21 սեպտեմբեր 2015
Այնթապ նահանգին մէջ կ՚ապրի 2 միլիոն քաղաքացի, որուն միայն 5 առ հարիւրը բնիկ Այնթապցի է։ Եւ այդ 5 առ հարիւրի գրեթէ կէսը (այսինքն՝ 50 հազարը) կը կազմեն իսլամացած հայերը։ Սակայն անոնց մեծ մասը, ըստ մտաւորականի, կը մերժէ իր հայկական ծագումը՝ ըսելով.«Մենք իսլամ թուրք ենք»։ Շուրք 25 հազար իսլամացած հայ կ՚ապրի Այնթապի կեդրոնը, իսկ Նիզիփի եւ Պիրեճիքի բնակչութեան մէկ երրորդը բաղկացած է կրօնափոխ հայերէ
Այս օրերուն «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստան կը գտնուի թուրք ուսումնասիրող եւ թարգմանիչ Մուրաթ Ուչաներ։ Այնթապի բնակիչ Ուչաներ Երեւան գտնուելու ընթացքին այցելած է նաեւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն։ Օգտուելով առիթէն՝ Մելինէ Անումեան անոր հետ հարցազրոյց կատարած է իսլամացած հայութեան խնդիրներուն շուրջ։
***
«Ուչաներ մեզի յայտնեց, որ երբ 2005-ին սկսած է հետաքրքրուիլ Այնթապի պատմութեամբ, երբեմն հակասական տեղեկութիւններու հանդիպած է այդ նահանգին վերաբերող թրքական գիրքերուն մէջ։ Երբ 2006-ի վերջաւորութեան Այնթապի մէջ ծանօթացած է ծագումով այդ նահանգէն եղող խումբ մը ամերիկահայերու, անոնցմէ մէկը Այնթապի մասին անգլերէնով գիրք մը նուիրած է իրեն։ Սակայն զայն կարդալէ ետք իր գլխին մէջ բազմաթիւ հարցումներ ծագած են, եւ Ուչաներ, ի վերջոյ, որոշած է հայերէն սորվիլ, որպէսզի կարողանայ որոշ սկզբնաղբիւրներ կարդալ իր ապրած շրջանի վերաբերեալ, որովհետեւ ինք հետաքրքրուած է յատկապէս Այնթապի պատմութեամբ։
«Թուրք մտաւորականը կը կարծէ, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները պէտք է կատարուին շրջան առ շրջան, եւ այս տարածքի պատմութեան վերաբերեալ ճշգրիտ պատկերացում կազմելու համար անհրաժեշտ է հետազօտել ոչ միայն օսմանեան, այլ նաեւ՝ հայկական աղբիւրները։
«Ճիշդ այդ նպատակով Ուչաներ արեւմտահայերէն սորված է համացանցի միջոցով։ Եւ արդէն սկսած է հայերէնէ թրքերէն գիրքեր թարգմանել։ Մինչեւ հիմա ան թարգմանած է հետեւեալ երեք գիրքերը.«Այնթապի գոյամարտը», Այնթապի մէջ ՀՅԴ կուսակցութեան կոմիտէի պատմութիւնը ներկայացնող գիրք մը, ինչպէս նաեւ՝ «100 ժամ Այնթապի մէջ» պատմուածքը։ Այս գիրքերը, սակայն տակաւին չեն հրատարակուած։
«Առանձին-առանձին անդրադառնալով վերոնշեալ գիրքերուն՝ Մուրաթ Ուչաներ նշեց, որ «Այնթապի գոյամարտը» գիրքը թրքերէն թարգմանած է՝ մեկնելով հետեւեալ նկատառումէն. թրքական պաշտօնական պատմագրութիւնը միշտ ներկայացուցած է, թէ 1922-ին Այնթապի մէջ քեմալականները «պայքարած են ֆրանսական գաղութատիրական ուժերու դէմ», մինչ վերոյիշեալ գիրքը կը փաստէ, որ քեմալական ուժերը իրականութեան մէջ ոչ թէ պայքար մղած են «գրաւող Ֆրանսայի» դէմ, այլ՝ կռուած այնթապահայութեան դէմ։
«Ինչ կը վերաբերի Այնթապի մէջ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան կոմիտէի պատմութիւնը ներկայացնող գիրքին, Ուչաներ ընդգծեց, որ ատիկա ոչ թէ յատուկ նպատակով ընտրած է, այլ՝ զուտ պատահականօրէն, ուղղակի այդ գիրքը ունեցած է ձեռքի տակ։ Թարգմանիչի խօսքով այդ գիրքի շնորհիւ ակնյայտ կը դառնայ, որ սխալ է Թուրքիոյ մէջ եւ, յատկապէս, Այնթապի մէջ տարածուած այն ընկալումը, թէ Դաշնակցութիւնը ահաբեկչական կառոյց մըն էր, որ միայն զբաղած է մարդ սպանելով։ Ան շեշտեց, որ երբ կարդացած է այդ գիրքը, հասկցած է, որ յիշեալ կուսակցութեան անդամները իսկական մտաւորականներ էին, որոնք իրապէս կը սիրէին իրենց ժողովուրդը եւ կը պայքարէին յանուն անոր գոյութեան…Ան նաեւ ընդգծեց, որ ճիշդ այդ նպատակով զայն թարգմանած է, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ վերանայ այդ թիւր մտայնութիւնը։ Մուրաթ Ուչաներ նաեւ յայտնեց, որ Դաշնակութեան կոմիտէի մասին գիրքի խմբագիրը Ումիթ Քուրթն է։
«Թուրք ուսումնասիրողը մեր հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Երեւան եկած էր յատկապէս Այնթապի եւ անձամբ իրեն համար նշանաւոր ընտանիքի մը կենսագրութիւնը գրի առնելու նպատակով։ Խօսքը Խորէն Նազարեթեանի ընտանիքին մասին է, որ մահացած է 1951-ին։ Անոր երկու տղաքը Երեւանի մէջ շարունակած են զբաղիլ իրենց հօր մասնագիտութեամբ՝ լուսանկարչութեամբ։ Սակայն Ուչաներ չէ կրցած այստեղ գտնել զանոնք. Ի յայտ եկած է, որ անոնք մեկնած են Միացեալ Նահանգներ։
«Թուրք մտաւորականի խօսքով, եթէ 2015 թուականը կարեւոր տարի է բոլորիս համար, ապա Այնթապի պարագային էական տարի պիտի ըլլայ 2022 թուականը, որովհետեւ 1922-ին Ֆրանսան, Անգարայի պայմանագրով, Այնթապը յանձնեց Թուրքիոյ։ Այդտեղի հայերու մէկ մասը, որ փրկուած էր 1915-ի կոտորածներէն, 1919-ին վերադարձած էր Այնթապ, սակայն 1922-ին անոնք դարձեալ հարկադրուած եղան լքել իրենց հայրենիքը եւ այլեւս չվերադարձան…
«Մուրաթ Ուչաներ ըսաւ, որ ինք որոշած է 2022-ին պատրաստել գիրք եւ հրատարակել այդ տարելիցի կապակցութեամբ։ Գիրքը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ բնակող այնթապցի հայերու պատմութիւնները։
«Ան նաեւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ իր ակնկալածէն աւելի այնթապցի հայերու հանդիպած է, որովհետեւ բացի հայաստանցիներէն, եղած են նաեւ սուրիահայ այնթապցիներ։ Գրեթէ բոլորի հետ հաղորդակցած է ոչ թէ անգլերէնով, այլ՝ թրքերէնով։ Այսինքն՝ այստեղի այնթապցիները կը տիրապետեն թրքերէնին։
«Անդրադառնալով ընդհանրապէս Թուրքիոյ մէջ եւ մասնաւորաբար Այնթապի կրօնափոխ հայութեան խնդիրին՝ թուրք ուսումնասիրողը մեզի հաղորդեց, որ ներկայիս Այնթապ նահանգին մէջ կ՚ապրի 2 միլիոն քաղաքացի, որուն միայն 5 առ հարիւրը բնիկ Այնթապցի է։ Եւ այդ 5 առ հարիւրի գրեթէ կէսը (այսինքն՝ 50 հազարը) կը կազմեն իսլամացած հայերը։ Սակայն անոնց մեծ մասը, ըստ մտաւորականի, կը մերժէ իր հայկական ծագումը՝ ըսելով.«Մենք իսլամ թուրք ենք»։ Շուրք 25 հազար իսլամացած հայ կ՚ապրի Այնթապի կեդրոնը, իսկ Նիզիփի եւ Պիրեճիքի բնակչութեան մէկ երրորդը բաղկացած է կրօնափոխ հայերէ։
«Ուչաներ անոնց հայ ըլլալուն մասին տեղեկացած է իր կատարած բանաւոր պատմութեան ուսումնասիրութեան շնորհիւ, որովհետեւ այնտեղ բնակող բոլոր տարեցները գիտեն իսլամացած հայերը։ Բացի այդ՝ Այնթապի մէջ կրօնափոխ հայերուն «կեաւուր Ահմետի» կը կոչեն…
«Թէեւ 100-էն աւելի տարի անցած է, սակայն այնտեղի հայերը տակաւին չեն ազատած «կեաւոր» պիտակէն»։ Անոնց բարձր պաշտօններ չեն տար։ Եթէ նոյնիսկ սովորական արհեստներով կը զբաղին, երբեմն կը պատահին թուրքեր, որոնք անոնց ծառայութիւններէն չեն օգտուիր կամ անոնց ապրանքը չեն գներ՝ անոնց հայ ըլլալը գիտնալու պատճառով», նշեց Ուչաներ։
«Ըստ անոր, Այնթապի գիւղերուն մէջ մինչեւ հիմա կան վայրեր, որոնք կը կոչուին «Յակոբի թաղը» եւ այդպիսի անուններով։
«Ուչաներ համոզուած է, որ «քանի տակաւին Թուրքիան կը ղեկավարուի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ, կրօնափոխ հայերը չեն կրնար ազատօրէն արտայայտել իրենց ինքնութիւնը։ Եւ անոնց մեծ մասը երբեմն թուրքերէն աւելի թունդ իսլամ եւ ազգայնամոլ կը ձեւանայ։ Ես նկատի ունիմ Այնթապի մահմետական հայերը։ Անոնք նաեւ կ՚աշխատին լաւ յարաբերութիւններ պահպանել իշխանութիւններու հետ»։
«Ուչաներ նաեւ յայտնեց, որ Այնթապի տեղական իշխանութեան ղեկավարներու շրջանակին մէջ եւս կան կրօնափոխ հայեր, սակայն խուսափեցաւ անուններ տալէ՝ անոնց վնաս չհասցնելու նկառաումով։
«Կան իսլամացած հայեր, որոնք կարեւոր դիրք ունին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շարքերուն մէջ։ Անոնցմէ մէկը օրինակ, ինծի առիթով մը ըսաւ, որ ինք միայն 2 ղեկավար կը ճանչնայ՝ Ապտուլ Համիտը եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը։ Երբ ես անոր ըսի.«Բայց չէ՞ որ Ապտուլ Համիտը մեծ բռնապէտ եղած է յայտկապէս հայերու նկատմամբ…», ան պատասխանեց.«Ուրեմն հայերը արժանի եղած են ատոր»։ Տուեալ անձնաւորութեան զարմիկներու մէջ կան ոչ միայն իրենց ինքնութեան վերադարձած, այլ նոյնիսկ մկրտուած հայեր։ Այսինքն՝ այնտեղի իսլամացած հայերը հակասական դիրքորոշում ունին՝ կախեալ իրենց գրաւած դիրքէն եւ պաշտօնէն…», զրոյցի ընթացքին պատմեց թուրք մտաւորականը։
http://www.horizonweekly.ca