Անդրադարձ. Արշակ Թագաւորի Դրուագի Թրամփեան Տարբերակը

20 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, երկուշաբթի օր Հելսինքիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանելով նոյեմբեր 2016-ի նախագահական ընտրութեան ռուսական միջամտութեան մասին հարցումի մը, յայտարարեց. «Միշտ ըսած եմ, թէ ամերիկեան ընտրութիւններուն ընթացքին նախագահ Փութինի հետ դաւադրութիւն չկար, եւ զինք չէի ճանչնար… չեմ կարծեր, որ Ռուսիան տիկին Հիլըրի Քլինթընի երեք հազար ելեկտրոնային նամակները կորսնցուց»: «Մարդիկս քովս եկան… ըսին, որ կը կարծեն, թէ Ռուսիան է: Նախագահ Փութինը կողքիս է. ան քիչ առաջ ըսաւ, թէ Ռուսիան չէր: Այս պիտի ըսեմ. «Պատճառ չեմ տեսներ, որ այդպէս (Ռուսիան) ըլլայ», նշեց ան:

Երկու օր ետք, Թրամփ «Սի.Պի.Էս.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ կը հաւատայ, որ Ռուսիան իրապէս միջամտած է նոյեմբեր 2016-ի ընտրութեան, եւ միջամտութեան համար պատասխանատու կը նկատէ Փութինը` նշելով, որ նախապէս բազմիցս յայտարարած է, թէ Ռուսիան իրապէս միջամտած է ընտրութիւններուն:

Իր «բազմիցս յայտարարած»-ին մասին Թրամփի հակասական կեցուածքները, սակայն, Արշակ թագաւորի դրուագի մէկ ժխտական տարբերա՞կն է, թէ՞ Թրամփի անկանխատեսելի ըլլալուն կողքին նաեւ անվստահելի ըլլալուն ապացոյցը: Ան նախագահ ընտրուելէ անմիջապէս ետք իր երկիրը դուրս բերաւ կենսոլորտի հարցով Փարիզի համաձայնագիրէն, ապա Իրանի հետ 2015-ին կնքուած Գործողութիւններու համապարփակ ու միացեալ պատմական համաձայնութենէն, Եւրոպայի եւ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները խանգարեց, իսկ հիմա` Հելսինքիի վեհաժողովէն քանի մը օր ետք կը դրժէ Փութինի ներկայութեան եւ յաչս արար աշխարհին իր կատարած յայտարարութիւնը, եւ այս բոլորը` իր երկրին շահերը պաշտպանելու պիտակին տակ: Այս բոլորը չեն կրնար նպաստել անոր վարկին:

Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ընդհանրապէս քաղաքականութեան մէջ անկանխատեսելիութիւնը նկարագրային շատ վտանգաւոր գիծ մըն է, առաւել եւս` անվստահելիութիւնը: Որքան աւելի վտանգաւոր է, երբ այդ երկու ժխտական գիծերը միախառնուած ըլլան մէկ անձի մէջ: Պոլիվիոյ նախագահը Թրամփը կոչեց «մարդկութեան եւ Երկիր մոլորակի թշնամի»: Այդ որակումը թերեւս չափազանցութիւն մըն է, սակայն յստակ է, թէ աշխարհի միակ գերտէրութեան ղեկավարին նկարագրային այդ գիծերը խիստ մտահոգիչ են եւ չեն նպաստեր Թրամփի նախագահական նստաշրջանի վերջին 2 տարիներու ընթացքին կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ 2020-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին դարձեալ թեկնածու առաջադրուելու անոր մտադրութիւնը կը ներկեն լուրջ վտանգի մը վառ գոյներով:

aztagdaily.com/archives/401769

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail