Խմբագրական. Համաթրքական Ազգայնականութիւնը` Խորքային Պետութեան Հիմնական Բաղադրիչը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ:

26 ՅՈՒՆԻՍ 2018 – ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ –:

Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները վերլուծական մեկնաբանութիւններու հարուստ գրականութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ կը զարգանան:

Համաշխարհային լրատուադաշտը լուսարձակներ կը կեդրոնացնէ յատկապէս էրտողանական Թուրքիոյ տարածաշրջանայինէն դէպի համաշխարհային խաղցողի անցում կատարելու յայտարարութիւններու գործնական կարելիութիւնները տեսնելու ուղղութեամբ:

Քանի մը դիտարժան կէտեր յամենայն դէպս արդիւնքներու անմիջականութեամբ եւ հեռանկարային ուրուագծումի փորձերով կարելի է արձանագրել:

Համեմատական տրամաբանութիւնը կարեւոր է այն առումով, որ վերջին նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն բաղդատմամբ Էրտողանը ձեռք ձգած է տոկոսային առաւելութիւն, մինչ իր ղեկավարած կուսակցութիւնը նախկին խորհրդարանական համեմատութիւններու առումով` տոկոսային յետընթաց:

Նախագահի անձին յառաջընթացն ու իր ղեկավարած կուսակցութեան յետընթացը իրենց տարբեր բացատրութիւնները կրնան ունենալ: Այստեղ կան տնտեսական իրավիճակի նահանջի, թրքական թղթոսկիի արժեզրկման միտումներու եւ անոնց հետ կապուած ընկերային տագնապի ու ժողովրդային դրսեւորումներու իրականութիւնները, միւս կողմէ` նախագահ Էրտողանի ազգայնա-իսլամական առանցքներու վրայ կատարած յոխորտանքները` Թուրքիան աշխարհի հզօրագոյն տասը երկիրներու ցանկին մէջ ներառելու:
Ճիշդ այստեղ պէտք է նկատել անպայման համաթրքական-ազգայնամոլական կուսակցութեան երկփեղկումի երեւոյթը ընտրութիւններու նախօրեակին եւ անոր մէկ հատուածին ներգրաւումը Էրտողանի կուսակցութեան իսկ միւս հատուածին` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կազմած դաշինքներուն մէջ:

Ծրագրուած-բեմականացուած թէ՞ իրողական այս երկփեղկումին արդիւնքը այն է, որ երկրի երկու գլխաւոր խորհրդարանական յենասիւները կազմուած են համաթրքական գաղափարախօսութեան ազգայնամոլական տարրերէ, որոնք ձեւով մը կարծէք նախկին զինուորական յատկանիշով բնութագրուող Թուրքիոյ խորքային պետութեան դերը կը կատարեն:

Ազգայնական հատուածին հետ ընտրական դաշինք կազմած Էրտողանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրած է ետքայլ: Մինչ, ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, աւելի ծանօթ` քրտամէտ կուսակցութիւնը, հակառակ իր դէմ կիրարկուած ամենախիստ ճնշամիջոցներուն, ձերբակալութիւններուն եւ բանտարկութիւններուն, յաջողած է յաղթահարել անցողիկ շեմը եւ դարձեալ բաղդատմամբ նախորդ ընտրութիւններուն արձանագրել տոկոսային փոքր առաւել:

Կը թուի, որ հասարակական բեւեռացումը ըստ էութեան ազգայնական իսլամականութեան եւ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ ընդհանրապէս քաղաքացիական հասարակութեան իրաւունքներու պաշտպանութեամբ հանդէս եկող ուժերուն միջեւ պիտի ձեւաւորուի:

Ազգայնամոլական տարրը այսօր ներգրաւուած է թէ՛ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ թէ՛ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւններուն մէջ: Ընդհանուր յայտարարը երկու մեծագոյն կուսակցութիւններուն միջեւ համաթրքական ազգայնականութիւնն է, որուն գաղափարախօսութիւնը ըստ էութեան շարժիչ գործօնն է պաշտօնական Անգարային եւ նոր սուլթանի կամ վերափոխուած Աթաթիւրքի ծրագիրները իրականացնելու համար:

aztagdaily.com/archives/398379

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail