
19 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով շաբաթ օր յայտնեց, որ Թրամփ-Փութին հանդիպումին ընթացքին «պիտի քննարկուի սուրիական տագնապը, ներառեալ այնտեղ Իրանի ներկայութեան հարցը: Ատիկա սուրիական խնդիրին հիմնական մասերէն է»: Ռուսական կողմը այդպիսով իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց իրանեան ներկայութեան շուրջ բանակցելու:
Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ Ռուսիոյ նախագահը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի «մեծ երկրպագուն է, ան շատ կ՛օգնէ անոր եւ ասկէ ետք ալ պիտի օգնէ, ինչ որ շատ լաւ է բոլորիս համար»` չճշդելով, թէ ճիշդ ի՞նչ նկատի ունի, որովհետեւ պէտք չկար ատիկա կատարելու. Փութին տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին արդէն նշած էր, թէ Սուրիոյ հարաւային շրջանի ահաբեկչական խմբաւորումներէն ազատագրումէն ետք պէտք է վերադառնալ Կոլանի շրջանին մէջ զինադադարի դրութեան, եւ այդտեղի կացութիւնը պէտք է վերադառնայ 1974-ի համահունչ եղող նախկին իրավիճակին:
Այսպիսով, յստակացաւ Հելսինքիի վեհաժողովին ընթացքին գոյացած, Թրամփի խօսքով` «լաւ արդիւնքներ»-էն մէկը. Ռուսիան յանձն կ՛առնէ իրանեան ուժերն ու Հըզպալլան հեռացնել Կոլանի շրջանէն: Այդ քայլը որոշ չափով կը փարատէ Իսրայէլի մտավախութիւնը, սակայն պարզ է, որ պիտի չըլլայ ձրի: Իրանեան կողմը փոխարէնը պիտի պահանջէ հատուցում. այլ հարց, թէ պիտի ստանա՞յ եւ ի՞նչ պիտի ստանայ: Միւս կողմէ, արդէն որոշ ատենէ մը ի վեր կը խօսուի Սուրիոյ հարցով ռուս-իրանեան տարակարծութիւններու մասին, որոնց վրայ Հելսինքիի մէջ հարաւային Սուրիոյ շուրջ գոյացած ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան ազդեցութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ նշեալ փոխհատուցման գոյութենէն ու որակէն:
Յստակ է, որ Ուշաքովի նշածին նման քննարկուած է «Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութեան հարց»-ը, որ առայժմ աւելի դժուար լուծելի է, քան հարաւային Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութեան մասնակի հարցը, որովհետեւ Իրան Սուրիոյ մէջ ներկայ է երկրի իշխանութիւններուն արտօնութեամբ, ուստի անոր ներկայութիւնը օրինական է: Այդ ներկայութեան հարցի լուծումը կրնայ անհամեմատ աւելի դիւրին դառնալ Սուրիոյ տագնապին լուծումէն ետք: Ահա թէ ինչու երկու կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը կարելի առաւելագոյնին շուրջ է:
aztagdaily.com/archives/401596





