21 ՅՈՒԼԻՍ 2018 – ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ:
– ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիական պատերազմին հետ կապուած զինուորական ուժերու տեղաբաշխման գործընթացը կը յուշէ ուրուագծուող ազդեցութեան գօտիներու աշխարհագրական սահմանագծումներու ընդհանուր պատկերի մը մասին: Այս տեղաշարժերը սկսած են աւելիով առարկայանալ Թրամփ-Փութին հելսինքեան հանդիպումէն ետք:
Եթէ նկատի ունենանք Անգարան շահագրգռած ազդեցութեան գօտիները, կը կեդրոնանանք հետեւեալ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ Անգարայի կատարած հրապարակային յայտարարութիւններուն վրայ:
Վերջերս, Մընպեժի զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, թէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու վերջին խումբը, «մարզումի եւ զինուորական պատրաստութեան իր առաքելութիւնը աւարտելէն ետք», Միջազգային ուժերուն հետ համաձայնաբար քաղաքէն դուրս եկած է:
«Այս քայլը համահունչ է իր սահմաններուն մօտիկ շրջաններէն անոր հեռացման թրքական պահանջին», նշեց խորհուրդը:
Սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով այդ յայտարարութեան, նշեց. «Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու սուրիական Մընպեժէն ամբողջական հեռացման մասին լուրերը չափազանցուած են»:
Քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտնեց, որ Թուրքիան բնաւ չ՛ուզեր Արեւելեան Ղութայի, հիւսիսային Հոմսի եւ ներկայիս Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքի դիպաշարերուն կրկնութիւնը Իտլիպի նահանգին մէջ եւ կ՛աւելցնէր, որ Տարաայի եւ Քնէյթրայի նահանգներուն մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիին դէմ սուրիական վարչակարգի յարձակումներուն պատճառով շարք մը անմեղներ սպաննուած էին եւ հարիւր հազարաւորներ տեղահանուած:
Անգարան բուռն կերպով կը դատապարտէր այդ յարձակումները, որոնք կը վնասէին Ասթանայի եւ Ժընեւի մէջ գետնի վրայ բռնարարքները դադրեցնելու եւ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու համար շարունակուող բանակցութիւններուն:
Ըստ Անգարայի, սուրիական վարչակարգը կը փորձէ խնդիրը լուծել զինուորական միջոցներով, սակայն Սուրիոյ մէջ այս միջոցով կարելի չէ օրինական իշխանութիւն հաստատել` աւելցնելով, որ Թուրքիան բացարձակապէս չ՛ուզեր Արեւելեան Ղութայի եւ հիւսիսային Հոմսի մէջ տեղի ունեցած եւ այժմ Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքին մէջ տեղի ունեցող դիպաշարին Իտլիպի մէջ կրկնութիւն` յիշեցնելով 14 յուլիսին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Էրտողանի կատարած այն զգուշացումը, որ Սուրիոյ վարչակարգին կողմէ Իտլիպի դէմ շղթայազերծելիք յարձակումը Ասթանայի համաձայնութեան խախտում մը պիտի ըլլայ:
Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանը կը յայտարարէր, որ Հարաւային Սուրիոյ մէջ զինեալներուն գոյութեան վերջ տալու խնդիրը օրերու հարց է: Մինչ, Իտլիպի հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ պաշարումի տակ գտնուող Ֆուղա եւ Քեֆրայա գիւղերու բնակչութեան դուրս բերման գործողութիւնը կը հասնէր իր աւարտին:
Երկու ուղղութիւններուն վրայ կան տեղաշարժեր: Եթէ առաջինը կը վերաբերի քիւրտ զինեալներուն, որոնց հետ նաեւ որոշ առումով քիւրտ ազգաբնակչութեան, երկրորդի պարագային բնակչային տեղաշարժ, եթէ ոչ` տեղահանութիւն: Ի վերջոյ պաշարումի ենթարկելէ ետք, ապաշրջափակելը համազօր է ըստ էութեան տեղահանութեան:
Առաջին ուղղութիւնը սերտօրէն կապուած է քրտական գործօնին հետ: Այստեղ արդէն Անգարան, երբ կը յայտարարէ, որ Մընպեժի պարագային ամբողջականօրէն չէ իրականացած քիւրտ զինեալներու հեռացումը, ատիկա կը նշանակէ, որ Թուրքիան իբրեւ զինուորական ներկայութիւն տակաւին դեր ունի կատարելիք:
Երկրորդ ուղղութիւնը տեսքով թուրք-սուրիական հակամարտութեան կը վերաբերի, սակայն ուղերձը ուղղուած է Մոսկուային: Կը մէջբերուին Ասթանայի համաձայնութիւնները, եւ կ՛ընդգծուի անոնցմէ խախտում չարձանագրելու համակողմանի յանձնառութիւնը:
Հարաւային Սուրիայէն զինեալներու հեռացումի ռուսական հաւաստիացումը մտածել կու տայ հելսինքեան հանդիպումին կայացած պայմանաւորուածութեան մը մասին: Պայմանաւորուածութեան յայտնաբար կը ներառուի Անգարան. բայց ոչ Թեհրանը: Իսկ Իրանը այն երկիրն է, որ արագօրէն տեղի չի տար զինք չէզոքացնելու միտող այս կամ այն գերտէրութեան ծրագիրին:
aztagdaily.com/archives/401990