Թուրքիայէն Արտաքսուած Ամերիկացի Ուսուցչուհին Կը Շահի Դատը Եւրոպական Դատարանին Մէջ

20 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ – ՀԱՐՑԵՐ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջերս տեղեակ դարձայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ամերիկացի ուսուցչուհիի մը արտաքսման մասին, որով խախտուած էր անոր ազատ արտայայտուելու իրաւունքը։

8 Ապրիլ 2008ին, «Կէյթսթոն» հիմնարկի հրապարակած յօդուածին մէջ, թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութ նշած է, որ Պոլսոյ համալսարանի, հետագային նաեւ Թուրքիոյ Կազիանթեպի Միջին Արեւելքի արհեստագիտական համալսարանի դասախօս Նորմա Ժաննա Քաքս «իր ուսանողներուն եւ գործընկերներուն հետ խօսած է 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան, քիւրտերու բռնի ձուլման մասին եւ բողոքած՝ «Քրիստոսի Վերջին Գայթակղութիւնը» ժապաւէնին դէմ: Այս «յանցագործութիւններուն» համար ձերբակալած են զայն, գործէ արձակած եւ վերջապէս՝ երկրէն արտաքսած: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը պնդած է, որ Քաքս արտաքսուած էր եւ արգիլուած էր անոր վերադարձը Թուրքիա՝ «իր անջատողական գործունէութեան պատճառով, բան մը, որ անհամատեղելի էր երկրի ազգային անվտանգութեան հետ»: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած իր դատական հայցով Քաքս դատապարտած է Թուրքիան՝ իր արտայայտուելու իրաւունքը խախտած ըլլալուն համար, եւ պնդած, որ իր իրաւունքները խախտուած են Թուրքիոյ կողմէ՝ քրիստոնէական հաւատքի եւ տարբեր կարծիքներու պատճառով»։

Որովհետեւ Քաքսի գործը լայն արձագանգ չէր ունեցած, ես փնտռեցի անոր դատական հայցը՝ ընդդէմ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու, եւրոպական դատարանին մէջ. հայցը ներկայացուած էր 28 Օգոստոս 2002ին, եւ դատարանը 20 Մայիս 2010ին որոշում կայացուցած էր Քաքսի օգտին։

Ահա՝ անոր դատական ծաւալուն գործին մանրամասնութիւնները.

23 Սեպտեմբեր 1985ին Կազիանթեպի փոխնահանգապետը նամակ յղեց ներքին գործոց նախարարութիւն՝ միջնորդելով, որ ֆիլատելֆիացի Քաքս արտաքսուի Թուրքիայէն՝ իր «վնասակար գործունէութեան» պատճառով: Ան կը մեղադրուէր՝ համալսարանին մէջ իր ուսանողներուն եւ գործընկերներուն ըսելուն համար, որ «թուրքերը տեղահանած են հայերը եւ կոտորած զանոնք: Բացի ասկէ, թուրքերը ձուլած են քիւրտերը եւ իւրացուցած անոնց մշակոյթը», ինչպէս յայտարարած է Եւրոպական դատարանը: 1986ին Քաքս արտաքսուեցաւ Թուրքիայէն եւ արգիլուեցաւ անոր հետագայ մուտքը երկիր: Հետագային ան վերադարձաւ Թուրքիա եւ ձերբակալուեցաւ՝ «Քրիստոսի Վերջին Գայթակղութիւնը» ժապաւէնին դէմ թռուցիկներ տարածելուն համար: 1989ին ան դարձեալ արտաքսուեցաւ Թուրքիայէն: 1996ին Քաքս անգամ մը եւս վերադարձաւ Թուրքիա եւ անկէ մեկնելէ ետք պաշտօնեաները անոր անձնագիրին մէջ կնքելով՝ արգիլելեցին Թուրքիա մուտք գործել։

14 Հոկտեմբեր 1996ին, Անգարայի դատարանին մէջ Քաքս դատական հայց ներկայացուց Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան դէմ՝ պնդելով, որ իր արտաքսումը՝ «ներքին օրէնսդրութեան, (Թուրքիոյ) սահմանդրութեան եւ միջազգային պայմանագիրներու, ներառեալ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական պայմանագիրի 9րդ յօդուածի խախտում է: Ներքին գործոց նախարարութիւնը դատաւորին յայտնեց, որ Քաքս «զրոյցներ ունեցած է իր ուսանողներուն եւ գործընկերներուն հետ՝ թուրքերու կողմէ քիւրտերու եւ հայերու ձուլման, թուրքերու կողմէ երկրէն հայերու բռնի տեղահանման եւ Ցեղասպանութեան իրականացման մասին»: 19 Հոկտեմբեր 1997ին Անգարայի դատարանը մերժեց Քաքսի հայցը: Անոր բողոքը Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանին մէջ մերժուեցաւ 20 Յունուար 2000ին։

Այնուհետեւ Քաքս Թուրքիոյ դէմ բողոք ներկայացուց Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան, 28 Օգոստոս 2002ին: Դատարանը եզրակացուց, որ «միջամտութիւն եղած է դիմում ներկայացնողի իրաւունքներուն, որոնք երաշխաւորուած են (Եւրոպական) պայմանագիրի 10րդ յօդուածով», ուր ամրագրուած է, թէ «Իւրաքանչիւր անձ ունի ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունք: Այդ իրաւունքը կը ներառէ իր կարծիքին վրայ մնալու, տեղեկութիւններ եւ գաղափարներ ստանալու եւ տարածելու ազատութիւնը՝ առանց պետական մարմիններու միջամտութեան եւ անկախ պետական սահմաններէն»: Աւելին, Եւրոպական դատարանը որոշած է, որ «դիմում ներկայացնողի մուտքի արգելքը Թուրքիա՝ նախատեսուած էր ճնշելու համար անոր արտայայտուելու ազատութեան վրայ, այլ նաեւ խափանելու համար անոր գաղափարներու տարածումը»։

Քաքս Եւրոպական դատարանէն պահանջած է 100 հազար եուրօ վնասուց փոխհատուցում, որովհետեւ «արտաքսման պատճառով ստիպողաբար հեռացած է Թուրքիայէն եւ կորսնցուցած է իր աշխատանքը եւ եկամուտը»: Ան նաեւ պահանջած է 100 հազար եուրօ՝ «ոչ նիւթական վնասի» համար։

Եւրոպական դատարանը որոշեց Քաքսի ներկայացուցած բողոքին միայն արտայայտուելու իրաւունքի խախտումը նկատի առնել՝ անտեսելով Քաքսի արտաքսումն ու աշխատավարձքի եւ եկամուտի կորուստը Թուրքիոյ մէջ: Իբրեւ արդիւնք՝ դատարանը հրահանգեց Թուրքիոյ կառավարութեան՝ 12 հազար եուրօ վճարել Քաքսի, դատավճիռի կայացումէն ետք երեք ամսուան ընթացքին «ոչ նիւթական վնասի» համար, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու որեւէ եկամտահարկ, որ հաւանական է ան վճարէ՝ իրեն հատուցուած գումարին դիմաց: Եթէ Թուրքիոյ կողմէ վճարումը կատարուի երեք ամսուան վերջնական ժամկէտէն ետք, ապա պարտաւոր է վճարել տոկոս՝ երեք տոկոսային կէտով աւելցուած պարզ տոկոսադրոյքին՝ Եւրոպական կեդրոնական դրամատան վարկային տոկոսադրոյքին հաւասար։

Քաքս նաեւ ծախսերու դիմաց պահանջեց 20 հազար եուրօ, սակայն ան չներկայացուց որեւէ հաշիւ կամ այլ տեղեկութիւն՝ այդ պահանջը հաշուարկելու համար: Նման տեղեկութեան եւ հիմնաւորման բացակայութեան պայմաններուն մէջ, դատարանը այս առնչութեամբ որեւէ որոշում չէ կայացուցած:

Անցեալ շաբաթ, Նորմա Ժաննա Քաքս ինծի ըսաւ, որ կը փափաքի վերադառնալ Թուրքիա՝ իբրեւ «քրիստոնեայ միսիոնար՝ Աւետարանը քարոզելու համար»: Քանի մը արտաքսումներէ ետք, քանի մը տարի առաջ ան անգամ մը եւս փորձեց մեկնիլ Թուրքիա: Երբ ան ժամանեց Պոլսոյ օդակայան, անոր թոյլ չտուին մուտք գործել երկիր եւ յաջորդ թռիչքով զայն Միացեալ Նահանգներ վերադարձուցին…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail