելու միջազգային այլ որոշումներ, եթէ կիրարկուէր ամբողջական մեկուսացումի մօտեցումը:
Պատահեցաւ նաեւ այնպէս, որ յատկապէս այս վերջին շրջանին որոշակիօրէն փոփոխութեան ենթարկուեցան Ուաշինկթըն-Մոսկուա յարաբերութիւնները, եւ փաստօրէն ֆութպոլի աւարտականի յաջորդ օրն իսկ կը կայանար հելսինքեան այնքան սպասուած միջնախագահական հանդիպումը: Ռուսական եւ ամերիկեան ջութակներու լարերը ներդաշնակելու նախադրեալներ կը պարզուին: Ֆութպոլի համաշխարհային մրցումի աւարտին եւ հելսինքեան հանդիպումի նախօրեակին նախագահ Թրամփ թուիթըրեան իր էջով կը շնորհաւորէ Մոսկուան, այս բոլորի բարձր կազմակերպման առիթով:
Միջազգային քաղաքականութեան կեդրոնացում խլած այլ ուղղութիւն մը այս առիթով բաւական մելան հոսեցուց եւ ելեկտրոնային տարածքներ նուաճեց:
Խնդիրը կը վերաբերէր գաղթականական միջազգային ալիքին: Արդէն ախոյեան խումբի բաղադրիչ տարրերու ծագումները նկատի ունենալով դիտարկումները անմիջապէս կը կեդրոնանային Ֆրանսայի ազգային խումբի կարեւոր հատուածի ծագումնաբանութեան վրայ` ընդգծելու համար, որ գաղթականական ալիքը խումբին շնորհեց աշխարհի ախոյեան ըլլալու հանգամանքը:
Հիմա բնականաբար նժարի վրայ կը դրուին բոլոր այն ոլորտները, ուր հասարակութեան գաղթական խաւը բերած է կարեւոր նպաստ եւ պատճառ հանդիսացած նոր նշաձողերու ապահովման, մինչ բանավէճերը կը թէժանան նժարին միւս կողմերու ներկայացումով: Հիմնականին մէջ այստեղ եւս քաղաքական մօտեցումները կը գերիշխեն եւ յաջողութիւններ կը վերագրուին գաղթականները ընդունած իրերայաջորդ իշխանութիւններուն, կամ` տնտեսական տագնապները կը վերագրուին գաղթականներու ներհոսքը արգելակած իրերայաջորդ այլ տեսակի իշխանութիւններուն:
Ամփոփիչ պատկերը ֆութպոլի համաշխարհային մրցոյթին այն է, որ լատինամերիկեան բեւեռը 2018-ին զիջեցաւ եւրոպական ցամաքամասին եւ որոշ փուլէ ետք մոնտիալը վերածուեցաւ ըստ էութեան եուրոյի: Աւելի ճիշդը, ափրիկեան գոյներով բնութագրուող եուրոյի: Զուգահեռ` երեւցաւ նաեւ ապամեկուսացման փորձ կատարելու մէջ կազմակերպական փայլուն կատարողականութեամբ հանդէս եկած Մոսկուան:
Հերթը Քաթարին է: Այն Տոհային է, որ ենթարկուած էր Ռիատի մեկուսացման քաղաքականութեան, դիւանագիտական սուր տագնապներէ ետք տակաւ վերագտած իր տնտեսական դերակատարութիւնը: Տոհան, որ այս անգամ մեկուսացման ենթարկուող այլ երկրի` Իրանի հետ կը կիրարկէ բնականոն յարաբերութիւններ եւ որ անպայման իր նախորդին նման պիտի աշխատի ֆութպոլը օգտագործել լիարժէք` քաղաքական հարցեր լուծելու ճանապարհին:
aztagdaily.com/archives/401214