18 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԿՐՕՆԱԿԱՆ – ՀԱՐՑԵՐ:
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Տարիներ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի գրախանութ այցելութեանս ընթացքին ուշադրութիւնս գրաւեց, եւ գնեցի Կրեկորի Գրիգորեանին անգլերէն լեզուով հրատարակած «Through the eye of an Armenian needle» հատորը: Հեղինակը պատմականը կ’ընէր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան` անոր հիմնադրութենէն մինչեւ 20-րդ դար: Ան նաեւ կը յիշէր, որ իր աշխատասիրութիւնը ամփոփումն ու անգլերէնի թարգմանութիւնն էր Տիգրան Սայալանեանի «Երուսաղէմի պատմութիւն» երկու հատորով եւ 1385 էջերով ծաւալուն գիրքին, որ հրատարակուած էր Երուսաղէմի մէջ, 1931-ին: Կրեկորի Գրիգորեանը իր գիրքին առաջին հատորի սկզբնաւորութեան յիշատակած էր, որ Երուսաղէմի հայոց Աբրահամ պատրիարքը, 626-ին Մոհամետ մարգարէին այցելած է եւ անկէ ապահոված է ֆերման-հրովարտակ մը` ի պաշտպանութիւն հայոց պատրիարքարանին եւ իրաւունքներուն: Այս պատմական տեղեկութիւնը զիս տպաւորած էր օրին: Հետաքրքրութիւնս այս հարցով աւելի սրեցաւ, երբ քանի մը շաբաթ առաջ տեսայ մարգարէին տուած ֆերման-հրովարտակին լուսանկարը` «Armenian art treasures of Jerusalem» նկարազարդ հատորին մէջ, որ հրատարակուած էր Նիւ Եորք, 1979-ին: Ուստի որոշեցի իմ կարողութեանս սահմաններուն մէջ պզտիկ ուսումնասիրութիւն մը կատարել եւ յօդուած մը պատրաստել Մոհամետ մարգարէին եւ անոր յաջորդներուն կողմէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան տրուած ֆերմաններուն մասին: Ահաւասիկ` Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան հաստատման եւ Մոհամետ մարգարէին ու անոր յաջորդներուն կողմէ շնորհուած ֆերման-հրովարտակներու ամփոփ պատմութիւնը:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանը գոյութիւն ունեցած է դարերէ ի վեր: Ան ունի մօտաւորապէս 2000 տարուան պատմութիւն: Ան կարեւոր նշանակութիւն ունի հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Հայոց պատրիարքութիւնը մնացած է կանգուն եւ համահաւասար դիրքի վրայ` 600 միլիոնէ աւելի կաթոլիկ եւ 300 միլիոնէ աւելի ուղղափառ հաւատացեալներու պատրիարքութիւններու հետ: Այս` շնորհիւ հայ կղերականներու աչալրջութեան, խոհեմութեան եւ ժրաջան աշխատանքին ու ջանքերուն:
Հայեր գտնուած են Երուսաղէմի մէջ Քրիստոսի ապրած տարիներուն եւ անոր խաչելութենէն առաջ: Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուելէն ետք, 301-ին մեծ թիւով հայեր Հայաստանէն սկսած են ուխտագնացութիւն կատարել դէպի Երուսաղէմ: Անոնցմէ ոմանք հաստատուած են հոն: Հայերու թիւը կամաց-կամաց բարձրացած է, եւ անոնք ապրած են համախումբ: Անոնք հաստատած են եկեղեցիներ, վանքեր, ուխտատեղիներ եւ կրթական հաստատութիւններ:
Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբ վանք հաստատուած է Տրդատ թագաւորի օրով եւ միջոցներով: Երուսաղէմի հայկական բաժինը գոյութիւն ունեցած է Քրիստոսէ ետք 4-րդ դարուն:
Խումբ մը հայ վանականներ եւ ուխտաւորներ կը հաստատուին Սիոն լերան մօտ, հոն, ուր այսօր Սուրբ Յակոբ վանքը գոյութիւն ունի: Սուրբ Յակոբ վանքին մէկ մասը շինուած է 420-ին: Երուսաղէմի մէջ 6-րդ դարուն գոյութիւն ունեցած են 66 հայկական եկեղեցական հաստատութիւններ:
Տեղեկութիւններ կան, որ նոյնիսկ 254-էն սկսեալ հայ եպիսկոպոսներ յոյն օրթոտոքս եկեղեցականներու հետ Երուսաղէմի մէջ որոշ աշխատանքներ կը տանէին պահպանելու համար Յիսուսի կեանքին կապուած վայրերը:
Հայաստանի նախարարական տուները եւ եպիսկոպոսական աթոռները Երուսաղէմի մէջ շինած են բազմաթիւ վանքեր` որպէս հայ ուխտաւորներու նստավայր եւ հանգստեան կեդրոններ:
Վլատիմիր Պօղոսեանը իր գրութիւններուն մէջ յիշած է, որ, ըստ Գրիգոր Տաթեւացիի եւ Յովհաննէս վարդապետի, Գրիգոր (Լուսաւորիչ) ուխտագնացութեան գացած է Երուսաղէմ, սակայն ինքզինք արժանի չէ գտած Քրիստոսի գերեզման-սրբատեղին մտնելու, ուստի ան եօթը տարի ապրած է մօտակայ քառայրի մը` մէջ աղօթելով: Ետքը ան կը մտնէ Յիսուսի գերեզման-սրբատեղին եւ կը խնդրէ Տիրոջմէն, որ վայրը լուսաւորուի ի նշան Յիսուսի համբարձման: Հրաշքով հոն գտնուող ջահերը կը վառին: Այս հրաշքով Գրիգոր կը դառնայ «Լուսաւորիչ» ոչ միայն հայերուն համար, այլեւ` բոլոր քրիստոնեաներուն:
Հայոց պատրիարքութեան հիմնադրութեան վերաբերեալ պատմաբաններ կը նշեն, որ Քրիստոսի համբարձումէն ետք առաքեալները` հաւաքուած են Երուսաղէմի մէջ եւ ընտրած են Յակոբոս առաքեալը, որպէս առաջին եպիսկոպոս Երուսաղէմի: Ան իր աթոռը հաստատած է Սիոն լերան վրայ: Այս վայրին վրայ ներկայիս կը գտնուի հայոց Սրբոց Յակոբեանց տաճարը: Կը յիշուի նաեւ, որ այս տաճարին մէջ պահուած է Յովհաննէս աւետարանիչի եղբօր գլխատուած զաւկին գլուխը:
Երուսաղէմի առաջին պատրիարքը եղած է Ս. Յակոբ առաքեալը:
381-ին Պոլսոյ երկրորդ միջեկեղեցական համաժողովի օրերուն Երուսաղէմի եպիսկոպոսը պատրիարք կը հռչակուի:
