
17 ՅՈՒԼԻՍ 2018 –ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ պէտք է մշակուի եւ ստորագրուի ռազմաքաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիր: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան:
«Որպէսզի 2 երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը իրաւական հիմքերու վրայ դրուի, կը կարծեմ, որ նման համաձայնագիրի անհրաժեշտութիւն կայ: Այդ համաձայնագիրը պէտք է ներառէ Հայաստանի ու Արցախի պարտաւորութիւնները, համաձայնութիւնները, քաղաքական համագործակցութեան բնոյթը պատերազմի պայմաններու մէջ, խաղաղութեան ժամանակ կամ լարուածութեան շրջանին», ըսած է Վահրամ Բալայեան:
Ան ըսաւ, թէ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիրի պարագային հակառակորդը կը հասկնայ, որ Արցախն ու Հայաստանը մէկ երկիր են:
«Այս պահուն մենք յառաջ կը շարժինք Արցախը միջազգային, իրաւական տեսանկիւնէն ճանչնալ տալու ճամբով: Պէտք է որոշակի իրաւասութիւններու եւ պարտականութիւններու տարանջատում ըլլայ, որպէսզի միջազգային հանրութիւնն ալ հասկնայ, որ 2 պետութեան կենսական շահն է իրարու հետ համագործակցիլը: Վստահաբար, ասիկա չի նշանակեր, որ Հայաստանի ու Արցախի միջեւ այսօր համագործակցութիւն չկայ, բայց կը կարծեմ, որ նման համաձայնագիր մը նոր լիցք պիտի հաղորդէ մեզի», նշած է Վահրամ Բալայեան:
Վ. Բալայեան ըսած է, թէ համաձայնագիրը կրնայ իր մէջ ուղերձ պարունակել, որ հետագային կայ Արցախը Հայաստանի կողմէ ճանչնալու պատրաստակամութիւն:
«Ասիկա նաեւ կը նպաստէ միջազգային ճանաչման գործընթացի աշխուժացման, որովհետեւ օտարներն ալ պիտի տեսնեն, որ Հայաստանը պատրաստակամութիւն ունի նման ճամբայ անցնելու», ըսած է ան:
Վահրամ Բալայեանի համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալէ ետք բանակցային գործընթացին համար որոշակի խոչընդոտներ պիտի յառաջանան, լարուածութիւնը կրնայ մեծնալ, բայց պատերազմը, անոր կարծիքով, պետութիւններու պատրաստուածութենէն կախեալ է:
«Մեր երաշխիքը հայկական բանակն է, ժողովուրդն է, որ միասնական է», աւելցուց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահը:
aztagdaily.com/archives/401641





