18 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐ:
Ն. Պէրպէրեան
Յուլիս 5-ի այս օրը, 1921 թուականին, աղիտաբեր տարեթիւ մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար։
97 տարի առաջ՝ 5 Յուլիս 1921ին, այսպէս կոչուած «Ռուսական Կոմունիստական Կուսակցութեան Կ. Կոմիտէի Կովկասեան Բիւրոն», առանց օրինականութիւններ փնտռելու եւ կարգուկանոն յարգելու՝ ստալինեան կամայական որոշումով մը՝ Ղարաբաղը պոկեց խորհրդային մականի տակ առնուած Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ բռնակցեց արդէն խորհրդային կարմիր դրօշ պարզած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան։
Ոչ միայն ապօրինի այդ որոշումին յաջորդած տարիներուն եւ տասնամեակներուն, այլեւ 1988ի Փետրուարին թափ առած Արցախեան Շարժումէն ետք ալ, շատ մելան հոսեցաւ ստալինեան այդ կամայական, անօրինական եւ, մանաւա՛նդ, անարդար որոշումին պատմաքաղաքական լուսաբանման եւ դատապարտման համար՝ ամբողջ եօթանասուն տարի թեր ու դէմ հակադիր ճամբարներու բաժնելով հայ քաղաքական մտքի հոսանքները։
Իսկ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման ու Արցախի Հանրապետութեան պատմակերտ նուաճումներէն ասդին, հայ քաղաքական միտքը երկու ուղղութիւններով իր քննարկումներն ու վիճարկումները կեդրոնացուցած է խորհրդայիններու այդ որոշման այժմէական արծարծման եւ իրաւական արժեւորումին վրայ։
Մէկ ուղղութիւնը հիմնաւորած ու դատապարտած է այդ որոշման կամայական, ապօրինի եւ անարդար բնոյթը։ Հիմնաւորած է, թէ ինչո՛ւ ստալինեան որոշումին մէջ իրաւական որեւէ հիմք գոյութիւն չէ ունեցած եւ պարզապէս Ռուսաստանի մեծապետական շահախնդրութեանց յագուրդ տուող գործարք մը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի բռնակցումը Ատրպէյճանին։
Երկրորդը՝ հիմնաւորած է իրաւագիտական յենակէտները ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային լիիրաւ ճանաչումին՝ իբրեւ քաղաքական-իրաւական հիմքը Արցախեան Հարցի բանակցային լուծման համար հայկական կողմին առաջադրած եւ պաշտպանած տեսակէտին։
Ի պատասխան ատրպէյճանական կողմի այն հետեւողական պնդումին, թէ իբր յանուն Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է վերադարձուի Ատրպէյճանի կազմին, հայկական կողմը իրաւաբանօրէն կը հիմնուի այն փաստին վրայ, որ ամբողջ Ղարաբաղը՝ դաշտային թէ լեռնային, երբեք մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ, հետեւաբար, անհիմն ու անհեթեթ է ամէն խօսակցութիւն Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման մասին։
Արդարեւ, եթէ 1921ին Ղարաբաղը յայտարարուած էր մէկ մասը Ատրպէյճանի, այդ քայլը իրաւաբանօրէն նախ եղած էր ապօրինի, ապա՝ բռնակցումը կատարուած էր ի սպաս Խորհրդային Ատրպէյճանի, այլ ոչ թէ անկախ եւ իբր թէ «ժողովրդավարական» Ատրպէյճանի։
Աւելի՛ն. բռնակցումին Ստալին փորձած էր տալ խորհրդային սահմանադրական հիմնաւորում՝ 1923ի Յուլիս 7ին արուեստականօրէն կեանքի կոչելով Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ մը, որ սակայն 1991էն ետք կորսնցուց այդ առումով եւս իրաւական ամէն շինծու հիմնաւորում, երբ նոյնինքն Ատրպէյճան մերժեց ճանչնալ Խորհրդային Միութիւնն ու անոր սահմանադրութիւնը եւ դուրս եկաւ Խ.Ս.Հ.Մ. կազմէն, նոյնիսկ նախքան անոր պաշտօնական լուծարումը։
Այլ խօսքով՝ նոյնինքն 5 Յուլիս 1921ի խորհրդային պաշտօնական որոշումէն մեկնելով, անոր անարդար բնոյթը շեշտելով հանդերձ, հայ ժողովուրդը իրաւական ամէն հիմք ունի կառչած մնալու այն փաստին, որ Ղարաբաղը իրաւականօրէն բնաւ մաս չէ կազմած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան։
Պատմութիւնը արձանագրած է, որ Ռուսական Կայսրութեան անկումէն յետոյ, Կովկասի մէջ սկսած ազգային պետութիւններու «ձեւաւորման» փուլին, ամբողջ Ղարաբաղը 1918-20 թուականներուն կռուախնձոր դարձաւ մէկ կողմէ ազգային-պատմական իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ, միւս կողմէ, թրքական զօրքերու ներխուժման պայմաններուն մէջ Անդրկովկասի թաթարաբնակ տարածքներէն ձեւաւորուած նորելուկ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ։
Այդ ատեն ծայր առաւ հայեւթաթարական դաժան պատերազմ մը, որուն ընթացքին Արցախը հերոսաբար պաշտպանեց ինքզինք եւ պապենական իր հողը։
Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը, իր կազմաւորման պահէն իսկ, շարունակաբար հողային պահանջներ ներկայացուց Անդրկովկասի հայկական շրջաններուն նկատմամբ:
Թրքական կանոնաւոր զօրքերն ու Ատրպէյճանի մուսաւաթական զօրամիաւորները, օգտուելով Առաջին Աշխարհամարտի եւ Ռուսական Կայսրութեան անկման հետեւանքով ստեղծուած խառնաշփոթ իրավիճակէն, փորձեցին իր աւարտին հասցնել հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան կողմէ 1915ին գործադրութեան յանձնուած ցեղասպանութեան ոճիրը։
1918էն 1920, համաթրքական մեծ պետութիւն մը հիմնելու ցնորական ծրագրով տարուած՝ թրքացեղ այդ զօրքերը բնաջնջեցին հարիւրաւոր հայկական գիւղեր, կազմակերպեցին հայերու ջարդեր Պաքուի եւ Գեանջայի մէջ:
Բայց նոյնինքն Ղարաբաղի մէջ թուրքեւատրպէյճանական զօրքերը բախեցան լուրջ դիմադրութեան եւ պարտուած նահանջի դիմեցին՝ հակառակ անոր, որ Արցախի ատենի մայրաքաղաք Շուշին 1920ի Մարտ 23ին հրկիզուած ու թալանուած էր, իսկ անոր հայ բնակչութիւնը կոտորուած։
Ճիշդ այդ ժամանակ, միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ համարեց միջամտել աննախընթացօրէն ողբերգական բնոյթ ստացած հակամարտութեան։
1920ի Դեկտեմբեր 1ին, Ազգերու Լիկայի 5րդ Կոմիտէն, իր 3րդ Ենթակոմիտէի զեկոյցին վրայ հիմնուելով եւ հակադարձելով Ատրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններուն ու ազերիներու ձեռամբ հայերու զանգուածային կոտորածներուն՝ միաձայնութեամբ որոշեց մերժել Ատրպէյճանի Հանրապետութեան դիմումը Ազգերու Լիկային անդամակցելու։
Օրին, Ազգերու Լիկան նաեւ որոշեց, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը, Ղարաբաղը ճանչնալ իբրեւ վիճելի տարածք եւ այդ որոշումին շուրջ համաձայնութեան յանգեցան հակամարտութեան առնչակից բոլոր կողմերը, անոնց շարքին եւ Ատրպէյճանը։ Այսպէ՛ս, 1918-20 թուականներուն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջանին, անոր գերիշխանութիւնը չէր տարածուած Ղարաբաղի, ինչպէս եւ Նախիջեւանի վրայ։
Այնուհետեւ, Անդրկովկասի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումին հետեւեցաւ քաղաքական նոր քարտէսի սահմանագծումը։
1920ի Դեկտեմբերի վերջերուն, Խորհրդային Հայաստանի հռչակումէն յետոյ, Կարմիր Բանակի զօրքերը, յատկապէս կարմիր համազգեստ հագած ազերիներով լեցուած, առանց սպասելու Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի իրաւավիճակի միջազգային իրաւական խաղաղ լուծման, բռնագրաւեցին հայապատկան զոյգ տարածքները:
Միաժամանակ՝ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն անմիջապէս յետոյ, Ատրպէյճանի Յեղկոմը (Յեղափոխական Կոմիտէն, որ պոլշեւիկեան այդ ժամանակուան իշխանութեան գլխաւոր մարմինն էր) պաշտօնական յայտարարութեամբ ճանչցաւ «վիճելի տարածքներուն» Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի Հայաստանի անբաժանալի մասն ըլլալը:
Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին ատրպէյճանական այդ յայտարարութեան պահուն, հայկական տարածքները իրողապէս մաս չէին կազմեր արդէն Խորհրդային Ատրպէյճանին։
«Վիճելի տարածքներ»ու նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն հրաժարելու մասին Խորհրդային Ատրպէյճանի յայտարարութեան եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կառավարութեանց միջեւ համաձայնութեան հիման վրայ, 1921ի Յունիս 21ին, Խորհրդային Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անբաժանելի մասը:
Հայաստանի կառավարութեան ընդունած համապատասխան Դեկրետը լոյս տեսաւ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի խորհրդային մամուլի էջերուն։ Պաքուի «Աշխատաւոր» թերթը, որ Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի օրգանն էր, 1921ի Յունիս 22ին լոյս ընծայեց Դեկրետը։ Այդպիսով, տեղի ունեցաւ Ղարաբաղի փաստացի միացումը Հայաստանին, ինչ որ միջազգային-իրաւական իմաստով Անդրկովկասի մէջ, կոմունիստական վարչակարգի ընթացքին, եղաւ վերջին օրինական քայլը Ղարաբաղի կարգավիճակին վերաբերեալ։
Միացման այդ քայլը ողջունեցին ինչպէս միջազգային հանրութիւնը, այնպէս ալ Ռուսաստանը, ինչ որ ամրագրուեցաւ Ազգերու Լիկայի ժողովի բանաձեւին մէջ (թիւ /18.XII.1920թ.), ինչպէս նաեւ Ազգերու Լիկայի գլխաւոր քարտուղարին՝ Ազգերու Լիկայի անդամ-պետութիւններուն ուղղուած տեղեկանք-նոթին եւ Ռ.Խ.Ֆ.Ս.Հ. արտաքին գործերու ժողովրդական Կոմիսարիատի (նախարարութեան — իշխանութեան բարձրագոյն մարմնին) Խորհուրդներու XI նստաշրջանին ուղղուած 1920-21 թթ. տարեկան զեկոյցին մէջ։
Շուտով, սակայն, Ռուսաստանի պոլշեւիկեան ղեկավարութիւնը, համաշխարհային կոմունիստական յեղափոխութեան օժանդակելու իր քաղաքականութենէն մեկնելով եւ Թուրքիոյ վերապահելով «Արեւելքի մէջ յեղափոխութեան ջահակիր»ի դերը, ըստ այնմ փոխեց իր վերաբերմունքը վերջինիս ազգային ծագումով մերձաւոր Ատրպէյճանի եւ «վիճելի տարածքներ»ու խնդրին, այդ շարքին նաեւ Ղարաբաղի նկատմամբ:
Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, Մոսկուայի ցուցմունքով, վերսկսաւ խօսակցութիւններ ձեռնարկելու Ղարաբաղի նկատմամբ իր յաւակնութիւններուն մասին:
Այսօր արդէն հանրագիտական հաստատուած տեղեկանք է, որ՝
«ՌԿ/բ/Կ Կովբիւրոյի պլենումը (նստաշրջանը), արհամարհելով Ազգերու Լիկային որոշումը եւ մերժելով ժողովրդական հանրաքուէն՝ իբրեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու որոշման ժողովրդավարական մեխանիզմ (աշխատակարգ), 1921ի Յուլիս 5ին, Ստալինի անմիջական ճնշումին տակ եւ ի հակադրումն միացման ակտի, արարողակարգային խախտումներով որոշում տուաւ Հայաստանէն Ղարաբաղի բռնի անջատման մասին՝ այդ հայկական տարածքներուն վրայ Ադրբեջանական Խ.Ս.Հ. կազմին մէջ լայն իրաւասութիւններով ազգային ինքնավարութիւն կազմաւորելու պայմանով»:
Ահա՛ նման՝ ապօրինի, կամայական եւ անարդար որոշումի մը կայացման չարաբաստիկ թուականն է 1921ի Յուլիս 5ը։
Այդ առումով ալ մեր օրերուն կատարուող աշխարհաքաղաքական մեծ զարգացումները, երբ Հայաստանի եւ հայութեան ապագային վերաբերեալ անարդար քաղաքական լուծում մը կը փորձեն պարտադրել՝ առանց հայ քաղաքական մտքին համաձայնութիւնը ապահովելու, փաստօրէն այդպիսով կը կրկնեն ստալինեան մեծ ոճիրը, որովհետեւ ազգային իր հունէն դուրս կը բերեն Հայոց Պետական Տունը՝ փորձելով զայն սոսկ լծորդ դարձնել մեծապետական ուժերու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան հաշիւներուն եւ ախորժակներուն։
http://www.yerakouyn.com/?p=157149
akunq.net/am/?p=60911