Քրիստոսի խաչելութենէն մինչեւ Քաղկեդոնի ժողովը` 451, Երուսաղէմ ունեցած է մէկ համաքրիստոնէական պատրիարքական աթոռ, որուն հովանիին տակ կը գտնուէին հայ, յոյն, ասորի պատրիարքները, եւ ամէն ազգ ունեցած է իր սեփական վանքերն ու եկեղեցիները:
Քաղկեդոնի ժողովին ընդհանրական եկեղեցին ընդունած է Քրիստոսի երկբնակութեան բանաձեւը` մարդկային եւ աստուածային տարանջատուած բնութեամբ: Ըստ այս բանաձեւին, Քրիստոս թէ՛ մարդ էր եւ թէ՛ Աստուած: Հայերը հաւատարիմ մնալով առաջին երեք Տիեզերական ժողովներուն` Նիկիա 325-ին, Կ. Պոլիս 381-ին եւ Եփեսոս 431-ին, կը մերժեն Քաղկեդոնի բանաձեւը: Այս թուականէն սկսած է քրիստոնեայ եկեղեցւոյ երկփեղկումը: Երուսաղէմի միասնական աթոռը կը բաժնուի երկուքի` յոյներու պատրիարքութեան եւ հայոց պատրիարքութեան: Հայերուն կը միանան ասորիները, ղպտիները եւ եթովպիացիները, որոնք բոլորը հաստատ կը մնան Քրիստոսի միաբնակութեան, իսկ յոյները` երկբնակութեան:
Մոհամետի գալուստով եւ իշխանութեան տիրանալէ ետք իսլամական ուժերը կը յառաջանան դէպի Միջին Արեւելք, մասնաւորապէս` դէպի Դամասկոս եւ Երուսաղէմ, ուր արդէն քրիստոնեաներ եւ հրեաներ կ՛ապրէին: Մոհամետի իսլամական ուժերու յառաջխաղացքի ժամանակ հրեաները կը փորձեն բարեկամանալ այս ուժերուն հետ, որպէսզի տիրանան Երուսաղէմին եւ վտարեն քրիստոնեաները Երուսաղէմէն: Իսլամական ուժերը օգտագործելով հրեաներուն այս կեցուածքը` կը զօրացնեն իրենց յառաջխաղացքը դէպի Երուսաղէմ:
Այդ օրերուն Երուսաղէմի հայ համայնքին Աբրահամ պատրիարքը տեսնելով իսլամական արշաւանքի վտանգները եւ իսլամական ուժերուն հզօրութիւնը` կ՛որոշէ անձնապէս երթալ Մեքքէ եւ տեսնուիլ ու բանակցիլ Մոհամետ մարգարէին հետ` ապահովելու համար մարգարէին պաշտպանութիւնը: Աբրահամ պատրիարք խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ հայ երեւելիներուն հետ եւ 40 հոգիէ բաղկացած յատուկ պատուիրակութեամբ մը կը հասնի Մեքքէ: Մոհամետ մարգարէն սիրով, յարգանքով եւ ազնուութեամբ կ’ընդունի հայ պատուիրակութիւնը եւ կը լսէ Աբրահամ պատրիարքին առաջարկները: Հայ պատուիրակութիւնը, առաջնորդութեամբ Աբրահամ պատրիարքին, կը յայտնէ իր հպատակութիւնը մարգարէին: Աբրահամ պատրիարք կը ներկայացնէ իր առաջարկները Մոհամետ մարգարէին եւ կը յայտնէ իր պատրաստակամութիւնը` գործակցելու իրեն հետ ու կը խնդրէ ունենալ իր պաշտպանութիւնը Երուսաղէմի հայ համայնքին, եկեղեցական հաստատութիւններուն եւ քրիստոնէական պաշտամունքի իրաւունքը` առանց կաշկանդումի: Երկու կողմերը կը բանակցին եւ կը յանգին դրական որոշումներու: Մոհամետ մարգարէն կը հրատարակէ իր յատուկ Ֆերման-հրովարտակը, որուն մէջ մարգարէն կ’ըսէ.
«Ես` Մոհամետ, Ապտալլայի որդին, մարգարէն եւ ծառան Աստուծոյ, կու տամ իմ յարգանքս Աբրահամ պատրիարքին, կը պատուեմ զինք եւ Երուսաղէմի, Դամասկոսի եւ Արաբիոյ շրջակայ վայրերու բոլոր արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները եւ քահանաները, այլ խօսքով` այն ժողովուրդները, որոնք ենթակայ են Երուսաղէմի, այսինքն` եթովպիացիները, ղպտիները, ասորիները: Կը ճանչնամ եւ կ’երաշխաւորեմ անոնց վանքերը, եկեղեցիները, կրթութեան կեդրոնները, կալուածները եւ հողերը: Ես` մարգարէ Մոհամետ, Աստուծոյ վկայութեամբ եւ իմ շուրջս գտնուող 30 անձերուն, իմ հովանաւորութիւնս եւ պաշտպանութիւնս կը շնորհեմ եւ իմ ողորմութիւնս կը բաժնեմ հայոց եկեղեցիներուն, ուր որ ալ գտնուին` Երուսաղէմի ամբողջ տարածքին, Քրիստոսի սուրբ գերեզմանին, Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին, Բեթղեհեմի եկեղեցիին, բոլոր աղօթատեղիներուն, մենաստաններուն, Գողգոթայի ճանպարհին եւ սրբատեղիներուն: Նաեւ կ’ապահովեմ եւ կը վստահեցնեմ, որ իմ պաշտպանութիւնս կ’երկարի նաեւ քրիստոնեայ բլուրներուն, հովիտներուն ու քրիստոնեաներուն եկամուտի հաստատութիւններուն: Այս բոլորը կը յայտարարեմ իմ մարգարէի անունով եւ իմ հաւատացեալ իսլամներու անունով»:
Հայ պատուիրակութիւնը կը խոստանայ եւ կ՛երդնու, որ պիտի հպատակի Մոհամետ մարգարէին, պիտի ճանչնայ միայն իսլամ իշխանութիւնը, պիտի մերժէ բոլոր այլ իշխանութիւնները եւ պիտի կատարէ իր ու հայ համայնքին բոլոր նիւթական պարտաւորութիւնները` հանդէպ մարգարէին:
Մարգարէն իր յաջորդներուն պարտաւորութիւն կ՛արձանագրէ յարգելու համար իր` մարգարէ Մոհամետի այս յատուկ հրովարտակը եւ գործադրել անոր բոլոր մանրամասնութիւնները: Այս հանդիպման եւ հրովարտակի ստորագրութեան ներկայ կ՛ըլլայ Խաթթապի զաւակը` Օմար, որ պիտի դառնար մարգարէին յաջորդներէն մէկը եւ ինք պիտի հրատարակէր նոյնանման հրովարտակ մը եւ պիտի հաստատէր մարգարէին յատուկ հրովարտակը` տրուած Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին եւ անոր հօտին: Մոհամետի հրովարտակին մէջ ներառուած են Քուրանէն որոշ հատուածներ եւ գրութիւններ:
Մոհամետ մարգարէին տուած հրովարտակը կը դառնայ հայոց պատրիարքութեան կարգավիճակը որոշող պաշտօնական փաստաթուղթերուն առաջինը:
Մոհամետ մարգարէին տուած հրովարտակին բնագիրը գոյութիւն չունի Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի արխիւներուն մէջ: Սակայն այս հրովարտակին դեղնորակ թուղթով պատճէնը կը գտնուի պատրիարքարանի «Մարտիկեան» թանգարանին մէջ:
Հայ պատուիրակութիւնը կը վերադառնայ եւ կը վայելէ այս հրովարտակին բարի կամեցողութիւնը:
Մոհամետ մարգարէն կը մահանայ 632-ին եւ կը թաղուի Մետինէի մէջ: Անոր կը յաջորդէ Ապու Պեքիր, որ ինքզինք հռչակած է Աստուծոյ մարգարէին հետեւորդը եւ յաջորդը: Ան յառաջացած տարիք ունեցած է եւ չէ կրցած իր բանակը ղեկավարել: Ան բանակը յանձնած է բարձրաստիճան կարող զինուորական Ապու Օպէյտի: Ապու Պեքիր կ՛ապրի միայն երկու տարի եւ խալիֆայութիւնը կը յանձնուի Օմարի, 634-ին: Ապու Օպէյտ կը դառնայ Օմարի զինուորական ընդհանուր հրամանատարը: Անոր զօրքերը կը յարձակին Դամասկոսի եւ Երուսաղէմի վրայ ու կը պաշարեն զանոնք, կ՛արգիլեն ուխտաւորներուն Երուսաղէմէն դուրս գալը եւ մուտքը: Այդ օրերուն Երուսաղէմի պատրիարքը` Սոֆրոնիոսը եւ հայոց Գրիգոր պատրիարքը համախորհուրդ կ՛որոշեն տեղի տալ: Ուստի կը տեսնուին Ապու Օպէյտի հետ եւ կը յայտնեն, որ Երուսաղէմի գրաւումը Աստուծոյ քով զայրոյթ պիտի յառաջացնէ, քանի որ Երուսաղէմը սուրբ քաղաք է: Երկու պատրիարքները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն հպատակելու Օմարին:
Ապու Օպէյտ պատրիարքները լսելէ ետք Օմարին կը յայտնէ երկու պատրիարքներուն մտածումները: Օմար Մեքքէէն ճամբայ կ՛ելլէ եւ եւ կը հասնի Երուսաղէմի մօտերը: Ան իր վրանը կը տնկէ Ձիթենեաց լերան վրայ: Յոյն պատրիարքին եղբայրը կը բանակցի Օմարին հետ եւ կը յայտնէ քրիստոնեաներուն հպատակութիւնը իրեն եւ իսլամ իշխանութեան: Ան նաեւ կը կը խնդրէ Մոհամետ մարգարէին տուած հրովարտակին գործադրութիւնը: Օմար լսելէ ետք քրիստոնեայ պատուիրակը կը հրատարակէ իր հրովարտակը, որուն մէջ կը վերահաստատէ մարգարէին տուած հրովարտակին ամբողջութիւնը եւ ինք իր կարգին նոյնաման հրովարտակ մը կը հրատարակէ: Շուտով կը բացուին Երուսաղէմի դռները: Օմար կը մտնէ Երուսաղէմ իր հետեւորդներուն եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ: Ան կը շրջագայի Երուսաղէմի բոլոր սրբատեղիները եւ կ՛այցելէ Քրիստոսի գերեզմանի տաճարը եւ կ՛աղօթէ հոն: Ան կը հիանայ տաճարին ճարտարապետութեամբ եւ կ՛առաջարկէ պատրիարքին` տաճարին կից հող մը ունենալ, որպէսզի հոն մզկիթ մը կառուցուի ապագային: Այդ մզկիթը կը շինուի 935-ին եւ կը կոչուի «Ալ Օմարիէ»: Օմար քրիստոնեաներուն կը պարգեւէ քրիստոնէական պաշտամունքի ազատութիւն, սակայն կ՛արգիլէ եկեղեցիներուն զանգակներու գործածութիւնը: Ան կը դառնայ խաղաղասէր, արդարասէր եւ բարեսէր` հանդէպ քրիստոնեաներուն եւ հայերուն: Հայ ուխտաւորները ազատօրէն կ՛այցելեն Երուսաղէմ, սակայն` հետեւելով իսլամ կրօնի քաղաքացիական օրէնքներուն:
Օմար իր հրովարտակին մէջ կ՛անդրադառնայ Գրիգոր Ուրֆայեցի պատրիարքին եւ Երուսաղէմի հայերուն իրաւունքներուն եւ կը շնորհէ անոնց ապահովութիւն, պաշտպանութիւն եւ քրիստոնէական պաշտամունքի ազատութիւն:
Այս հրովարտակի հրատարակումէն ետք Գրիգոր պատրիարքը իր հօտին կը յանձնարարէ Օմարին վճարել իրենց հարկերը եւ կատարել նիւթական պարտաւորութիւնը: Օմար իշխանութեան վրայ կը մնայ 10 տարի եւ վեց ամիս: Ան կը սպաննուի Մետինէի մզկիթին մէջ աղօթելու ընթացքին, մահափորձով, 645-ին, սպասաւորի մը կողմէ, որ Լուլու կոչուած է: Օմար կը թաղուի Մոհամետ մարգարէի դամբարանին կից:
Խալիֆա Ալիի իշխանութիւնը կ՛երկարի 656-661: Անոր տիրապետութեան ընթացքին Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը եւ հայ ժողովուրդը կ՛արժանանան Ալիի հոգատարութեան: Ալի իր կարգին հայերուն եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան կը շնորհէ իր ֆերման-հրովարտակը, որ նմանօրինակ կ՛ըլլայ Մոհամետ մարգարէի եւ Օմարի կողմէ տրուած ֆերմաններուն:
Օմարէն ետք, մինչեւ 1097, ամբողջ չորս դար, իսլամական յաջորդական խալիֆայութիւններու ընթացքին Երուսաղէմ կռուադաշտ կը դառնայ հակաքրիստոնէական արշաւանքներու: Քանի՜ քանի՛ անգամներ Երուսաղէմ կը գրաւուի, կը կործանի, եկեղեցիներ եւ սրբատեղիներ կը քանդուին եւ քրիստոնեայ ժողովուրդը կը հալածուի ու կը կորսնցնէ իր պաշտամունքի ազատութիւնը: Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանը եւ հայ ժողովուրդը նոյն դժբախտութիւններուն կ՛ենթարկուին, սակայն կը տոկան եւ կը դիմագրաւեն բոլոր դժուարութիւնները` խիզախութեամբ եւ հաւատքի ներգործութեամբ:
1097-ին կը սկսի խաչակիրներու արշաւանքը: Անոնք կու գան եւ կ՛ազատագրեն Երուսաղէմը: Քրիստոնեայ բնակչութիւնը կը վերագտնէ իր ազատութիւնը` որպէս քրիստոնեայ ապրելու երաշխիքը: Յաջորդ երկու դարերու ընթացքին խաչակիրները քանիցս կ՛արշաւեն եւ կը վերագրաւեն սուրբ Երուսաղէմը ու կ՛ազատագրեն անոր քրիստոնեայ ժողովուրդը:
1187-ին Սալահէտտին կը դառնայ Եգիպտոսի Այեուպեան իշխանութեան հիմնադիրը: Ան Երուսաղէմը կը գրաւէ նոյն տարին: Սալահէտտին կը պարտադրէ Երուսաղէմի բնակիչներուն, որ լքեն Երուսաղէմը եւ դուրս ելլեն: Հարիւր հազար հաշուող բնակչութեան մեծ մասը դուրս կը վտարէ: Հոն կը մնան միայն 6000 հոգի, զորս կը ղրկէ Եգիպտոս` ծանր աշխատանքներ կատարելու: Սալահէտտին կը գրաւէ լատիններուն բոլոր եկեղեցիները եւ կ՛արգիլէ լատիններուն կատարել իրենց պաշտամունքը: Սակայն հակառակ այս բոլոր հակաքրիստոնէական կեցուածքներուն,
Սալահէտտին հայերուն մասնակի ազատութիւն կը շնորհէ եւ բարենպաստ մօտեցում կ՛ունենայ անոնց նկատմամբ: Այդ օրերուն Երուսաղէմի մէջ կ՛ըլլան 1000 հայ ուխտաւորներ, որոնք առանց տուրք վճարելու` դուրս կու գան Երուսաղէմէն: Երուսաղէմի գրաւման ժամանակ հայոց Աբրահամ պատրիարքը կը հանդիպի Սալահ Էտտինին իրեն հետ ունենալով խումբ մը եկեղեցականներ: Հայոց պատրիարքը Սալահէտտինին կը ներկայացնէ Մոհամետ մարգարէին կողմէ տրուած յատուկ հրովարտակը եւ փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ Օմարին կողմէ տրուած հրովարտակը: Սալահ Էտտին լսելէ ետք հայ պատրիարքը եւ իրազեկ ըլլալէ ետք ներկայացուած հրովարտակներուն, 1180-ին ինքն ալ կը հրատարակէ իր հրովարտակը եւ կը վերահաստատէ մարգարէին, Օմարին եւ Ալիին կողմէ տրուած հրովարտակներուն վաւերականութիւնը: Սալահ Էտտին մասնաւորապէս կը մատնանշէ իր հրովարտակին մէջ հայերու իրաւասութիւնները` եկեղեցիներու, սրբավայրերու, սուրբ Յակոբ վանքի, Բերշաւանքի, Բեթղեհեմի եւ Նապլուսի եկեղեցիներուն, Սուրբ գերեզմանոցի սրբավայրը եւ այլ սրբատեղիներուն ու մանաւանդ հայերու ազատ պաշտամունքի իրաւասութիւնը: Ան կը նուազեցնէ հայ վաճառականներուն եւ ուխտաւորներուն տուրքերը: Սալահէտտինի հրովարտակը հիմք կը ծառայէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան իրաւունքներուն եւ սեփականութիւններուն:
Սալահէտտին կ՛ունենայ 18 զաւակներ, որոնք իրենց հօր մահէն ետք կ՛ունենան մեծ եւ ծանրակշիռ հակառակութիւններ եւ պառակտումներ: Երուսաղէմը դարձեալ կռուախնձոր կը դառնայ հակամարտութիւններու: Քրիստոնեայ Երուսաղէմը երկար տարիներ կ՛ապրի խաւարի եւ բռնութեան մէջ: Հոս խաչակիրները դարձեալ կը յայտնուին եւ ի պաշտպանութիւն քրիստոնեայ Երուսաղէմին` կը հասնին օգնութեան:
1517-ին օսմանեան սուլթան Սելիմ կը գրաւէ Երուսաղէմը եւ կը հրապարակէ իր հրովարտակը` ֆերման, որ կը հաստատէ Մոհամետ մարգարէին, Օմարին եւ Սալահէտտինի կողմէ տրուած առանձնաշնորհումները` ի նպաստ Երուսաղէմի հայոց սուրբ Յակոբեանց աթոռին:
Սուլթան Սելիմի յաջորդը` սուլթան Սուլէյման թագաւորական ստորագրութեամբ կը հրատարակէ իր ֆերմանը` հաստատելով հայերու իրաւունքները Երուսաղէմի մէջ:
Օսմանեան տիրապետութեան 4 դարերու ընթացքին հայերը օգտագործած են իրենց կապերը թրքական իշխանութիւններուն հետ եւ ամրապնդած են համայնքին իրավիճակը: Սակայն յաջորդ երեք դարերու ընթացքին Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանը եւ հայ համայնքը կ՛ունենան դժուարին եւ մտահոգիչ կեանք: Տեղի կ՛ունենան հայ-յոյն համայնքներու վէճերը: Յոյները քանիցս կը փորձեն տիրանալ հայերու սրբատեղիներուն եւ իրաւունքներուն` կաշառելով թուրք իշխանական խաւը: Յոյները թուրք իշխանութիւններէն քանի՜ քանի՛ անգամներ կ՛ապահովեն իրենց ի նպաստ հրովարտակներ: Սակայն Երուսաղէմի հայոց պատրիարքներուն եւ անոնց օգնական կղերներուն խոհեմ եւ յամառ կեցուածքներուն շնորհիւ` թուրք սուլթանները հրատարակած են ի նպաստ հայերուն յատուկ հրովարտակներ: Այս հրովարտակներէն նշանաւորները եղած են` սուլթան Մեհմետ Չորրորդի հրովարտակը 1659-ին, սուլթան Մահմուտ առաջինի հրովարտակը 1735-ին, սուլթան Ապտուլ Մեճիտի հրովարտակը 1853-ին, որ Երուսաղէմի հայերու իրաւունքները սահմանող հրովարտակներուն վերջինը կը նկատուի:
Մոնրէալ, 10 յուլիս 2018
Աղբիւրներ
- Akgunduz, Ahmed, Prof., The Ottoman model in Jerusalem, Netherland
- Gharibian, Lucine, Reopening of Armenian museum in Jerusalem is a possibility, Media Max.
- Ghazarian, Jacob G., Armenians in Islamic Jerusalem, University of Oxford, Journal of Islamic Jerusalem studies, 2008
- Hagopian, Harry, Dr., The Armenian church in the holy land.
- Jewish virtual library, Jerusalem attractions, the Armenian Quarter
- Krikoryan, Gregory, Through the eye of an Armenian needle, Antilias, Լebanon, 2002
- Narkiss, Bezalel, Stone E. Michael, Sanjian, Avedik, Armenian art treasures of Jerusalem, New York, 1979
- The Holy land. Net, Church of James
- Պօղոսեան, Վլատիմիր, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւն, Մերձաւոր Արեւելք-պատմութիւն-մշակոյթ-գիտութիւնների ազգային ակադեմիա, Արեւելագիտութեան հիմնարկ, Երեւան, 2009
aztagdaily.com/archives/401411