16 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Այսօր Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ սպասուած վեհաժողովը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ 16 յուլիսին Հելսինքիի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին կատարեալ արդիւնքը պիտի ըլլար առանցքային հարցերու շուրջ քննարկման ուղիներու վերականգնումը:
«Կազեթա» կայքը կը նշէ, որ Լաւրով ընդգծած է, թէ ռուսական կողմը կ՛ակնկալէ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնիլ բոլոր բարդ հարցերուն շուրջ հեռահաղորդակցման ուղիներու վերականգնման մասին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ Փութին-Թրամփ հանդիպումը կարելի պիտի ըլլայ յաջող կոչել միայն այն պարագային, եթէ այդ հանդիպումէն ետք Մոսկուան ու Ուաշինկթընը սկսին բնական կերպով հաղորդակցիլ:
Լաւրովի փոխանցումով` ներկայիս Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան «հանգրուանային հաղորդակցութիւններ կ՛ունենան դիւանագիտական ու զինուորական աղբիւրներով»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Հելսինքիի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին իր ռուս պաշտօնակիցին հետ պիտի քննարկէ Ուքրանիոյ, Սուրիոյ եւ հիւլէական զէնքի տարածման կանխարգիլման վերաբերող հարցերը:
Ան ընդգծած էր, որ Փութինի հետ հանդիպումը պիտի կայանայ «ՕԹԱՆ-ի հոյակապ վեհաժողովէն ետք»:
«Պարոն Փութինի հետ պիտի խօսինք շարք մը հարցերու շուրջ` Ուքրանիոյ, Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի այլ հատուածներու, հիւլէական զէնքի տարածման կանխարգիլման մասին», ըսած է Թրամփ` Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Խօսելով հիւլէական զէնքի տարածման կանխարգիլման մասին` Թրամփ նշած է, որ «ատիկա կործանարար ճարտարագիտութիւն» է:
Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով իր կարգին յայտնեց, որ Թրամփ – Փութին հանդիպումին ընթացքին «պիտի քննարկուի սուրիական տագնապը, ներառեալ նաեւ այնտեղ Իրանի ներկայութեան հարցը: Ատիկա սուրիական խնդիրի հիմնական մասերէն է»:
aztagdaily.com/archives/401125