«Հին Հայաստանը Թուրքիոյ մէջ կ’անհետանայ». Չեխական թերթը Թուրքիոյ մէջ հայկական ժառանգութեան մասին

Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=

18 ՅՈՒՆԻՍ 2018 – – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ԱՅՍՕՐ – ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:

Չեխական ՄՖ Դնես ազդեցիկ օրաթերթ 15 Յունիսի թիւնին մէջ տպագրած էխմբագիրՄիլատա Պրոկոպովայի հարցազրոյցը արուեստի պատմաբան, ԲռնոյիՄասարիկի անուան համալսարանի Վաղ միջնադարեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Իւան Ֆոլետտիի հետ հարցազրոյցը, ուր պատմաբանը ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնէ Թուրքիոյ մէջ հայկականժառանգութեան ոչնչացման փաստը։

«Հին Հայաստանը Թուրքիոյ մէջ կ’անհետանայ» խորագրի եւ «Սա մշակութային ցեղասպանութիւն է» վերնագրի ներքոյ չեխական օրաթերթը մանրամասն կ’անդրադառնայէ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ մէջ սկսած հայկական մշակոյթի ոչնչացման քաղաքականութեան։ Ըստ Ֆոլետտիի կը շարունակուի 1.5 միլիոն հայերու ոչնչացման քաղաքականութիւնը՝ այս անգամ՝ մշակութային ժառանգութեան։

Հրապարակման առաջին իսկ նախադասութեան մէջ կը նշուի, որ միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք Անիի մէջ, ուր 11-րդ դարուն 100 հազար մարդ ապրած է, լրատուական վահանակներու վրայ հայերու մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ։ Այդ տարածքի մէջ հայ ժողովուրդի ձգած ժառանգութիւնը այսօր անհետացման ու մոռացման վտանգի տակ է։

Պատմաբանի կարծիքով, այդ ժառանգութիւնը փրկելու միակ ճանապարհը երկու թշնամի ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւն սկսելու փորձն է, որ կրնայ կանխել այդ ոչնչացումը։

Դասախօս պատմաբանը կը խօսի նաեւ Հայկական Մարմաշէն եկեղեցւոյ մասին, Սեւանի եկեղեցիներու, որոնք լաւ պահպանուած են, ի տարբերութիւն թրքական կողմի հայկական եկեղեցիներուն, որոնց ոչ միայն հայերէն գրութիւնները կը վերացնեն, այլեւ հայ թագաւորներու եւ այլոց գերեզմանները կը քանդեն եւ ուր ամէն քայլափոխի մարդկային ոսկորներու կը հանդիպիս։ Օրինակ՝ Խծկոնքի վանքային համալիրի 5 եկեղեցիներէն այսօր կանգուն մնացած է միայն մէկը՝ Սուրբ Սարգիսը։ Այդ հրաշագեղ եկեղեցական համալիրէն այսօր փլատակներ մնացած են՝ 1962 թուականին պայթացուելէն ետք։

Պատմաբանը այն կարծիքին է, որ Հայաստան եղած է մշակոյթներու խաչմերուկ, իսկ երբ վրայ է հասել ազգայնականութիւնը, վնասած է այդ բոլորը։

Վերջին 5 տարիներու ընթացքում մօտ 30 չեխ ուսանողներ գացած են Հայաստանում եւ Թուրքիոյ հայկական շրջաններու մէջ, ուսումնասիրած են հայկական յուշարձանները, լուսանկարած եւ արխիւացուցած են։ Այժմ կ’երազեն ֆիլմ մը նկարահանել այդ մասին, եւ նաեւ Հայաստանէն երթալ Անի այն ճանապարհով, որ 11-րդ դարուն անցած են հայ, թուրք եւ այլ ազգի առեւտրականները, քանի որ Հայաստան այն տարիներուն համարուած է մշակութային խաչմերուկ։

Իւան Ֆոլետտիի կարծիքով, ,,Թրքական Հայաստանը» եղած է հրաշալի վայր մը, ուր հանդիպած են համաշխարհային մշակոյթները, իսկ այժմ այնտեղ երկաթէ վարագոյր է։ Իսկ որպէսզի այդ վարագոյրը իյնայ, ինչը ամենացաւոտն է, պէտք է փնտռել հաշտեցման ճանապարհը։ Իւան Ֆոլետտիի ցանկութիւնն է ապրիլ այնքան, որ տեսնէ թէ ինչպէս հայերը հանգիստ կ’երթան Արարատի մօտ, եթէ նոյնիսկ պաշտօնապէս այն իրենց երկրի մէջ չըլլայ։

Իւան Ֆոլետտին չեխ-զուիցերական ընտանիքէ է, ուսանած է Լոզան, Իտալիա եւ Մոսկուա, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ մէջ։

2011 թուականէն կը դասաւանդէ Բռնոյի Մասարիկի անուան համալսարանէն ներս։ Արդէն 5 տարի է իր ուսանողներուն հետ կը քարտէզագրէ Անդրկովկասի 9-12-րդ դարերու յուշարձանները, յատկապէս Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հին Հայաստանի յուշարձանները։

Յիշեցնենք, որ Իւան Ֆոլետտիի նախաձեռնութեամբ Մայիս 10-ին Բռնոյի Սկալա թատրոնէն ներս տեղի ունեցած է «Մշակոյթ եւ ցեղասպանութիւն. Յիշողութիւն եւ գեղեցկութիւն» խորագրով ձեռնարկը, որուն ընթացքում ցուցադրուել են նաեւ հայկական ճարտարպետութեան ու յուշարձաններուն նուիրուած ֆիլմեր, կազմակերպիչները պատասխանած են ներկաներու հարցերուն։

Յ.Ասատրեան / ՕՐԵՐ
www.yerakouyn.com/?p=156291

akunq.net/am/?p=60724

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail